ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ

(ԱԶԴԱՐԱՐ) Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերպ. Տէր Մասիս Ծ. Վրդ. Զուպույեան, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներու պատուիրակութեամբ, այցելեց Հ.Հ. Քուէյթի դեսպանատունը, նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, Պրն. Մանուէլ Բադէյեանի ժամանման առիթով: Պատուիրակութեան կը մասնակցէին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ. Տէր Արտակ Քհնյ. Քէհեաեան, Թեմիս Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ՝ Պրն. Յարութ Պետիրեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Պրն. Մունիր Դարբինեան, Եկեղեցւոյ Հիմնախնդրի Լուծման Մարմնի ատենապետ՝ Իշխան Անուշաւան Նազարեան, ՀՅԴ պատասխանատու կազմի ներկայացուցիչ՝ Պրն. Յակոբ Պետիրեան եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ Պրն. Արմէն Արմուճեան: Պրն. Դեսպանը, իր ազնիւ տիկինն ու Հիւպատոս՝ Պրն. Լեւոն Պետրոսեանը դիմաւորեցին պատուիրակութիւնը եւ հիւրընկալեցին դեսպանատան դահլիճին մէջ:
Ծանօթացման արարողութենէն ետք խօսք առաւ Պրն. Դեսպանը եւ փոխանցեց իր տպաւորութիւնները, որ լսած ու նախորդ իր այցելութեան տեսած էր Քուէյթի մասին: Գերպ. Հայր Սուրբը՝ Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի անունով, բարի գալուստ մաղթեց Պրն. Դեսպանին եւ իր համեստափայլ տիկնոջ՝ Տիկ. Լիլիթին, ապա շեշտեց դեսպանատուն ու համայնք ձեռք-ձեռքի, միասնաբար աշխատելու անհրաժեշտութեան մասին, ի նպաստ հայ ժողովուրդի ու հայրենիքի հզօրացման: Պրն. Յարութ Պետիրեան, բարի գալուստի իր խօսքէն ետք, ամփոփ պատկերացումը կատարեց Քուէյթի ազգային մարմիններու կառոյցին ու գործելաձեւին: Նոյնպէս պաշտօնական բարի գալուստի ու բարի միասնական ընթացքի խօսքեր արտասանեցին բոլոր ներկաները: Պաշտօնական բաժնէն ետք, տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրոյց, Քուէյթ-Հայաստան փոխ յարաբերութիւններուն եւ համայնքի ներկայ վիճակին ու կարիքներուն մասին, որու ընթացքին Պրն. Յակոբ Պետիրեան, մասնաւորեց Քուէյթ-Երեւան ուղղակի՝ առանց կանգ առի, օդանաւային գծի հաստատման կարեւորութիւնը, որ ոչ միայն հայութեան, այլ քուէյթցի եւ օտար շրջիկներու եւ յատկապէս տնտեսական ներածութեան աշխուժացման նպաստող հեռանկար է: Աւարտին պատուիրակութիւնը ունեցաւ յիշատակի նկար Պրն. Դեսպանին հետ: