Ստեփանակերտեան Լրջագոյն Պատգամներ

(ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹ) Մայիս 8-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ առաջին նիստը ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու քառօրեայ խորհրդաժողովին, որուն կը մասնակցէին Հայ դատի աւելի քան 25 յանձնախումբերէն ու գրասենեակներէն, ինչպէս նաեւ` ՀՅԴ կուսակցական մարմիններէն շուրջ 65 ներկայացուցիչներ: Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան արտասանեց բացման խօսք մը, որուն յաջորդեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի ողջոյնի խօսքը:

Առաջին նիստի առաջին զեկուցումը Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական իրավիճակն ու ՀՅԴ-ի գործն էր. զեկուցաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան: Ապա ժողովականներուն «Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան մարտահրաւէրները» խորագիրով զեկուցում մը ներկայացուց Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան:

Առաջին նիստի աւարտէն ետք խորհրդաժողովի մասնակիցները մեկնեցան Ստեփանակերտ, ուր տեղի ունեցաւ խորհրդաժողովի «առիւծի բաժին»-ը: Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու մասնակիցները 9 մայիսին Բ. Համաշխարհային պատերազմի յաղթանակի 71-ամեակի, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի կազմաւորման եւ Շուշիի ազատագրման օրուան նուիրուած տօնակատարութեան` Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի, այլ պաշտօնական անձնաւորութիւններու եւ Արցախի ժողովուրդի կողքին մասնակցեցան Վերածնունդի հրապարակէն դէպի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաքի յուշահամալիր քայլարշաւին, որուն ընթացքին տեղ տեղ հաւաքուած մանուկներու կողմէ հնչող «հուռա՜»-ներն ու «Ղարաբաղցին» երգը, զգացական մթնոլորտի սրման կողքին, եկաւ առաւել եւս ընդգծելու պահու իմաստն ու արժէքը: Ապա «հայդատականներս» պաշտօնական անձնաւորութեանց կողքին մասնակցեցանք Շուշիի Ամենափրկիչ` Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ մէջ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ կատարուած յատուկ արարողութեան, որմէ ետք նախագահ Սահակեանի հետ դուրս եկանք փողոց: Նախագահը այդտեղ շրջեցաւ ինչպէս հասարակ քաղաքացի մը` ազատ, անկաշկանդ, առանց որեւէ պաշտօնականութեան ու ապահովական արտակարգ միջոցառումներու եւ ճամբու ընթացքին հանգիստ կերպով զրուցեց բնակիչներուն ու իր ուղեկիցներուն հետ, ինչ որ թերեւս ղարաբաղցիներուն համար բնական երեւոյթ մըն էր, սակայն մայրիներու երկրէն եկողիս համար` խիստ տպաւորիչ: Այդ երեւոյթը կու գար վկայելու այդտեղ տիրող անվտանգութեան մթնոլորտի մասին եւ շեշտելու այն ապահովութեան ու խաղաղութեան զգացումը, որ կը համակէ հրաշալի բնութեան տէր Արցախ այցելող իւրաքանչիւրին: Պրն. նախագահը չէր չափազանցեր, երբ խորհրդաժողովի մասնակիցներուն կ՛ըսէր. «Արցախը Աստուծոյ երկիրն է», եւ իբրեւ այդպիսին` «Սուրբ երկիր է»: Զարմանալի է, որ մարդիկ մեր ազատագրուած երկիրը չեն նախընտրեր եւ կ՛արտագաղթեն օտար երկիրներ, ուր սերունդներու հայկական ինքնութիւնը վտանգուած է: Ո՞ր տրամաբանութեամբ կ՛արտագաղթեն անգործութեան ու ոճիրներու բարձր համեմատութիւն ունեցող երկիրներ, ուր դպրոցները վտանգաւոր վայրեր են, ծնողներ անձկութեամբ կը սպասեն իրենց զաւակներուն վերադարձը:

Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ներկայացուցիչները եռատօնին իրենց մասնակցութենէն ետք վերադարձան Արցախի Ազգային ժողով, որ խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի կողմէ տրամադրուած էր խորհրդաժողովի գումարման համար:

Խորհրդաժողովի արցախեան եռօրեայ հատուածի բացումէն ետք, ողջոյնի խօսք արտասանեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահը, «Արտաքին քաղաքականութեան ճակատին վրայ Արցախի մարտահրաւէրները» նիւթով զեկուցեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան, որոնցմէ ետք ժողովականները անցան խորհրդաժողովի մնացեալ կէտերուն`

– Արցախի իրաւական միջազգային ճանաչումին համար եւ Ազրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան դէմ պայքարին,

– Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին եւ պահանջատիրական պայքարի ուղղութեամբ աշխատանքներու,

– Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ նախաձեռնութիւններու,

– ինչպէս նաեւ յունուար 2015-էն մինչեւ այսօր Հայ դատի աշխատանքներու ընթացքի քննարկման:

10 մայիսին խորհրդաժողովի մասնակիցները մեկնեցան Ասկերանի շրջանին մէջ գտնուող Տիգրանակերտ, ուր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահին հետ ունեցան բացօթեայ, սակայն դռնփակ հանդիպում մը: Նկատի ունենալով հանդիպման վայրն ու ընդգծելու համար այդ հանդիպումին հարազատներու միջեւ ըլլալու իրողութիւնը` նախագահը նախօրօք մասնակիցներէն խնդրած էր հանդիպման ներկայանալ ոչ պաշտօնական հագուստով: Շահեկան ու սրտբաց հանդիպումէն ետք ներկաները ճաշելու համար փոխադրուեցան բերդէն դուրս գտնուող երկար սեղան մը:

9-11 մայիսին Ստեփանակերտի մէջ գումարուած խորհրդաժողովը իր մէջ կը պարունակէր կարգ մը նշանակալից պատգամներ.

– Ազրպէյճանի ապրիլ 2-ին Արցախի դէմ շղթայազերծած քառօրեայ յարձակումէն մէկ ամիս ետք Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաքին մէջ գումարելու քայլը եկաւ ընդգծելու անոնց ամբողջական ու անվերապահ աջակցութիւնը Արցախի Հանրապետութեան ու ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ` հանրապետութեան անկախութեան միջազգային ճանաչման, բարգաւաճման ու անվտանգութեան ապահովութեան ուղղուած անոնց ջանքերը յաւելեալ վճռակամութեամբ հետապնդելու հաւաստիութիւնը: Այդ ժողովը չէր կրնար այլուր գումարուիլ. այդ պատգամը սնամէջ ու կեղծ պիտի ըլլար, եթէ խորհրդաժողովը գումարուէր մէկ այլ երկրի մայրաքաղաքին մէջ:

– Նախագահին հետ հանդիպման վայրի ընտրութիւնը զբօսաշրջութեան առիթի ստեղծման համար չէր, այլ` քարոզչական խիստ կարեւոր քայլ մը, որ կու գար առաւել եւս լրջացնելու վերոնշեալ պատգամը: Շփման գիծէն շուրջ 3-4 քիլոմեթր հեռու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահին, պաշտպանութեան նախարարին, ներքին գործոց նախարարին, ընդհանուր դատախազին, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավարին, նախագահի աշխատակազմի ղեկավարներուն, տեղապահներուն, բանբերներուն եւ աշխարհասփիւռ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ղեկավարներուն ու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցած բացօթեայ հանդիպումն ու ճաշկերոյթը «թորք»-երուն կը փոխանցէր հետեւեալ պատգամը. «Մենք ձեզմէ վախցողը չենք եւ այնքան ինքնավստահ ենք, որ ձեր քիթին տակ, անօդաչու թռչող սարքերուն, ռումբերուն ու հրթիռներուն համար հասանելի վայրի մը մէջ մեր երկրին բարիքներով լեցուն սեղան կը շտկենք ու կենացներ կը խմենք»:

– Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու եռօրեայ խորհրդաժողովին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ գումարումը ոչ միայն տեղւոյն իշխանութիւններուն ու Հայ դատի յանձնախումբերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ յարաբերութեան ու գործակցութեան, ինչպէս նաեւ իշխանութիւններուն կողմէ անոնց գործունէութեան կարեւորութեան գիտակցման գործնական արտայայտութիւնն էր, այլ նաեւ կ՛ընդգծէր այն պատգամը, թէ խորհրդաժողովի մասնակիցները արտասահմանի մէջ ներկայացուցիչներն են Արցախին ու անոր ժողովուրդին:

Այցելութիւնը նաեւ առիթ մը եղաւ մօտէն ծանօթանալու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաքին` խաղաղ ու շէն Ստեփանակերտին, ինչպէս նաեւ` անոր հիւրընկալ ու բարի բնակչութեան:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ