ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ցաւակցագիր Մը Յղեց Իտալիոյ Կառավարութեան

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ, Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթիի ճամբով, Իտալիոյ կառավարութեան յղեց հետեւեալ ցաւակցական նամակը.

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Իտալիան հարուածած ուժգին երկրաշարժին պատճառով արձանագրուած զոհերուն համար իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ Իտալիոյ կառավարութեան ու ժողովուրդին:

Սգացողներուն, վիրաւորներուն եւ այս ողբերգութենէն ազդուած բոլոր մարդոց մասին կը մտածենք ու անոնց համար կ՛աղօթենք:

Կը խնդրենք ձեզմէ մեր խորին ցաւակցութիւնն ու զօրակցութիւնը փոխանցէք Իտալիոյ կառավարութեան ու ժողովուրդին: Այս դժուար ժամուն մեր մտածումները ձեզի, մասնաւորաբար զոհերուն ընտանիքներուն եւ անոնց հարազատներուն հետ են:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄԱՐՄԻՆ