(ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹ) Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրին մէջ, ուրբաթ, 20 մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական զրոյց մը` հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումին (ՀՀՀ):
ՀՀՀ-ի յանձնախումբին անունով Սարգիս Սեֆերեան ողջունեց ներկաները եւ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց յայտագիրին գլխաւոր կէտերը եւ ձեռնարկին առիթն ու նպատակը: Սեֆերեան նաեւ ամփոփ ակնարկով նշեց ՀՀՀ-ի կազմութեան նպատակն ու գործունէութեան դաշտը` յիշեցնելով, որ Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումը խորքին մէջ հիմնուած ու կազմուած է Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախաձեռնութեամբ: Ներկայացնելէ ետք օրուան բանախօսները` դոկտ. Լէյլա Նիքոլա Ռահպանին, դոկտ. Մոհամետ Նուրէտտինը եւ զրուցավար Վերա Եագուպեանը, Սեֆերեան անյապաղ ապաքինում մաղթեց օրուան երրորդ բանախօսին` դոկտ. Ուալիտ Հըտրոժին, որ առողջական անակնկալ ու կամքէ անկախ պատճառներով չկրցաւ ներկայ գտնուիլ սոյն ձեռնարկին: Նախքան այդ, Սեֆերեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու նահատակ զոհերու յիշատակը: Ապա ան խօսքը փոխանցեց Վերա Եագուպեանին:
Օրուան զրուցավար, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Վերա Եագուպեան ներկայացուց զրոյց-դասախօսութեան ընթացքին արծարծուելիք նիւթերուն գլխաւոր կէտերը: Ան հակիրճ կերպով ներկայացուց օրուան բանախօսները` Լիբանանեան համալսարանի միջազգային յարաբերութեանց դասախօս, ՄԱԿ-ի Ակադեմական խորհուրդի անդամ, այցելու դասախօս միջազգային համալսարաններու, անգլերէն եւ արաբերէն բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ դոկտ. Լէյլա Նիքոլա Ռահպանին եւ թրքագէտ, Լիբանանեան համալսարանի թրքերէնի եւ պատմութեան դասախօս, լիբանանեան խորհրդարանի արտաքին հարցերու յանձնախումբի խորհրդական, Թուրքիոյ եւ առնչակից նիւթերու վերաբերող բազմաթիւ գիրքերու եւ ուսումնասիրութեանց հեղինակ դոկտ. Մոհամետ Նուրէտտինը: Ապա, ան յաջորդաբար խօսքը փոխանցեց դոկտ. Ռահպանիի եւ դոկտ. Նուրէտտինի` ի հարկին անհրաժեշտ միջամտութիւններ կատարելով եւ տեղեկութիւններ փոխանցելով:
Դոկտ. Լէյլա Նիքոլա Ռահպանի նախ անդրադարձաւ միջինարեւելեան երկիրներու վերջին տասնամեակներու քաղաքական թէ ապահովական վերիվայրումներուն` կեդրոնանալով 2011-էն ի վեր բռնկած այսպէս կոչուած «Արաբական գարուն»-ի շարժառիթներուն եւ հետեւանքներուն վրայ: Այս ծիրին մէջ ան հանգամանօրէն անդրադարձաւ շրջանի քաղաքական ու աշխարհագրական բաժանման գծով ծրագրուած գաղտնի թէ բացայայտ պատկերացումներուն եւ ծրագիրներուն, ինչպէս` 1982-ին եբրայերէնով լոյս տեսած մէկ յօդուածի պատկերացումը` «Իսրայէլի 80-ական թուականներու ռազմավարութիւնը» խորագրեալ, ուր հեղինակը` Ուվիթ Ունին, շրջանը կը բաժնէ զանազան նորահաստատ պետական կառոյցներու: Երկրորդը` Պեռնարտ Լուիսի պատկերացումը մասնատեալ Միջին Արեւելքի մասին, իսկ երրորդը` ամերիկացի զօրավար Ռալֆ Փիթըրի` ամերիկեան պաշտօնական զինուորական մէկ պարբերաթերթին մէջ 2006-ին լոյս տեսած պատկերացումը շրջանի բաժանման գծով: Դոկտ. Ռահպանի անդրադարձաւ նաեւ այս գծով ծրագրուած եւ կիրարկուող մէկէ աւելի բեմագրութիւններու եւ անոնց գաղափարախօսական ջատագովներուն, ինչպէս` Ապտալլա Մոհամետի, յանգելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Քոնտոլիզա Ռայսի «շինիչ քաոս»-ի ծրագիրին:
Դոկտ. Մոհամետ Նուրէտտին անդրադարձաւ Թուրքիոյ քաղաքական դաշտին մէջ պարզուող երկփեղկումներուն, յատկապէս նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միապետական քաղաքականութեան լոյսին տակ` ընդգծելով, որ այս ընթացքով Թուրքիոյ մէջ հետզհետէ կը շեշտուի ազգայնական մղումը, ուր կ՛անտեսուին Թուրքիոյ բնակչութեան ոչ թուրք փոքրամասնութեանց` հայերու, յոյներու եւ այլոց իրաւունքները: Դոկտ. Նուրէտտին պատմական յետադարձ ակնարկներով հիմնաւորեց իր վարկածը: Ան անդրադարձաւ Թուրքիոյ կողմէ հայկական հարցի ուրացման քաղաքականութեան եւ թրքական իրերայաջորդ վարչակարգերու հակահայ թէ հակայոյն քաղաքական վարքագիծին:
Խօսքերու աւարտին տեղի ունեցաւ շահեկան զրոյց ներկաներուն եւ բանախօսներուն միջեւ: Աւարտին ՀՀՀ-ի հոգեւոր խորհրդատու Սիփան վրդ. Քեչէճեան եւ ատենապետ Յակոբ Հանտեան բանախօսներն ու զրուցավարը պատուեցին յատուկ յուշանուէրներով: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը եւս յատուկ նուէրներով մեծարեց բանախօսներն ու զրուցավարը:
Նշենք որ ձեռնարկի սկզբնաւորութեան Ռիթա Աստիկեան ջութակի վրայ նուագեց «Կիլիկիա»-ն եւ հայկական երաժշտական այլ կտորներ` ձեռնարկին տալով մշակութային ջերմ երանգ:
Լուսանկար – Արամ Ա. Կաթողիկոս Լէյլա Նիքոլա Ռահպանիի, Մոհամետ Նուրէտտինի եւ Վերա Եագուպեանի հետ