Հայութեան ակնկալիքն է, որ Իսրայէլ ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը. Յակոբ Սեւան

(arevelk.am) «Երեքշաբթի օր մեր հրեայ բարեկամներուն հետ համադրաբար բողոքի ցոյց պիտի կատարենք՝ պահանջելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը Իսրայէլի Քնէսէթին կողմէ»,- «Արեւելք»ին ըսաւ Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Սեւանը: Ան նաեւ ըսաւ, որ բողոքի ցոյցը ճնշման միջոց է, եւ նախաձեռնութեան ընթացքին խօսք առնողներու մեծ մասը մեծ մասը պիտի ըլլայ հրեայ:
«Բողոքի ցոյցը պիտի կատարուի յետմիջօրէի ժամը 3-էն 4, որմէ ետք մտնալու ենք Քնէսէթ՝ հետեւելու քննարկումներուն: Ամիսներ առաջ մեր հանդիպումերուն Քնէսէթէն ներս, եկանք այն եզրակացութեան, որ դուրս պէտք է գանք այսպէս անվերջ քննարկումներու շրջանակէն»,-ըսաւ ան: Սեւան նաեւ յայտնեց, որ իսրայէլեան «Մէրէց» կուսակցութեան առաջնորդ Զահավա Կալոն տեղի չտուաւ ճնշումներուն եւ պահեց քննարկման թուականը: Ըստ սաղիմահայ պատասխանատուին, իրենց ակնկալիքն է, որ Իսրայէլ վերջապէս պաշտօնապէս ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը եւ վերջ տայ երկար տարիներու քաշքշուկներուն:
Սեւան նաեւ յիշեցուց, որ սաղիմահայութեան պատկան մարմիններ այս քննարկումներուն ընդառաջ նամակ ուղղարկած են Քնէսէթի անդամներուն՝ նկատել տալով, որ Գերմանիոյ Պունտեսթակը իր ճանաչման որոշումով ընդունեց այդ երկրին մեղսակցութիւնը»: Յակոբ Սեւան դիտել տուաւ, որ Իսրայէլ մէկ կողմէ իր ժխտողականութեամբ եւ միւս կողմէ Ազրպէճանը զինելով կրնայ յայտնուիլ հակահայ գործունէութիւն ծաւալող երկիրներու շարքին եւ նմանիլ Գերմանիոյ, որ Ա. Աշխարհամարտին կը գլխաւորէր հակահրեայ երկիրներու գլխաւոր ցուցակը:
Ըստ մեր խօսակիցին, «Իսրայէլի նման երկիր մը, որու քաղաքացիներու մեծ մասը ողջակիզումէն վերապրող եւ վերապրողներու զաւակներ են, քաղաքական հաշուարկներով Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը սակարկութեան ենթարկելը անբարոյականութիւն է»:
Յակոբ Սեւան վստահեցուց, որ իրենք ամէն գնով պիտի շարունակեն Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը, հաւաստելով, որ եթէ Քնէսէթի անդամները ազատ ձգուին, ապա առանց վարանումի «այո» պիտի քուէարկեն Ցեղասպանութեան ճանաչմանը:
Յիշեցնենք, որ յառաջիկայ երեքշաբթի, 5 յուլիսին, մինչ իսրայէլեան խորհրդարանը պիտի քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը, սաղիմահայութիւնը բողոքի հաւաք մը պիտի կատարէ՝ բարձրաձայնելու համար հայութեան պահանջը:

Լուսանկար – Յակոբ Սեւան