Դափ­նեպ­սակ­ներու զե­տե­ղում պոն­տա­ցի 353.000 զո­հե­րու յի­շա­տա­կին

(ԱԶԱՏ ՕՐ, 25 Մայիս) Կի­րա­կի՝ 22 ­Մա­յի­սին, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մա­պոն­տա­կան ­Միու­թեան նախաձեռնու­թեամբ, Ա­թէն­քի ­Սին­տաղ­մա­յի հրա­պա­րա­կին վրայ, պետական ու կա­ռա­վա­րա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յու­թեան ­դափնեպսակ զետեղուեցաւ 1916-1923 ­Թուր­քիոյ կող­մէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թար­կո­ւած պոն­տա­ցի 353.000 զո­հե­րու յի­շա­տա­կին։

­Պաշ­տօ­նա­կան հրա­ւի­րեալ­նե­րու կար­գին կը գտնո­ւէր ­Հա­յաս­տա­նի Հանրապետութեան Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի փոխ-նա­խա­գահ Է­տո­ւարդ ­Շարմազանո­վ եւ Հ. Յ. Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը։ Պրն.­ Շար­մա­զա­նո­վ մէկ օր ա­ռաջ ­Հա­մա­պոն­տա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ պար­գե­ւատ­րո­ւած էր պոնտա­ցի ժո­ղո­վուր­դին ի նպաստ իր ծա­ռա­յու­թեան հա­մար։

Ի շարս պաշ­տօ­նա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու՝ դափ­նեպ­սակ­ներ զե­տե­ղե­ցին նաեւ պրն. Է. ­Շար­մա­զա­նով եւ ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի կող­մէ ընկ. ­Խա­չիկ ­Խաչատու­րեան։

Լուսանկար – Խաչիկ Խաչատուրեան