ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Մինչ Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մնայուն Խորհուրդն ու Մինսքի խումբը Արցախի նուիրուած յատուկ ժողով կը գումարէին, Վիեննայի մէջ ապրող բազմահարիւր հայորդիներ իրենց մասնակցութիւնը բերին Արցախի զօրակցութեան նուիրուած հաւաքին։ Ցուցարարները, Հայաստանի ու Արցախի դրօշները բարձր պահած, դատապարտեցին վերջին օրերուն Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ կատարուած յարձակումներն ու գործուած ոճրագործութիւնները, զօրակցութիւն յայտնեցին Արցախին ու հայոց բանակին, ինչպէս նաեւ իրենց ձայնը լսելի դարձուցին ԵԱՀԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ հաւաքուած միջազգային դիւանագէտներուն։
AustrianAustrianCJD-LogoԱւստրիոյ Հայ Դատի գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած բողոքի ցոյցը սկիզբ առաւ մէկ վայրկեան լռութեամբ, յարգելու յիշատակը վերջին օրերուն Արցախի մէջ նահատակուած զինուորներուն ու զոհուած անմեղ քաղաքացիներուն։ Բողոքի ցոյցը շարունակուեցաւ կոչերով, Ազրպէյճանը դատապարտող պաստառներ բարձրացնելով ու հայրենասիրական երգերու կատարումով։
Ցոյցին ընթացքին ընթերցուեցաւ այս առթիւ պատրաստուած ու Մինսքի խումբին յանձնուելիք բողոքի նամակը՝ հայերէն, անգլերէն եւ գերմաներէն լեզուներով։ Նամակին մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբէն յստակօրէն կը պահանջուէր Ազրպէյճանը միջազգային պատասխանատուութեան կանչել անոր կողմէ միջազգային օրէնքի ու միջազգային մարդասիրական օրէնքի բացայայտ խախտումներուն համար, վերջ տալ զինուորական գործողութիւններուն եւ բանակցութիւններու ճամբով Արցախեան հակամարտութեան արդար լուծումի հասնիլ։
Ցոյցի աւարտին, Աւստրիոյ Հայ Դատի գրասենակէն անդամներ, Վիեննայի հոգեւոր հովիւին ընկերակցութեամբ, նշեալ նամակը փոխանցեցին Մինսքի խմբակին մէջ համանախագահ, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճէյմզ Ուորլիքին եւ շեշտեցին անհրաժեշտութիւնը, որ Մինսքի խումբը իր կարելին ընէ վերջին ժամերուն յայտարարուած զինադադարը պահպանելու ու Ազրպէյճանը մղելու իր վարած յարձակողական քաղաքականութենէն հրաժարելու։
Բողոքի ցոյցը վերջ գտաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով։

Աւստրիոյ Հայ Դատի Գրասենեակ
05 Ապրիլ 2016