ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 102-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

Մեծն Ուաշինկթընի հայութիւնը, իր կարգին նշեց հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակը: Երեք հարիւրի շուրջ հայորդիներ մասնակցեցան խաղաղ ցոյցի մը՝ Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց: Լոզունքներով եւ պաստառներով, ցուցարարները պահանջեցին ճանաչում եւ հատուցում: