(hayernaysor.am) Յունիս 3-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ հեռաժողով Երուսաղէմի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Հեռաժողովին մասնակցեցան ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, վարչութեան պետեր, նախարարութեան աշխատակիցներ:
Երուսաղէմէն տեսակապով միացած էին Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ եւ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու վարիչ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող Իսրայէլի յանձնախումբի անդամ Կորիւն վրդ. Բաղդասարեան, Երուսաղէմի Հայ դատի հերթապահ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող Իսրայէլի յանձնախումբի անդամ Ժորժետ Աւագեան, «Ճինիշեան» յիշատակի հիմնադրամի ներկայացուցիչ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող Իսրայէլի յանձնախումբի անդամ Գէորգ Հինտլեան, Հայ օգնութեան միութեան Իսրայէլի մասնաճիւղի ներկայացուցիչ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող Իսրայէլի յանձնախումբի անդամ Մարի Օհաննէսեան, Երուսաղէմի Հայ երիտասարդաց միութեան փոխատենապետ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող Իսրայէլի յանձնախումբի անդամ Սարօ Նագաշեան, Երոսաղէմի Հայ բարեսիրաց միութեան ատենապետ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող Իսրայէլի յանձնախումբի անդամ Արամ Խաչատուրեան, Երուսաղէմի ՀՄԸԵ-ի ատենապետուհի, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող Իսրայէլի յանձնախումբի անդամ Նոյեմի Նալպանտեան, Երուսաղէմի Հայ դատի ներկայացուցիչ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող Իսրայէլի յանձնախումբի անդամ Յակոբ Սեւան, ՀՅԴ ներկայացուցիչ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող Իսրայէլի յանձնախումբի անդամ Սերոբ Սահակեան, Երուսաղէմի Հայ բարեսիրաց միութեան ներկայացուցիչ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող Իսրայէլի յանձնախումբի անդամ Հէյզել Մարոքը, Թել Աւիւի «Նայիրի» միութեան անդամ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող Իսրայէլի յանձնախումբի անդամ Տիգրան Մամաջանեան, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող Իսրայէլի յանձնախումբի ատենադպիր Նորա Նագաշեան, Երուսաղէմի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Ողջունելով հեռաժողովի մասնակիցները` ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց Երուսաղէմի հայ համայնքին, եւ յատկապէս ՀՕՄ-ի կողմէ Արցախին ցուցաբերուող օգնութեան համար: Ան կարեւոր համարեց միասնութեան եւ ոգեւորութեան զգացողութիւնը, ազգային համախմբումի ուժը: Պարոն Սրապիոնեան բարձր գնահատեց համայնքի հայանպաստ գործունէութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի տարածարջանային յանձնախումբի առանձնայատուկ աշխուժութիւնն ու արդիւնաւէտ աշխատանքը, համայնքին կողմէն Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցի ծիրէն ներս իրականացուած ձեռնարկները: Փոխնախարարը կարեւոր համարեց համայնքի մասնակցութիւնը նախարարութեան «Արի տուն», «Սփիւռք» ամառնային դպրոց» ծրագիրներուն, «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին:
Անդրադանալով ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն յետոյ Իսրայէլի հայ համայնքին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տրամադրուած եւ սպասուող աջակցութեան` փոխնախարարը արժեւորեց մեր հայրենակիցներու ջերմ ու միասնական արձագանքը, շեշտեց, որ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի առաջին օրերէն Սփիւռքը սատարեց ոչ միայն խօսքով, այլեւ ֆիզիքական ներկայութեամբ, նիւթական օժանդակութեամբ:
Երուսաղէմէն հեռաժողովի մասնակիցներուն ողջունեց Կորիւն վրդ. Բաղդասարեան. «Երուսաղէմ սուրբ քաղաքէն ձեզի կ’ուղարկենք մեր օրհնութիւնը, կը մաղթենք արդիւնաւէտ եւ բեղմնաւոր աշխատանք: Այսօր այստեղ հաւաքուած են համարեայ բոլոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք սիրով կը ներկայացնեն անցած տարուան ընթացքին կատարուած աշխատանքները»:
Նշուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած գիտաժողովներու, սրբադասման արարողութեան մասնակցելու, «Մեռելներուս որպէս խաչ` ես այս ծառը տնկեցի» կարգախօսով ծառատունկի, «Քեզ հետ Հայաստան» համերգի, բարեգործական ձեռնարկներու, Արցախի համար հանգանակութեան նպատակով կազմակերպուած համերգներուն մասին: Խօսուեցաւ նաեւ զբօսավարներու վերապատրաստման ծրագիրին մասին:
Քննարկուեցան նաեւ Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան վերաբերող, ինչպէս նաեւ` համայնքէն ներս առկայ խնդիրները:
RA Ministry of Diaspora holds teleconference with members of the Armenian community of Jerusalem
(hayernaysor.am) On June 3, the RA Ministry of Diaspora held a teleconference with representatives of the Armenian community of Jerusalem. Among the participants from Armenia were RA Deputy Minister of Diaspora Serzh Srapionyan, Chief of Staff of the RA Ministry of Diaspora Firdus Zakaryan, heads of departments and other employees of the RA Ministry of Diaspora.
Among the participants from Jerusalem were Head of the Divan and Head of Inter-Ecclesiastical Relations of the Armenian Patriarchate of Jerusalem, member of the Armenian Genocide Centennial Israel Regional Committee, Archimandrite Koryun Baghdasarian; on-duty representative of the Armenian National Committee of Jerusalem, member of the Armenian Genocide Centennial Israel Regional Committee Georgette Avakian; representative of Jinishian Memorial Foundation, member of the Armenian Genocide Centennial Israel Regional Committee Kevork Hindlian; member of the Israeli affiliate of the Armenian Relief society, member of the Armenian Genocide Centennial Israel Regional Committee Marie Ohannesian; Vice-Chairman of the Armenian Youth Association of Jerusalem, member of the Armenian Genocide Centennial Israel Regional Committee Aram Khachadourian; member of the Armenian Genocide Centennial Israel Regional Committee Naomi Nalbandian; member of the Armenian National Committee of Jerusalem, member of the Armenian Genocide Centennial Israel Regional Committee Hagop Sevan; member of the Armenian Revolutionary Federation-Dashnaktsutyun, member of the Armenian Genocide Centennial Israel Regional Committee Serop Sahagian; representative of the Armenian Baresirats Union of Jerusalem, member of the Armenian Genocide Centennial Israel Regional Committee Haizel Marok; member of the Nayiri Union of Tel Aviv, member of the Armenian Genocide Centennial Israel Regional Committee Dikran Mamajanian; secretary of the Armenian Genocide Centennial Israel Regional Committee Nora Nagashian and representatives of the Armenian community of Jerusalem.
Greeting the participants of the teleconference, RA Deputy Minister of Diaspora Serzh Srapionyan expressed gratitude to the Armenian community of Jerusalem, especially for the assistance that ARS Jerusalem is providing to Artsakh. He attached importance to unity, motivation and the power of national consolidation. Srapionyan praised the pro-Armenian activities of the community, the unique display of activism and fruitful efforts of the Armenian Genocide Centennial Israel Regional Committee and the events that the Armenian community held in the year marking the 101st anniversary of the Armenian Genocide. The Deputy Minister attached importance to the community’s participation in the “Ari Tun” Program and “Diaspora” Summer School Program of the RA Ministry of Diaspora and the “My Armenia” Pan-Armenian Festival, which is also organized by the RA Ministry of Diaspora.
Touching upon the support that the Armenian community of Israel provided and will be providing to the Nagorno-Karabakh Republic following the four-day war in April, the Deputy Minister appreciated the cordial and unified response of the community and stressed that the Armenian Diaspora expressed support with not only words, but also physical presence and material assistance starting from the first days of the four-day war.
Archimandrite Koryun Baghdasaryan welcomed the participants of the teleconference from Jerusalem. “From the sacred city of Jerusalem we send our blessings and wish us all success. Today we are holding a meeting with representatives of almost all the organizations who will gladly present the activities that they have carried out over the past year.”
The participants of the teleconference mentioned the forums and conferences devoted to the Centennial of the Armenian Genocide, participation in the ceremony of canonization, the tree-planting ceremony with the motto “I planted this tree as a cross of my deceased”, the “For You, Armenia” concert, charity events and the concerts organized to provide financial assistance to Artsakh. They also talked about the plan for training of tour guides.
Issues related to the Armenia-Diaspora partnership and the issues concerning the Armenian community were also discussed during the teleconference.