#ARTSAKHSTRONG Telethon raises $112,175 from Armenian-Australian community [VIDEO]

(ARMENIA ONLINE) The #ARTSAKHSTRONG Telethon, held across Australia on Monday, 18th July 2016, raised $112,175 for the “Republic of Nagorno Karabakh Independence, Security and Peace Foundation” from the Armenian-Australian community.

The Telethon, which was a first for the Armenian-Australian community, was simulcast on Armenia TV via the Facebook Page of Armenia Media, Inc. and on Armenia Radio via 99.3FM in Sydney. It was organised, under the auspices of Australia’s Permanent Representative to the Republic of Nagorno Karabakh, Kaylar Michaelian, by the Armenian Revolutionary Federation – Australia, Hamazkaine, Homenetmen, Armenian Relief Society, the Armenian National Committee of Australia, Armenian Youth Federation of Australia and Armenia Media, Inc. with the active involvement of the entire Armenian-Australian community.

The event featured volunteers fielding calls from the Armenian Cultural Centre in Willoughby (Sydney) and the Armenian Centre in Springvale (Melbourne), as well as live interviews with the heads of all contributing organisations on Armenia Radio and on Armenia TV (Facebook) from Sydney and Melbourne.

Nora Sevagian and Nerses Baliozian expertly directed the Armenia TV Facebook coverage, while Azniv Ingilizian, Hovsep Kopoushian and Nishan Basmajian ran the Armenia Radio coverage.

In his interview, NKR Representative Michaelian passed on the gratitude of the Artsakh government to the Armenian-Australian community.

“The financial contributions of our community will go a long way to helping secure Artsakh and the people of Artsakh, who face a constant threat to their rights to self-determination by the aggressive Azerbaijan regime,” he said.

“We encourage all your donations and are humbled by this tremendous show of support by this mighty community.”

The Telethon began at 7PM, and when the final total was read out at close to 11pm, over 340 donations were recorded with the total at $110,625. This was greeted by rapturous applause from the volunteers at the Donation Centres. The amount was further increased to a total of $112,175 by the time the Telethon reached its conclusion.

Chairman of the Armenian Revolutionary Federation in Australia, Haig Kayserian congratulated the community.

“Our relatively small community has sent out a message today to our brothers and sisters guarding our Motherland in Artsakh, that although we are 14,000kms away from the frontlines, we are ready to continue to do our part to ensure Artsakh maintains its Independence, is Secure, and achieves Peace,” he said.

Kayserian added: “We thank all those who volunteered to make tonight possible, and to our Armenian-Australian community’s contributors, who answered our call to action and donated sums from $10 to $10,000 to keep Artsakh strong and thriving. Thank you all.”

For those who still wish to donate to the “Republic of Nagorno Karabakh Independence, Security and Peace Foundation”, please send your donations via Electronic Funds Transfer to the following dedicated Australian account:
ARS Artsakh Fund
Commonwealth Bank of Australia
BSB: 062-295
Account Number: 10430743

CLICK HERE TO WATCH MUSIC VIDEO HIGHLIGHTS OF #ARTSAKHSTRONG TELETHON

CLICK HERE TO WATCH CLIPS OF #ARTSAKHSTRONG TELETHON LIVE COVERAGE ON ARMENIA MEDIA FACEBOOK PAGE

CLICK HERE FOR PICTURES

Աւստրալահայ Գաղութը Հանգանակեց 112,175 Տոլար Արցախի Զօրակցութեան Թելեթոնի Ընթացքին

Երկուշաբթի, 18 Յուլիս, 2016-ին, Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի Զօրակցութեան նուիրուած թելեթոն մը որուն ընթացքին հանգանակուեցաւ 112,175 Աւստրալիական տոլար որ ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի <<ԼՂՀ անկախութեան, անվտանգութեան եւ խաղաղութեան>> ֆոնտին:

Աւստրալահայ գաղութէն ներս տեղի ունեցած այն աննախընթաց միջոցառումը հեռարձակուեցաւ Արմենիա Մետիա ընկերակցութեան Ֆէյսպուքի էջի վրայով ինչպէս նաեւ Արմենիա Ռատիօժամի միջոցաւ: Միջոցառումը կը հովանաւորէր Աւստրալիոյ մէջ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցչութեան գրասենեակը եւ կազմակերպուած էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ <<Դրօ>> Կոմիտէութեան եւ անոր ուղեկից միութիւններուն՝ Հայ Օգնութեան Միութեան, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեանն, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան, Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ Արմենիա Մետիա Մամլոյ եւ Տեղեկատուական ընկերակցութեան կողմէ:

Թելեթոնին աշխուժօրէն իրենց մասնակցութիւնը բերին մեծ թիւով երիտասարդներ որոնք միջոցառման ամբողջ տեւողութեան ընթացքին Սիտնիի Հայ Մշակութային Կեդրոնէն եւ Մելպուրնի Հայ Կեդրոնէն ներս կը պատասխանէին հեռաձայններուն եւ պարբերաբար կը պատրաստէին նուիրատուներու ցանկերը: Թելեթոնի յայտագրի ընթացքին Արմենիա հեռատեսիլի եւ Արմենիա ռատիօժամի միջոցաւ Աւստրալահայ գաղութի մէջ գործող եւ թելեթոնին մասնակից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ տեղի ունեցան հարցազրոյցներ:

Արմենիա հեռատեսիլի միջոցաւ թելեթոնի յայտագիրը վարեց Նորա Սեւակեան իսկ Ազնիւ Ինկիլիզեան, Յովսէփ Գոփուշեան եւ Նշան Պասմաճեան վարեցին Արմենիա ռատիօժամի յայտագիրը:

Աւստրալիոյ մէջ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցիչ պրն. Քայլար Միքայէլեան ԼՂՀ կառավարութեան երախտագիտութեան խօսքերը փոխանցեց Աւստրալահայ գաղութի կատարած ջանքերուն համար: Իր հետ կատարուած հարցազրոյցի ընթացքին ան ըսաւ.- <<Աւստրալահայ գաղութի կատարած նիւթական օժանդակութիւնը պիտի ծառայէ ապահովելու յարձակողապաշտ Ազրպէյճանի սպառնալիքին տակ ապրող Արցախի մեր ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը>>:

<<Շնորհակալ ենք ձեր կատարած նուիրատուութիւններուն համար եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը երախտապարտ է Աւստրալահայ գաղութի կատարած թէ’ բարոյական եւ թէ’ նիւթական աջակցութեան>> աւելցուց պրն. Միքայէլեան:

Թելեթոնը սկիզբ առաւ Երկուշաբթի, 18 Յուլիս, 2016-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին: Թելեթոնի ընթացքին աւելի քան 340 նուիրատուներու կատարած նուիրատուութիւններու արդիւնքը՝ 110,625 Աւստրալիական տոլար յայտարարուեցաւ ժամը 11:00ին: Վերոյիշեալ գումարը յաջորդող ժամերուն տեղի ունեցած յաւելեալ նուիրատուութիւններու արդիւնքով հասաւ 112,175 Աւստրալիական տոլարի:

Թելեթոնի աւարտին ՀՅԴ Աւստրալիոյ <<Դրօ>> Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Հայկ Գայսէրեան շնորհաւորեց Աւստրալահայ գաղութը այս աննախընթաց միջոցառումին համար: Ան ըսաւ.- <<Մեր կատարած նուիրատուութիւններով մենք մեր զօրակցութեան ձայնը հասցուցինք մեզմէ 14,000 քիլոմեթր հեռու գնուող արեան գնով ազատագրուած Արցախի մէջ ապրող մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն ինչպէս նաեւ խիզախօրէն մեր սահմանները պաշտպանող զինուորներուն: Մենք պիտի շարունակենք մեր զօրակցութիւնը որպէսզի Արցախը ապահովէ իր անկախութիւնը, ապահովութիւնն ու խաղաղութիւնը>>:

Ընկեր Գայսէրեան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով.- <<Շնորհակալ ենք բոլոր անոնց որոնք կամաւորապէս ներկայ գտնուեցան այսօր եւ օժանդակեցին որ այսօրուայ մեր կատարած թելեթոնը յաջողութեամբ պսակուի, նաեւ շնորհակալ ենք Աւստրալահայ գաղութի զաւակներուն որոնք ընդառաջելով մեր կոչին այսօր նուիրեցին $10-էն մինչեւ $10,000, յանուն մեր Արցախի անվտանգութեան եւ բարօրութեան: Կեցցէ’ Աւստրալահայ Գաղութը: Կեցցէ’ Ազատ Արցախը>>:

Կ’ուզենք յիշել որ անոնք որոնք կը փափաքին իրենց նուիրատուութիւնները կատարել <<ԼՂՀ անկախութեան, անվտանգութեան եւ խաղաղութեան>> ֆոնտին կրնան իրենց նիւթական փոխանցումները կատարեալ ելեկտրոնային միջոցաւ հետեւեալ դրամանտանային յատուկ հաշուեհամարին.

ARS Artsakh Fund
Commonwealth Bank of Australia
BSB: 062-295
Account Number: 10430743

Դիտելու համար թելեթոնի համար պատրաստուած յատուկ տեսանիւթը այցելեցէք:

Դիտելու համար թելեթոնի տեսաերիզները Արմենիա Մետիայի Ֆէյսպուքի էջէն այցելեցէք:

Դիտելու համար թելեթոնի նկարները այցելեցէք: