Գանատայի Քեպէգ նահանգի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Տէյվիտ Պիրնպամ Ազգային Ժողովի Փետրուարի առաջին նիստին խնդրագիր մը ներկայացուց, որուն մէջ կը շեշտուի Հայոց, ցեղասպանութիւնը, հրեաներու Ողջակիզումը, եւ ռուանտացիներու ցեղասպանութիւնը Քեպէգի կրթական ծրագրին մէջ ընդգրկելու անհրաժեշտութիւնը։
Խնդրագիրի նախաձեռնողն է «Դպրոցներու մէջ ցեղասպանութեան պարտադիր ուսուցման համար հիմնարկ»ը (The Foundation for the Compulsory Study of Genocide in Schools), որ կը պահանջէ, որ ցեղասպանութեան նիւթը Քեպեքի երկրորդական վարժարաններուն մէջ դարձնել պարտադիր։ Այդ նիւթը ներկայիս ձգուած է ուսուցիչներու անհատական հայեցողութեան։ Վերոնշեալ խնդրագիրը-դիմումը աւելի քան 3000 ստորագրութիւն ապահոված է։
Մարտ 14-ին «Դպրոցներու մէջ ցեղասպանութեան պարտադիր ուսուցման համար հիմնարկ»ի ներկայացուցիչ Մարսի Պրուք եւ Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ Արամ Էլակօզ եւ Հրակ Շինչինեան հանդիպում ունեցան Քեպէգ նահանգի միջազգային յարաբերութեանց նախարար Քրիսթին Սէնթ Փիեռի հետ եւ քննարկեցին վերոնշեալ խնդրագրի հարցը։
Գանատայի Քեպեք նահանգի դպրոցներուն մէջ ցեղասպանութիւններու ուսուցումը ներառելու վերոնշեալ նախաձեռնութեան մէջ գործօն մասնակցութիւն կը բերէ Քեպէգ նահանգի Հայ Դատի յանձնախումբը։
Լուսանկար – Ձախէն՝ Արամ Էլակօզ, Քրիսթին Սէնթ Փիեռ, Մարսի Պրուք, Հրակ Շինչինեան