ՔՈՒԷՅԹԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻ ԱՐՑԱԽԻՆ

(ԱԶԴԱՐԱՐ) Աւելի քան երկու շաբաթներ ու համայն հայութիւնը իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արցախին եւ անոր անզուգական ժողովուրդին դէմ կատարուած ատրպէյճանական ոտնձգութիւններուն նկատմամբ: Հայ Դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները դեռ կ’արձագանգեն միջազգային ատեաններու մէջ, ե՛ւ հանրային, ե՛ւ ընկերային համացանցերու միջոցով ու խստիւ կը դատապարտեն ատրպէյճանական վայրագութիւնները, որոնք տեղի ունեցան Ապրիլի առաջին օրերուն:
Արդարեւ, Շաբաթ՝ 16 Ապրիլ 2016ի երեկոյեան ժամը 9:00ին, Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Քուէյթի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած «ԶՕՐԱԿՑԻՆՔ ԱՐՑԱԽԻՆ» դասախօսական երեկոն:
Երեկոյ կը հովանաւորէր Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերապատիւ Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեան:
Ներկայ էին ազգային մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ: Նաեւ ներկայ էր ՀՀ հիւպատոս՝ Պրն. Լեւոն Պետրոսեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ պատմաբան՝ Պրն. Յովհաննէս Սերոբեան, որ իր խօսքին մէջ հակիրճ ձեւով անդրադարձաւ Արցախի պատմական դրուածքի եւ Ապրիլի առաջին օրերուն տեղի ունեցած ատրպէյճանական ռազմական գործողութիւններուն մասին:
Ապա Հրայր Դժոխք պատանեկան միութեան անդամ՝ ընկ. Յարութ Գայթանճեան ասմունքեց Համաստեղի «ՀԱՅՈՒ ՈԳԻՆ»:
Օրուան բանախօսն էր յանձնախումբի ատենապետ՝ բժ. Ժան Պէպէճեան:
Ան չորս հանգրուաններով ներկայացուց վերջին իրադարձութիւնները, ՀՀ նախագահի վեհանձն կեցուածքն ու խրոխտ յայտարարութիւնները՝ միջազգային բեմերէն, ապա հայ ժողովուրդի միասնական ճիգն ու աջակցութիւնը եւ վերջապէս Հայ Դատի յանձնախումբերու տարած լայնածաւալ աշխատանքը աշխարհիս չորս ծագերուն:
Բանախօսին ելոյթը պարբերաբար ընդհատուեցաւ քանի մը տեսանիւթերու ցուցադրութեամբ:
Աւարտին խօսք առաւ գերապատիւ Հայր Սուրբը:
Ան բարձր գնահատեց կազմակերպուած երեկոն, նաեւ օրուան բանախօսը իր հարուստ ներկայացման կապակցաբար, եւ նշեց թէ բառին ամբողջական իմաստով մենք զօրակից ենք Ղարաբաղին, անոր քաջարի բանակին, անվախ ժողովուրդին ու պետութեան։ Ղարաբաղի անկախութեան պաշտպանութիւնը եւ հզօրացումը մեզի համար սրբազան պարտաւորութիւն է։ Այս օրերուն մա՛նաւանդ՝ երբ Ղարաբաղը յարձակումի ենթարկուած է Ատրպէյճանի կողմէ, մեր ժողովուրդի զաւակները՝ Հայաստանի թէ՛ Սփիւռքի տարածքին, պէտք է իրենց զօրակցութիւնը գործնապէս արտայայտեն Ղարաբաղի պաշտպանութեան գծով, որովհետեւ Ղարաբաղի պաշտպանութիւնը Հայաստանի պաշտպանութիւնն է եւ փոխադարձաբար:
Ներկաները իրենց հոգիներուն մէջ հայրենիքը գրկած աւելի հպարտ ու աւելի վճռակամ քայլերով ու ապրումներով յագեցած՝ վերադարձան իրենց տուները:
Վարձքը կատար յանձնախումբի անդամներուն: