ՈՂՋԵՐԹԻ ԵՐԵԿՈՅ Ի ՊԱՏԻՒ ՔՈՒԷՅԹԻ ՄՕՏ ՀՀ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԵՒ ԼԻԱԶՕՐ ԴԵՍՊԱՆ ՏԻԱՐ ՖԱՏԷՅ ՉԱՐՉՕՂԼԵԱՆԻ

(ԱԶԴԱՐԱՐ, Յունիս 17) Հովանաւորութեամբ՝ Քուէյթի եւ Շրջակայից Թեմի առաջնորդ Գերպ. Տէր Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեանի եւ նախաձեռնութեամբ՝ Քուէյթի Ազգային Վարչութեան, Շաբաթ, 28 Մայիս 2016-ի երեկոյեան Holiday Inn պանդոկի Al Amwaj դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ մօտ ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Տիար Ֆատէյ Չարչօղլեանի ողջերթի երեկոն, ներկայութեամբ՝ Քուէյթի ազգային մարմիններու եւ միութեանց ներկայացուցիչներու:
Արդարեւ՝ Պրն. Ֆատէյ Չարչօղլեանի առաքելութեան աւարտին, Քուէյթի հայ համայնքը երախտագիտութեամբ ճանապարհեց իր սիրելի դեսպանն ու նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց անոր:
Ողջերթի երեկոյթին համար պատրաստուած էր գեղեցիկ եւ կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը, իսկ բեմավարն էր Քուէյթի Հայ Դատի Յանձնախումբի վաստակաշատ ատենապետ՝ Բժ. Ժան Պէպէճեան: Ան բարի գալուստի իր խօսքէն ետք գեղեցիկ ու հաճելի ոճով բեմ հրաւիրեց գեղարուեստական յայտագիրի մասնակիցները. առաջին հերթին բեմ բարձրացաւ Տիկ. Կիլտա Պէրպէրեան-Իյճեան եւ արտասանեց «Հայու Զաւակ» կտորը, այնուհետեւ Պրն. Ատոմ Քէհեաեան մեներգեց Կոմիտաս Վարդապետի «Ձայն Տուր Ով Ծովակ» երգը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Տիկ. Հայկուհի Կիրակոսեան-Բազեանի: Յաջորդիւ ելոյթ ունեցաւ Տիկ. Մայտա Թադոյեան-Մովսէսեան, ներկայացնելով Պարոյր Սեւակի «Բարեւ» բանաստեղծութիւնը: Գեղարուեստական յայտագիրը եզրափակեց Օրդ. Լիլա Կարապետեան, ներկայացնելով Ռ. Ամիրխանեանի «Երազ իմ Երկիր» երգը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Տիկ. Հայկուհի Կիրակոսեան-Բազեանի: Գեղարուեստական յայտագիրի ընթացքին Ազգային Մարմիններու ներկայացուցիչները իրենց երախտիքի խօսքը յայտնեցին դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեանին. յանուն Քուէյթի Ազգային Վարչութեան խօսք արտասանեց Տիար Մունիր Դարբինեան, յանուն Քուէյթի Երեսփոխանական Ժողովի՝ Բժ. Մեսրոպ Թասլաքեան, իսկ յանուն Քուէյթի Պատասխանատու Մարմինի՝ Ընկ. Յակոբ Պետիրեան:
Յետ ընթրիքի՝ տեղի ունեցաւ Դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեանի կեանքին եւ գործունէութեան մասին յատուկ տեսաժապաւէնի ցուցադրութիւնը, որ սոյն առիթին համար պատրաստուած էր Տիկ. Նարինէ Գոնճայեան-Արապաթլեանի եւ պարոնայք՝ Ճորճ Արապաթլեանի, Կարօ Արսլանեանի կողմէ:
Այնուհետեւ՝ ձեռամբ Թեմի Առաջնորդ Գերպ. Տէր Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեանի, Պրն. Դեսպանին յանձնուեցաւ երախտիքի յուշանուէր մը՝ առ ի գնահատանք համայնքէն ներս անոր տարած բեղուն գործունէութեան եւ արդիւնաւէտ աշխատանքին:
Յուշանուէրի յանձնումէն ետք Գերպ. Հայր Սուրբը իր սրտի խօսքին ընդմէջէն վեր առաւ Պրն. Դեսպանին դերը Քուէյթի հայ համայնքի կեանքէն ներս, յատկապէս գնահատելով ի խնդիր գաղութիս եկեղեցւոյ անոր տարած փութաջան աշխատանքը:
Հուսկ՝ սրտի խօսքը յայտնեց նաեւ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Տիար Ֆատէյ Չարչօղլեանը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հայ գաղութին՝ ջերմ ու սիրալիր ընդունելութեան եւ լաւ համագործակցութեան համար:
Երեկոն այնուհետեւ շարունակուեցաւ երգ ու պարով, իսկ աւարտին հասաւ յիշատակի լուսանկարներով:
Այսու խմբագրական կազմի անունով մենք եւս կու գանք մեր գնահատանքի եւ երախտիքի խօսքը փոխանցել Պրն. Դեսպանին, անցնող վեց տարուան ընթացքին տարած քրտնաջան աշխատանքին, ինչպէս նաեւ սերտ համագործակցութեան համար: Կը մաղթենք անոր նորանոր յաջողութիւններ՝ ի փառս Հայաստանի Հանրապետութեան: