(CDCA France) Le débat remporté haut la main de Franck Papazian co President du CCAF et membre du bureau mondial de la FRA Dachnaktsoutioun face à l’ambassadeur d’Azerbaïdjan.
Face au mensonge azéri, le calme et la détermination pour la justice et la paix l’emporte.
Ի վերջոյ տեղի ունեցաւ Մուրատ Փափազեան – Էլչին Ամիրպայեւ վիճարկումը
(ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ) CCAF-ի համանախագահ Մուրատ Փափազեանի եւ Ազէրպայճանի Փարիզի դեսպան Էլչին Ամիրպայեւի Ապրիլ 7ի երեկոյեան հեռատեսիլի France 24 կայանէն նախատեսուած վիճարկումը տեղի չէր ունեցած: Մինչ Մ. Փափազեան այնուհետեւ յայտարարած էր, թէ ազէրի դեսպանը հրաժարած է այդ քայլէն, Ազէրպայճանի դեսպանատունն ալ հերքելով այդ պնդումը ըսած էր, թէ այդ չի համապատասխաներ իրականութեան:
Վիճարկումը ի վերջոյ տեղի ունեցաւ Ապրիլ 12ի երեկոյեան, հեռատեսիլի նոյն կայանի նոյն յայտագրի ծիրին մէջ («Վիճարկում»):
Նախ խօսք առնելով Ազէրպայճանի դեսպանը, պնդեց, թէ Հայաստանի իր պաշտօնակիցը մերժած է վիճարկել իր հետ, բայց ինք առիթը չմսխելու համար ընդունած է այս հրաւէրը, «քանի, պէտք է վերահաստատել իրականութիւնը, ի տես՝ Ֆրանսայի հայկական լոպիին ապատեղեկատուական ծաւալուն քարոզչութեան»: Պատասխանելով լրագրողուհիին հարցումին, ըսաւ թէ 1994էն ի վեր հրադադարի այս ծանր խախտումը տեղի ունեցաւ որովհետեւ «Ազէրպայճանի պատկանող հողերուն վրայ (Արցախ եւ շուրջի շրջանները) կը գտնուին, օտար՝ Հայաստանի ուժերու գրաւման տակ»: Աւելցուց, թէ հայկական կողմն է, որ սկսած է վերջին յարձակումները, նպատակ ունենալով ընդարձակել «իր գրաւած հողերը» եւ «շարունակել ցեղային մաքրագործումը»: Այս առթիւ յիշեց Հայերու «գործած Խոճալուի ցեղասպանութիւնը»:
Իր կարգին Մուրատ Փափազեան ըսաւ, որ փափաքած է մասնակցիլ այս վիճարկումին, հերքելու համար Ազէրպայճանի ստայօդ քարոզչութիւնը: Ըսաւ, թէ նոր չէ, որ հրադադարի խախտում տեղի կ՚ունենայ, այլ՝ 1994ին անոր հաստատումէն ի վեր Ազէրպայճան ամէն տարի հազարաւոր անգամներ կը խախտէ այդ հրադադարը: Ամբաստանեց այդ երկիրը, որ կը մերժէ շփման գիծին վրայ հրադադարի խախտումները արձանագրող ելեկտրոնային սարքերու զետեղումը: Յիշեց, որ Արցախ պատմականօրէն հայկական հող եղած է եւ 1923ին Սթալինի կողմէ յանձնուած է Ազէրպայճանին: Փափազեան յիշեց նաեւ Արցախի ինքնորոշման օրերուն Ազէրիներու գործած ջարդերը:
Երբ լրագրողուհին պնդեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղը վարչականօրէն, միջազգային հանրութեան ակնոցով՝ ազէրպայճանական հող է, Մ. Փափազեան բացատրեց, թէ 1994ին ստեղծուած Մինսքի խումբի առաքելութիւնը այդ հարցին լուծում գտնելն է: Ըսաւ, թէ այդ թուականէն ի վեր, Ազէրպայճան կը մերժէ առաջարկուած խաղաղութեան բոլոր ծրագիրները:
Ապա, լրագրողուհին Ամիրպայեւին հարցուց թէ ի՞նչ կը մտածէ այն պնդումներուն մասին, ըստ որոնց Ազէրպայճան կը փորձէ հրահրել հակամարտութիւնը, երկրին ընկերա-տնտեսական հարցերը քօղարկելու համար, «քանի ծանօթ է, որ նախագահ Ալիեւ մեծ ժողովրդավար մը չէ»: Դեսպանը բնականաբար հերքեց այդ վարկածը, աւելցնելով թէ կատարեալ ժողովրդավարութիւն գոյութիւն չունի եւ թէ այդ մասին դասեր ստանալու նպատակ ալ չունին: Պնդեց, թէ սթաթու քուօն լուծում մը չէ եւ թէ Մինսքի խումբի համանախագահ երեք երկիրներն ալ համաձայն են ատոր եւ թէ Արեւմուտքը իրենց կողքին է: Առիթէն օգտուելով, լրագրողուհին հարց տուաւ, թէ արդեօք ատոր ետին շահեր թաքնուած չե՞ն, ինչպէս նաւթը, կազը, եւլն.: Բայց ըստ Ամիրպայեւի այդ զօրակցութեան միակ պատճառը՝ միջազգային օրէնքներու յարգանքն է:
Ապա, որպէս լուծում, Մուրատ Փափազեան ըսաւ, թէ միջազգային հանրութեան հովանիին տակ՝ Արցախի մէջ պէտք է կազմակերպել ինքորոշման հանրաքուէ մը:
Ապա, երբ վերջինս սկսաւ քննադատել Ալիեւի վարչակարգը, յիշելով ապաժողովրդավար վարչութիւնը, Ալիեւի ընտանիքին «Փանամա Փէյփըրզ»ի գայթակղութեան առընչութիւնը, իր մենատիրական համակարգին համայն աշխարհի քննադատութեան արժանանալու երեւոյթը, Ամիրպայեւ ալ հակադարձելով ըսաւ, թէ այդ պնդումները առաւելաբար ի զօրու են Հայաստանի վարչակարգին համար, որ «անձնասպանական քաղաքականութիւն կը վարէ, վկայ՝ երկրին հայաթափումը»:
Պատասխանելով Մուրատ Փափազեանի ինքնորոշման հանրաքուէով լուծումի առաջարկին, ազէրի դեսպանը ըսաւ թէ ատիկա անընդունելի է, քանի որ «այդ հողերը մաքրագործուած են Ազէրիներէ եւ հիմա հոն նման հանրաքուէ կազմակերպելը չի համապատասխաներ միջազգային օրէնքներուն»: Եւ սպառնական ոճով աւելցուց, թէ «այսօր այլեւս 1992 թուականին չենք գտնուիր, այլ՝ 2016ին, եւ Ազէրպայճան աւելի երկար ժամանակ պիտի չհանդուրժէ իր հողերը գրաւուած տեսնելու»: Ըստ Ամիրպայեւի, հայկական ուժերը պէտք է հեռանան Ղարաբաղէն, ապա պէտք է ապահովել «մէկ միլիոն Ազէրիի վերադարձը իրենց հողերը»:
Վերջաւորութեան, ազէրի դեսպանը անգամ մը եւս ընդգծեց, թէ իր երկիրը երբեք պիտի չյօժարի Արցախի իշխանութեանց հետ բանակցութեան սեղան նստելու, Մուրատ Փափազեան ալ վճռական կերպով յայտարարեց, թէ Արցախ այլեւս երբեք պիտի չընդունի վերադառնալ ազէրպայճանական լուծին ներքեւ, քանի, որ «10 օր առաջ տեսանք, թէ ազէրպայճանական բանակը ինչ ձեւով ուզեց մաքրագործել Ղարաբաղը»:
Մուրատ Փափազեան ըսաւ նաեւ թէ իր մօտ ունի վերջին դէպքերուն առընչութեամբ ազէրպայճանի պատասխանատւութիւնը ապացուցող փաստեր եւ թէ զանոնք պիտի յանձնէ լրագրողուհիին:
Որպէս եզրակացութեան խօսք, լրագրողուհին ալ ըսաւ, թէ Ազէրպայճան իր կողքին ունի Թուրքիան, իսկ Հայաստանը՝ Ռուսաստանը եւ այս երկու երկիրներու յարաբերութիւններն ալ տագնապի շրջան մը բոլորելով՝ ա՛լ աւելի կը բարդանայ խնդրին լուծումը: