ANCA-WR Applauds California Leadership for Armenian American Museum Fund Allocation

GLENDALE—The Armenian National Committee of America – Western Region (ANCA-WR) applauds and extends its gratitude to California Governor Jerry Brown, Senate President Pro Tempore Kevin De Leon and Assembly Speaker Anthony Rendon who included in the 2016-2017 State Budget the funding for the Armenian American Museum request submitted by Assemblymember Adrin Nazarian and Senator Carol Liu.

“The ANCA-WR welcomes the funding allocated for the Armenian American Museum as the museum will truly be a multi-faceted, state of the art campus that will not only educate residents and visitors alike about the Armenian history, heritage and experience, but also serve as a place of enrichment for the youth. We are truly grateful to Assemblymember Nazarian for taking the lead on obtaining funding by submitting the initial request and of course Senator Liu who echoed Nazarian’s request on the Senate side – making it possible for the Assembly and Senate leadership to stand in strong support and receive final approval by the Governor,” stated ANCA-WR Chair Nora Hovsepian, Esq. “It is our hope that this positive action by the State will pave the way for funding from the private sector, foundations, and other government entities,” remarked Hovsepian.

The ANCA-WR Chairwoman added that the organization was pleased to have lent its support toward securing the $1 million funding from the State. She also expressed a willingness to work with the Armenian American Museum to secure additional State funding in the coming years.

The mission of the Armenian American Museum is to promote understanding and appreciation of America’s ethnic and cultural diversity by sharing the Armenian American experience. The vision for the Armenian American Museum is a cultural campus that enriches the community, educates the public on the Armenian American story, and empowers individuals to embrace cultural diversity and speak out against prejudice.

For more information on the museum please visit armenianamericanmuseum.org.

The Armenian National Committee of America – Western Region is the largest and most influential Armenian-American grassroots advocacy organization in the Western United States. Working in coordination with a network of offices and supporters around the country, the ANCA-WR advances the concerns of the Armenian American community on a broad range of issues.

Օրէնսդիրներ Կ՛ողջունեն Ամերիկահայութեան Թանգարանին Նեցուկ Կանգնելու Նահանգապետին Քայլը

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ամերիկահայութեան թանգարանին համար Քալիֆորնիոյ 2016-2017 տարեշրջանի ամավարկէն նիւթական աջակցութիւն ապահովելու համար աշխատանք տարած նահանգային օրէնսդիրներ ողջունեցին իրենց առաջարկին նեցուկ կանգնելու նահանպաետ Ճերի Պրաունի որոշումը։

Ամերիկահայութեան թանգարանի վարչութիւնը մօտէն գործակցած էր Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի նախագահ Քեւըն տէ Լիոնի եւ նահանգային խորհրդարանի նախագահ Էնթընի Ռենտոնի հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ թանգարանին համար առաջադրուած գումարը պահել 2016-2017 տարեշրջանի ամավարկին մէջ, ինչպէս նաեւ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանի եւ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Քերըլ Լիուի հետ, որոնք յատկացումի պայմանը ներառած էին յաջորդաբար խորհրադրանի եւ Ծերակոյտի ամավարկի առաջարկներուն մէջ։

Քեւըն տէ Լիոն այս գծով ըսաւ. «Իբրեւ Փոքրիկ Հայաստանի հպարտ ներկայացուցիչը Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտին մէջ, շատ ուրախ եմ, որ կարելի եղաւ յատկացում ապահովել Ամերիկահայութեան թանգարանը Կլենտէյլի մէջ կառուցելու ծրագիրին համար։ Այս ներդրումով, մենք յարգանքի մեր տուրքը կու տանք հայկական Սփիւռքի ժառանգութեան եւ կը տօնենք ցեղային այլազանութեան նահանգին բերած հարստութիւնը»։

Իր կարգին, Ծերակոյտի անդամ Քերըլ Լիու յայտնեց. «Ուրախ եմ, որ կրցայ օժանդակել այս նախաձեռնութեան։ Ամերիկահայութեան թանգարանը թանկագին յաւելում մը պիտի ըլլայ շրջանին համար եւ արժէքաւոր աղբիւր մը պիտի հանդիսանայ մեր բազմամշակութային հաւաքականութեան մէջ փոխադարձ ըմբռնում ապահովելու ջանքերուն համար»։

Քալիֆորնիոյ նահանգային խոր-հրդարանի նախագահ Էնթընի Ռենտոն, համաձայն գտնուելով Քեւըն տէ Լիոնի ու Քերըլ Լիուի հաստատումներուն՝ աւելցուց. «Հպարտ եմ Ամերիկահայութեան թանգարանին յատուցում ապահովելու ջանքին զօրակցելու իմ որոշումովս։ Առաջարկը ներկայացուեցաւ նահանգային խոր-հրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանի կողմէ եւ վստահ եմ, որ այս գումարը շատ օգտակար պիտի ըլլայ հետաքրքրքկան այս ծրագիրին նպատակները, տեսլականը եւ առաքելութիւնը իրականացնելու ճամբուն վրայ»։

Իր կարգին, Ատրին Նազարեան ըսաւ. «Հպարտ եմ, որ կարելի եղաւ մէկ միլիոն տոլար ապահովել Ամերիկահայութեան թանգարանի կառուցման համար: Համոզուած եմ, որ հայութեան դէպի Քալիֆորնիա ուղեւորութիւնը, որ Ցեղասպանութենէն դէպի բարգաւաճում իւրայատուկ անցում մըն էր, կենսական մէկ մասնիկն է նահանգի պատմութեան, եւ այդ պատճառով ալ հայկական թանգարան մը հոյակապ յաւելում մը պիտի ըլլայ նահանգի մշակութային եւ պատմական կեդրոններու արդէն իսկ հարուստ հաւաքածոյին վրայ»։

Ամերիկահայութեան թանգարանի գլխաւոր նպատակն է ամերիկահայութեան փորձառութիւնը ուրիշներու հետ բաժնելու ճամբով՝ փոխադարձ ըմբռնումը քաջալերել եւ Միացեալ Նահանգներու ցեղային ու մշակութային բազմազանութիւնը լուսարձակի տակ առնել:

Թանգարանի վարչութեան մաս կը կազմեն շրջանի հայկական ինը կազմակերպութիւններ եւ հաստատութիւններ, որոնք են՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանը, Հայ Մշակութային Հիմնարկութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւնը, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանը, Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Շրջանը, «Նոր Օր» Բարեգործական Հիմնարկութիւնը, «Նոր Սերունդ» Մշակութային Միութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանը:

Ամերիկահայութեան թանգարանին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել

ArmenianAmericanMuseum.org կայքը կամ դիմել (844) 586-4626 թիւին։