(ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹ) Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններուն 25-ամեակին առիթով Հայաստանի մէջ «Վանայ ձայն»-ին կատարած հարցազրոյցներու ծիրին մէջ կը ներկայացնենք ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանին հետ տեղի ունեցած հարցազրոյցը` Հայ դատի աշխատանքներուն, Արցախի քառօրեայ պատերազմին եւ Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն մասին:
Հարցազրոյցը վարեց` Րաֆֆի Տեմիրճեան:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ամփոփենք Հայ դատի աշխատանքները Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման 100-ամեակէն ետք:
ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԵԱՆ.- Հայ դատի յանձնախումբերու, Հայ դատի համակարգի աշխատանքները Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակէն ետք քանի մը ուղղութիւններով ընթացան: Այդ ուղղութիւններէն մէկը Ցեղասպանութեան ճանաչման հետ կ՛առնչուի. Հայ դատի յանձնախումբերը աշխատանք կը ծաւալեն յատկապէս այն երկիրներուն մէջ, ուր տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում. օրինակ` աշխատանք կը տարուի ժխտումը քրէականացնող օրէնք որդեգրել տալ, ուր որ հնարաւոր է անշուշտ, կամ` դպրոցական դասագիրքերու ծրագիրներուն մէջ ներառել Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդումը:
Յանձնախումբերը կը շարունակեն իրենց աշխատանքը` հատուցման թղթածրարի մշակման ուղղութեամբ: Դաշնակցութեան ճիգը իրականութեան մէջ այն է, որ այդ աշխատանքը ո՛չ միայն առանձին կազմակերպութեան մը կողմէ ըլլայ, թէեւ այդ ուղղութեամբ մենք նախաձեռնութիւններ կատարած ենք եւ տակաւին պիտի կատարենք, այլ նաեւ անհրաժեշտ է, որ այդ աշխատանքը համադրուի բոլոր այն կառոյցներուն միջեւ, որոնք կը զբաղին այս հարցով: Այս մասին տարբեր առիթներով մեր կեցուածքը յայտարարած ենք. հիմնականը այն է, որ չտարուին ուրիշներու նախաձեռնութիւններուն վնասող աշխատանքներ: Այս պարագային խօսքը կը վերաբերի դատական նախաձեռնութիւններուն եւ ապագայի քաղաքական բանակցութիւններուն, այսինքն Միացեալ Նահանգներուն մէջ բաւական վատ փորձ ունինք ապահովագրական ընկերութիւններու դէմ ապահովագրական ընկերութիւններու յաճախորդներու ժառանգներու դատական գործերուն վերաբերեալ, որուն շնորհիւ` մօտաւորապէս 4000-4500 հոգի ընդունուեցան որպէս ժառանգորդներ այդ ապահովագրական ընկերութիւններու յաճախորդներուն եւ ուղղակիօրէն ստացան որեւէ հատուցում առանց այդ հարցը Ցեղասպանութեան հետ կապելու, իսկ միւս կողմէ` դժգոհ մնացին մօտաւորապէս նոյնքան անձեր, որոնք նոյնպէս ունէին փաստեր, տուեալներ, փաստաթուղթեր, որոնցմով դիմած էին` ընդունուելու որպէս իրաւաժառանգորդ, սակայն չընդունուեցան եւ նոր քայլեր առնելու կարելիութիւն ալ չունեցան: Մեր մտահոգութիւնը այն է, որ պէտք չէ հատուցման ուղղութեամբ առնուին այնպիսի քայլեր, որոնք կը խանգարեն ուրիշներու իրաւունքներուն ձեռքբերումը: Ուրեմն պէտք է ըսել, որ ընդհանուր հայեցակարգը արդէն հրապարակուած է 2015-ի ապրիլին: Բնագիրը անգլերէն է, որովհետեւ մասնագէտներուն մէջ ոչ հայեր կային:
Հետեւաբար ամբողջականը թարգմանուած է հայերէնի եւ սպաներէնի, իսկ ներածութիւնը եւ ամփոփագիրը, որոնք մասամբ հրապարակուած են եւ հրապարակման ընթացքի մէջ են, թարգմանուած են` լեհերէնի, ֆրանսերէնի, արաբերէնի, թրքերէնի: Կայ ծրագիր, որ անոնք թարգմանուին բազմաթիւ լեզուներու, որպէսզի հայութեան ակնկալիքները կարելի եղածին չափ մատչելի դառնան միջազգային հանրութեան: Ճիշդ է, որ այս ամէնը մէկ խումբի մօտեցում է եւ տակաւին համահայկական համախոհութեան չէ արժանացած, բայց արդէն այդ փաստաթուղթի շուրջ քննարկումները բաւական բարձր մակարդակի վրայ կը դնեն հայկական պահանջատիրութիւնը, այսինքն այնպէս չըլլայ, որ ճանաչումով հայութիւնը բաւարարուի:
Հայ դատի միւս աշխատանքները բնականաբար կը շարունակուին Արցախի, Ջաւախքի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերաբերող որոշ հարցերով: Անցած են արդէն այն ժամանակները, երբ կար պատկերացում, որ Հայ դատ ըսելով` ոմանք հասկնային, թէ խօսքը կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան կամ լաւագոյն պարագային` Թուրքայէն մեր հողային պահանջներուն:
Հ.- Հայ դատի յանձնախումբերը Արցախի քառօրեայ պատերազմի առնչութեամբ ի՞նչ ըրին:
Կ. Մ.- Հայ դատի յանձնախումբերը քանի մը աշխատանք տարին: Նախ պէտք է ըսել, որ մինչեւ քառօրեայ պատերազմը` Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբին կողմէ կար նախաձեռնութիւն, որ միջազգային հանրութիւնը աւելի խիստ մօտեցում ցուցաբերէ Ազրպէյճան-Ղարաբաղ սահմանին վրայ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն նկատմամբ եւ ճշդէ, թէ ո՛վ է մեղաւորը 1994-1995 թուականի զինադադարը խախտելուն: Այդ նախաձեռնութիւնը արդէն կատարուած էր, երբ տեղի ունեցան ապրիլեան դէպքերը, եւ որոնք առիթ հանդիսացան, որ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը աւելի աշխուժօրէն այդ հարցը բարձրացնէ եւ հետապնդէ: Միւս կողմէն` Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբը աշխատանք տարաւ եւ յաջողեցաւ ստեղծել հայանպաստ տրամադրութիւն, յատկապէս Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, ուր պարզ էր, որ զինադադարի խախտումը կատարուած էր Ազրպէյճանի կողմէ:
Հայ դատի Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հայ դատի Մոսկուայի գրասենեակները իրենց կարգին աւելի մեծ քարոզչական աշխատանք տարին ռուսական լրատուամիջոցներով եւ Միջին Արեւելքի, յատկապէս` արաբալեզու եւ ոչ արաբալեզու, բայց տարածաշրջանով զբաղող լրատրուամիջոցներով: Տակաւին չեմ խօսիր տեղական մեր լրատուամիջոցներուն եւ տեղական յանձնախումբերուն կողմէ կատարուած աշխատաքներուն մասին: Հիմնականը այլեւս այդ քառօրեան չէ, այլ աւելին, օրինակ` Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբը աշխուժօրէն սկսած է աշխատանք տանիլ Մատրիտեան սկզբունքներուն դէմ, որոնք ժամանակի ընթացքին տարբեր անուանումներ ունեցան եւ տարբեր առիթներով անդրադարձ եղաւ անոնց, բայց իրականութեան մէջ բոլորն ալ նոյնն են` տարբեր շեշտադրումներով հաւանաբար: Յանձնախումբը այս աշխատանքով կ՛արտայայտէ նաեւ Դաշնակցութեան կեցուածքը, որ կ՛ըսէ, թէ նման մօտեցումները չեն կրնար ընդունելի ըլլալ, որովհետեւ անոնք կ՛անտեսեն որոշ փաստեր. 1988 թուականին եթէ առաջարկուած ըլլային այդպիսի մօտեցումներ, հաւանաբար բոլորս ալ ընդունէինք, բայց 1988-էն ետք Ազրպէյճան սանձազերծեց եւ կորսնցուց պատերազմը, որ ունեցաւ այն հետեւանքները, որոնք այսօր փաստ են: Ուրեմն իմաստ չունի անտեսել այս բոլորը եւ փորձել այսպէս հատուցել Ազրպէյճանին իր սկսած, բայց կորսնցուցած պատերազմին համար: Ահա այս ուղղութեամբ Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբը մեծ աշխատանք կը տանի: Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբը իր հերթին կը շարունակէ այն աշխատանքները, որոնք անուղղակիօրէն կ՛առնչուին Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման: Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբը Պրիւքսելի իր գրասենեակով կազմակերպեց եւ իրականացուց Լեռնային Ղարաբաղի նախագահին այցելութիւնը Պելճիքա, ուր տեղի ունեցան նաեւ քաղաքական հանդիպումներ: Յանձնախումբը կը շարունակէ իր աշխատանքները Արցախ բերելու ե՛ւ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներ, ե՛ւ Եւրոպական Միութեան անդամ առանձին երկիրներու խորհրդարաններու պատգամաւորներ, ինչ որ կը նպաստէ Լեռնային Ղարաբաղի առնուազն անուղղակի ճանաչման եւ առաւել հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ տարբեր նախաձեռնութիւններու, որոնք տակաւին տեղի պիտի ունենան այս տարուան յառաջիկայ ամիսներուն: Աշխատանք կը տարուի նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը Եւրոպայի մէջ կապեր ունենայ ակադեմական եւ տնտեսական շրջանակներու հետ: Բնական է, որ իւրաքանչիւր Հայ դատի յանձնախումբ կամ Հայ դատի գրասենեակ կարենայ իր աշխատանքները յարմարեցնել իր աշխատած գործելադաշտի պայմաններուն եւ ըստ այնմ զանոնք իրականացնէ:
Հ.- Հայաստանի վերջին հարցերը որքանո՞վ ազդեցին եւ պիտի ազդեն Հայ դատի աշխատանքներուն:
Կ. Մ.- Կը կարծեմ, որ կախեալ է նաեւ մեզմէ, թէ մենք ինչպէ՛ս կը գործածենք այդ իրադարձութիւններու արձագանգը: Այդ դէպքերը որոշ չափով բացասական արձագանգ ունեցան յատկապէս Թուրքիոյ յեղաշրջումի փորձէն անմիջապէս ետք: Այնպէս ներկայացուեցաւ, որ կարծէք Հայաստանի մէջ ալ յեղաշրջումի փորձ կ՛ըլլար, մինչդեռ իրականութիւնը այդպէս չէր: Ես կ՛ըսեմ նաեւ, որ ոստիկանութեան պահուածքն ալ որոշ դէպքերու պարագային բացասական էր` նկատի ունենալով միջազգային հանրութեան կեցուածքը նման երեւոյթներու նկատմամբ: Բարեբախտաբար քիչ արիւնահեղութեամբ վերջացան դէպքերը, որոնց զոհ գացին երեք ոստիկաններ, բայց շատ աւելի վատ կրնար ըլլալ, եւ այս մէկը դրական համայնապատկեր ստեղծեց ժողովուրդին մէջ:
Հայ դատի յանձնախումբերուն համար արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ կարեւոր է շեշտել այն դժգոհութիւնը, որ առկայ է Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդներուն քով, մատրիտեան, քազանեան հիմնարար սկզբունքներուն դէմ, կամ ինչ անուն որ ունին: Ժողովուրդը դէմ ելաւ միջնորդներու ներկայացուցածին, անկախ այն բանէն, միւս գործողութեան կը համակրէի՞ն, թէ՞ չէին համակրեր. որ բայց ընդհանուր դժգոհութիւնը արտայայտուեցաւ եւ կը շարունակուի արտայայտուիլ: Ասիկա Հայ դատի յանձնախումբերուն համար կարեւոր ատաղձ է` գործածելու արտաքին յայաբերութիւններուն մէջ, թէ այս առաջարկները հայութեան համար, Հայաստանի կամ Արցախի հանրապետութիւններուն մէջ ապրող հայութեան համար ընդունելի մօտեցումներ չեն:
Հ.- Այս հարցերուն գծով թրքական եւ ազրպէյճանական անդրադարձը ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէք:
Կ. Մ.- Եթէ խօսքը կը վերաբերի յուլիսեան դէպքերուն, կրնամ ըսել, թէ Թուրքիոյ իրադարձութիւններուն պատճառով ուղղակի անդրադարձ չեղաւ, որովհետեւ Թուրքիոյ մէջ իրադարձութիւնները շատ աւելի մեծ էին. խօսքը ո՛չ միայն յուլիս 15-ին ձախողած փորձին մասին է, այլ նաեւ` մինչեւ այսօր շարունակուող իրական յեղաշրջման փորձին: Իշխանութիւնները արտակարգ իրավիճակ յայտարարելով` այնպիսի քայլերու կը ձեռնարկեն, որ աներեւակայելի է` Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալու թեկնածու բանակցութիւններ վարող պետութեան մը մէջ տեղի ունենան. երեւակայեցէք` 60 հազար մարդ բերման ենթարկուած է եւ 20 հազարը` ձերբակալուած:
Բանտերը պարպելու համար դատապարտուած քրէական յանցագործները ներում պիտի ստանան, որպէսզի տեղաւորուին այն ձերբակալուածները, որոնք չեն դատապարտուած: Միւս կողմէ` խոցելի է ակադեմականներու ձերբակալութիւնը, հարիւրաւոր լրատուամիջոցներու փակումը. մէկ խօսքով, այս ամբողջ մթնոլորտին մէջ Հայաստանի իրադարձութիւններուն բարեբախտաբար ո՛չ Թուրքիան, ո՛չ Ազրպէյճանը ուղղակի անդրադարձան: Ազրպէյճանը կը փորձէր յարմար առիթ գտնել, որպէսզի շահագործէր սահմանը, բայց Հայաստանի եւ Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակին եւ ընդհանրապէս մեր հասարակութեան կեցուածքները միասնական էին: Թէեւ կարելի է ըսել, որ մթնոլորտը դժբախտաբար ինչ-որ տեղ խանգարուած էր, բայց կեցուածքը նոյնն էր. այսինքն` հասարակութիւնը չի հանդուրժեր Ազրպէյճանի կողմէ որեւէ նախաձեռնութիւն: Ազրպէյճանն ալ բարեբախտաբար չկրցաւ օգտուիլ այդ հաւանական հնարաւորութիւններէն, որովհետեւ ունի իր խնդիրները: Ան կը պատրաստուի սահմանադրական փոփոխութիւններու` ապահովելու համար կա՛մ Ալիեւի գահակալութիւնը, կա՛մ երաշխաւորելու անոր զաւակին գահ բարձրանալու հնարաւորութիւնը. այսինքն սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւնները կը ներառեն նաեւ այնպիսի դրոյթ, որ եթէ առաջ 35 տարեկան քաղաքացին կրնար նախագահի թեկնածու ըլլալ, հիմա քուէարկութեան իրաւունք ունեցող որեւէ քաղաքացի կրնայ թեկնածու ըլլայ:
Ամէն պարագայի չենք կրնար ըսել, որ այդ դէպքերը չբարդացուցին ընդհանրապէս Հայաստանի գործերը: Հայաստանի ներքին որոշ հարցեր աւելի ձգձգուեցան, յետաձգուեցան, եւ տակաւին այդ դէպքին հետ կապուած որոշ խնդիրներ իրենց ընթացքը կը ստանան: Այս չի նշանակեր, որ Հայաստանի մէջ չկայ դժգորհութիւն, ո՛չ, դժգոհութիւնը համատարած է. Դաշնակցութիւնը հաստատած է այդ դժգոհութեան առկայութեան մասին, բայց միջոցն է, որ Դաշնակցութիւնը չէր ընդուներ, չէ ընդունած ու չ՛ընդունիր: Ինք գծած էր առնուազն իրեն համար այն ճանապարհը, որուն հետամուտ է` սկսած սահմանադրական փոփոխութիւններէն, այդ փոփոխութիւնները կեանքի կոչելէն, մինչեւ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններ, 2017-ի առաջին կիսուն, ուր իսկապէս ժողովուրդը հնարաւորութիւն կ՛ունենայ իր կամքը դրսեւորելու:
Հ.- Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան 25-ամեակը արդեօք յառաջիկայ փուլին առիթ պիտի հանդիսանա՞յ նոր թափով շարունակելու աշխատանքները, այսինքն ժողովրդային դրական մթնոլորտ ստեղծելու շարժառիթի պիտի վերածուի՞:
Կ. Մ.-Պարզապէս որովհետեւ 25-րդ տարեդարձն է, չի նշանակեր, որ ժողովուրդի դժգոհութիւնները մէկ կողմ կը դրուին: Տարեդարձները պէտք է առիթ ըլլան ե՛ւ Արցախի, ե՛ւ Հայաստանի հանրապետութիւններու իշխանութիւններուն համար, որպէսզի ականջալուր ըլլան ժողովուրդի դժգոհութիւններուն. այն, ինչ որ կարելի է անմիջապէս սրբագրել, պէտք է սրբագրեն, ինչ որ կարելի չէ անմիջապէս սրբագրել, առնուազն սկիզբ դնեն այդ փոփոխութիւններուն, որպէսզի ժողովուրդը ապագային նկատմամբ իսկապէս ունենայ յոյս, եւ տօնակատարութիւնը իմաստ ունենայ:
Հ.- Յոյս ունենալու առիթ կը տեսնէ՞ք:
Կ. Մ.- Եթէ ճիշդ քայլեր առնուին, յատկապէս` իշխանութիւններուն կողմէ, ես կ՛ըսէի, ընդհանրապէս` քաղաքական ուժերուն կողմէ, բնականաբար ժողովուրդը կը յուսադրուի, որովհետեւ 25 տարուան անկախութիւնը ճիշդ է, պատմութեան մէջ մեծ եւ երկար ժամանակաշրջան չէ, բայց առնուազն պատմական հայկական հողերու վրայ հազար տարուան մէջ առաջինն է, որուն համար ալ անշուշտ ունինք նշելու առիթ եւ նպատակ, բայց նախ այդ մթնոլորտը պէտք է կարելի ըլլայ ստեղծել:
Լուսանկար – Կիրօ Մանոյեան, Րաֆֆի Տեմիրճեան