ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԼՂՀ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐ ՆԱՐԻՆԷ ԱՂԱՊԱԼԵԱՆԻ ՀԵՏ

Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպանութեան եւ Յոյն-Հայ բարեկամութեան միութեան հրաւէրով, Աթէնք կ’այցելէ ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդական հարցերու նախարար Նարինէ Աղապալեանը, որ ելոյթ պիտի ունենայ վաղը Չորեքշաբթի 26 Փետրուար 2014ին, Արցախին նուիրուած կլոր սեղանի զրոյցի մը։

Նախարարուհիի այցելութեան բարեպատեհ առիթով, ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբը ժողովրդային հանդիպում մը կազմակերպեց երէկ, Երկուշաբթի 24 Փետրուարի երեկոյեան, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Աւետիքեան» սրահէն ներս։

Հաւաքոյթին բացումը կատարեց ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամ ընկ. Ալիս Ֆարաճեան, ողջունելով հիւր նախարարուհին եւ անդրադառնալով իր այցելութեան դրդապատճառին։ Ընկ. նախագահուհին «Արցախը մեր հոգեհատորն է, իսկ մշակոյթը, հայկական մշակոյթը, դրամագլուխ մը, որ կոչուած է դիմադրելու վայրագութեան, հոգւոյ պաշարներու ճամբով» խօսքերով արտայայտուեցաւ, ծանրանալով մշակոյթի առաջնորդող դերակատարութեան, մարդոց կեանքին մէջ։ «Մշակոյթը խաղաղութեան մէջ է որ կը ծաղկի, սակայն կրնայ նաեւ առաջնորդել խաղաղութեան, որովհետեւ աւելի տոկուն է վայրագութենէն» ըսաւ ան, հարցականներ յարուցելով թէ «կա՞յ արդեօք յագեցած մշակոյթ հասկացողութիւնը, կամ հարկ է վերանորոգել մշակոյթը, վերամշակել, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել անոր յաւերժացումը» ը- սաւ նախագահուհին, խօսքը փոխանցելով օրուայ հիւրին։
Նշենք, որ նախքան ձեռնարկի բացումը ցուցադրուեցաւ երիզ մը, որ կ’անդրադառնար Արցախի հնութիւններուն, պատմական հանգրուաններուն, ազատագրումին եւ ներկայի պայմաններուն։
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն եպս. Տողրամաճեան, Հոգշ. Տ. Յովհաննէս աբղ. Սաղտըճեան, Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան եւ Տ. Հրայր քհնյ. Նիկոլեան հոգեւոր հայրերը, ՀՀ դեսպանորդ պրն. Մինաս Մարտիկեան, Յունահայոց Ազգային Վարչութեան, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի, Հայ Կապոյտ Խաչի, Համազգայինի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան ներկայացուցիչներ։
Օրուայ հիւրը անդրադարձաւ հինէն ի վեր իր ծանօթութեան յունահայ գաղութին հետ, երբ ան առաջին անգամ այցելեց Յունաստան, Սիրոսի մէջ ամէն ամառ հիւրընկալուող Արցախի պատանիներու խնամատարական ծրագրին մասնակցելով։ Ան խորապէս գնահատեց ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի ընկերները, որոնք ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն իւրաքանչիւր տարի իրագործելու համար տուեալ ծրագիրը, որ մեծ ուրախութիւն եւ փորձառութիւն կը փոխանցէ Արցախի մատղաշ սերունդին։
Նարինէ Աղապալեանը խօսեցաւ Արցախի բնակչութեան դիմագրաւած ընկերա-տնտեսական հարցերուն մասին, խորանալով յատկապէս երիտասարդութեան ուսումի եւ դաստիարակութեան, ապա աշխատանքով ապահովուելու բնական հանգրուաններուն, պարզ ու հաղորդակցական ոճով ներկաներուն պարզելով Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը։
Ներկայացնելով մշակոյթի բնագաւառէն ներս կատարուած ձեռքբերումներն եւ ապագայի հնարաւորութիւններն ու ծրագիրները, յատուկ նշեց ճիգը որ կը կատարուի, որպէսզի իւրաքանչիւր հեռաւոր գիւղ նոյնիսկ՝ զուրկ չմնայ մշակոյթի բնագաւառէն ներս մատուցուած ծառայութիւններէ։ Ան անդրադարձաւ նաեւ ապագայի հեռանկարներուն, յատուկ կարեւորելով Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի դերակատարութիւնը, որ տարիներու ընթացքին մեծ ներդրումներ յաջողած է կատարել Արցախի ժողովուրդի պայմաններու բարելաւման, երկրի ապահովութեան նպաստող ծրագիրներու եւ իրագործուած նախաձեռնութիւններուն ընդմէջէն։
Ներկաներու հարցումներուն պատասխանելով, տիկին նախարարուհին, առիթը ունեցաւ յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցելու բանակի պատրաստուածութեան, բնակչութեան թիւի, աշխատանքի պայմաններու, գործազրկութեան չափանիշերու, վերաբնակեցման ծրագրի, ԼՂՀ տնտեսական զարգացման առընչուած տարբեր-տարբեր հարցերու։
Հաւաքոյթի աւարտին ներկաներէն շատեր սրահ մնացին, շարունակելով իրենց զրոյցը նախարարուհիին հետ, որ ամենայն պատրաստակամութեան ու տրամադրուածութեամբ գոհացուց հարցադրումները, որ միշտ կը ծագին, Արցախի պետութեան ներկայացուցիչներու եւ ժողովուրդին հետ շփման իւրաքանչիւր առիթի։