CDCA Presente La Situation En Turquie Et Le Droit Des Minorités

Le Comité de Défense de la Cause Arménienne (CDCA) Organise une table ronde le Vendredi 8 Avril 2016. La table ronde est Animée par Guillaume PERRIER, Journaliste.

Avec la participation de
Garo PAYLAN
Député du parlement turc (HDP)
Eyüp DORU
Représentant en Europe du (HDP)
Kaspar KARAMPETIAN
Président de la fédération Euro-arménienne (FEAJD)
Harout MARDIROSSIAN
Représentant du CDCA France

réalisation vidéo par Christian Ajamian AM alliance V

Photo: (De gauche) Harout Mardirossian, Garo Paylan, Guillaume Perrier, Eyüp Doru, Kaspar Karampetian

Türkiye’de Durum ve Azınlıklar Hukuku

Guillaume Perrier imzasını taşıyor
gazeteci
Garo Paylan
Türk Parlamento Üyesi (HDP)
Eyüp Doru
Avrupa Temsilcisi (HDP)
Kaspar Karampetian
Avrupa Ermeni Federasyonu Başkanı (EAFJD)
Harout Mardirossian
CDCA Fransa Örnek

Հայ Դատի յանձնախումբի կլոր սեղանը մասնակցութեամբ՝ Կարօ Փայլանի

(ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ) Հայ Դատի յանձնախումբը (CDCA) Ուրբաթ Ապրիլ 8ին, Փարիզի 9րդի թաղապետարանի «Ռոսինի» սրահին մէջ կազմակերպած էր Կլոր սեղան մը, նիւթ ունենալով՝ «Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական դիրքը եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները», ներկայութեամբ՝ Թուրքիոյ Խորհրդարանի քաջարի հայ երեսփոխան (ընտրուած՝ ընդդիմադիր HDP կուսակցութենէն) Կարօ Փայլանի: Բեմին վրայ իր կողքին տեղ գրաւած էին Հայ Դատի Պրիւսէլի գրասենեակէն Գասպար Կարապետեան, HDP-ի Եւրոպայի ներկայացուցիչ Էյիւպ Տորու, CDCA-էն Յարութ Մարտիրոսեան: Կլոր սեղանը վարելու հրաւիրուած էր լրագրող Կիյոմ Փէրիէ, որ «Թուրքիան եւ հայկական ուրուականը» հատորին համահեղինակն է: Թարգմանութիւնը որակաւոր էր, իսկ «Ռոսինի» սրահը՝ ծայրէ-ծայր լեցուն:
Ալեքսի Կէօվճեանի կողմէ օրուան հիւրերուն ներկայացումէն ետք, Կարօ Փայլան դատապարտեց Թուրքիոյ մէջ տիրող ֆաշականութիւնը, որ ի տարբերութիւն Եւրոպայի մէջ գոյութիւն ունեցածներու, պարտադրած է, որ 2500 փողոց կամ դպրոց կրեն Թալաաթի անունը: “Վարչակարգը կ՚ուզէ մեզ ծունկի բերել, սակայն մենք պիտի շարունակենք մեր պայքարը ֆաշականութեան դէմ: Մենք պիտի պայքարինք, այնքան ատեն, որ գոյութիւն պիտի ունենան Թալաաթ պողոտաներ” ըսաւ ան:
Իր կարգին՝ Էյիւպ Տորու ըսաւ, թէ Եւրոպացիները քաջատեղեակ են Քիւրտիստանի անցուդարձերուն, սակայն տնտեսական շահերը կը գերակշռեն. յաւելեալ՝ կայ նաեւ գաղթականները դէպի Եւրոպա արձակելու սպառնալիքը: Թրքական կառավարութեան խոսովանութեամբ իսկ, արդէն 400.000 քիւրտ ապաստանեալ կայ որպէս հետեւանք թրքական բանակին յարձակումներուն եւ բնակարաններու քանդումին:
Ինչ կը վերաբերի եկեղեցիներու վերջերս տեղի ունեցած գրաւման, յատկապէս Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոսի պարագային, Կարօ Փայլան յիշեցուց, որ 1915էն առաջ Սուրի թաղամասի բնակչութեան կէսը Հայերէ կը բաղկանար եւ թէ այդ եկեղեցւոյ վերակառուցումով փափաքած էին հայկական ներկայութիւնը վերահաստատել քաղաքին մէջ: Հայ եւ քիւրտ բնակիչներու իրաւունքները պէտք է վերականգնել, յայտարարեց ան:
Յարութ Մարտիրոսեան ըսաւ, որ Էրտողան կը փորձէ ստեղծել ճակատներ, իր ուզած ձեւով ղեկավարել կարենալու համար: Աւելցուց, թէ ան աջակցեցաւ Տահէշ-ի, ապա պատերազմ սանձազերծեց Քիւրտիստանի մէջ, շահելու համար ընտրութիւնները: Դէմ դնելու համար Թուրքիոյ՝ Եւրոպան պէտք է վերագտնէ իր արժէքները եւ հրաժարի գործընթացէն, նշեց ան: Եւ վերջապէս, աւելցուց, թէ Ուիլսընեան իրաւարարութիւնը պէտք է սեղան բերել:
Իր ելոյթին մէջ, Գասպար Կարապետեան յիշեցուց, թէ Թուրքիոյ նախագահը կը խօսէր դրացի երկիրներու հետ «զերօ հարց»ի մասին եւ այսօր կը տեսնենք ատոր արդիւնքը Սուրիոյ պարագայով: Թուրքիա պէտք է ընդունի, որ չի կրնար իր օրէնքները պարտադրել շրջանի երկիրներուն, ըսաւ ան:
Կիյոմ Փէրիէ խօսքը ուղղելով Կարօ Փայլանին, հարց տուաւ անոր, թէ «Կացութիւնը մութ է: Ի՞նչ կարելիութիւն մնացած է Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան ի նպաստ պայքարի առումով»:
Փայլան պատասխանեց, թէ անցեալին Օսմանցիներու չյարգուած խոստումները առաջնորդեցին հայկական յեղափոխական շարժումներու, ապա՝ համիտեան ջարդերուն: Այն ատեն, այն համոզումը գոյացաւ, որ տապալելով Ապտիւլ-Համիտը՝ կարելի պիտի ըլլար լուծել հարցը: Բայց յաջորդեցին Երիտթուրքերը եւ 1915ը: Այսօր, պէտք է դիմադրել Էրտողանի անցելապաշտ քաղաքականութեան, որ հալածանքի կ՚ենթարկէ բոլոր փոքրամասնութիւնները եւ ռմբակոծութիւններով կը յարձակի ժողովուրդին մէկ մասին վրայ: Պէտք է վերադառնալ բանակցութեանց սեղան:
Հոս, կարելի չէ անդրադառնալ բոլոր ըսուածներուն. ես մէջբերեցի ամենէն հետաքրքրականներէն մի քանին: Այնուհետեւ, խօսքը տրուեցաւ ներկաներուն, որոնք բազմաթիւ հարցումներ յղեցին: Տանք անոնցմէ երկուքը, որոնք հասցէագրուած էին Կարօ Փայլանին.-
– Ճի՞շդ է, որ ինք Թուրքիոյ Ազգային Ժողովէն պահանջած է ընդմիջել կիրակնօրեայ նիստերը, որպէսզի քրիստոնեայ երեսփոխանները կարենան կատարել իրենց պաշտամունքը, ինչպէս ուրբաթօրեայ ընդմիջումները՝ մահմետական ընտրեալներուն համար: Այո՛, հաւաստեց ան, աւելցնելով, որ ձեռք ձգած է իր պահանջածը:
– Ի՞նչ կարելի է ըսել յառաջիկայ Ապրիլ 24ի նշումներուն մասին, Պոլսոյ մէջ: Փայլան ըսաւ, թէ այս տարի ցոյց տեղի պիտի չունենայ ի տարբերութիւն անցեալ հինգ տարիներուն: Կառավարութիւնը արգիլած է նկատի ունենալով երկրին ներկայի իրավիճակը:

Մ. Ա.