(ՀՈՐԻԶՈՆ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ) Կիրակի, Ապրիլ 24, 2016 ին, ողջ Վանգուվըրահայութիւնը հաւաքուած էր Վանգուվըրի Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողի կողքին գտնուող “Mountain View” գերեզմանատան դահլիճին մէջ, ոգեկոչելու 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն սրբադասուած զոհերու յիշատակը, կազմակերպութեամբ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Պրիթիշ Գոլոմպիայի միացեալ յանձնախումբին:
Միասնական պատարագ տեղի ունեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեաց Առաքելական եւ Ս. Վարդան Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցիներու կողմէ պատարագիչ ունենալով Տէր Գեղարդ Աւագ Քահանայ Կարապետեան իսկ քարոզիչ ունենալով Հայր Հրանդ Վարդապետ Թահանեան:
Աւելի քան 350 հայորդիներու ներկայութեամբ կայացած ձեռնարկին բեմավարն էր Ընկեր Օհան Կիւրէղեան:
Գեղարուեստական յայտագիրին մաս կազմեցին Վանգուվըրի ՀՅԴ «Քրիստափոր Միքայէլեան» Պատանեկան Միութեան Մասնաճիւղի անդամներ եւ տաղանդաւոր պատանիներ:
Յիշատակման այս հաւաքին ներկայ էին հայ ժողովուրդի արդար դատին հաւատացող Գանատացի քաղաքական դէմքեր: Խօսք առին՝ Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Օրէնսդիր Մարմնի անդամ Adrian Dix, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ հպարտ է բաժնեկից դառնալու Վանգուվըրի Հայ գաղութի եւ Վանգուվըրի Հայ Դատի յանձնախումբին տարած աշխատանքներուն եւ ինքզինք կը նկատէ վանգուվըրահայ ընտանիքին մէկ անդամը:
Յատկանշական էր Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Խորհրդարանի Խօսնակ Լինտա Ռիտի ներկայութիւնը ամբողջ օրուայ ընթացքին:
Օրուան բանախօսն էր Օթթաուայէն հրաւիրուած Արամ Աճէմեանը, որ ներկայացուց իր գիրքը՝ The Call From Armenia: Canada’s Response to the Armenian Genocide:
Պարգեւատրուեցան Վանգուվըրըի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողի հեղինակը՝ Մաթիլտա Ասլիզատէն եւ քանդակագործ՝ Համօ Իսմայէլեանը:
Ձեռնարկը վերջ գտաւ միասնական աղօթքով:
Մեղրիկ Սիւլահեան Չափանեան