Հինգշաբթի 10 Մարտին, Սլովաքիայի դեսպան՝ Օքսանա Դոմովա այցելեց Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Մ.ի հայկական համայնքի կեդրոնը, ուր հանդիպեցաւ Կիպրահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:
Ան դիմաւորուեցաւ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Մ.ի ատենապետ Յակոբ Գազանճեանի եւ փոխ ատենապետուհի Լենա Պահատուրեանի, Հ.Յ. Դաշնակցութեան Կիպրոսի Կոմիտէութեան ներկայացուցիչ ընկ. Սիմոն Այնէճեանի, Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Մանուկեանի, Հ.Օ.Մ.ի Կիպրոսի «Սօսէ» մասնաճիւղի ատենապետուհի Վերա Դաւիթեանի եւ ատենադպրուհի Մէյպըլ Պայրագտարեանի, ինչպէս նաեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Մ.ի Սկաուտներու ներկայացուցիչ ժինա Նիկողոսեան Խաչատուրեանի կողմէ:
Այս հանդիպումը երկրորդն էր Դեսպանին հետ, յաջորդելով Յունուարին կատարուած հանդիպումին, որ տեղի ունեցած էր Նիկոսիոյ Սլովաքիայի դեսպանատան մէջ:
Կիպրահայ ներկայացուցիչները կրկնեցին իրենց յանձնառութիւնը, ամրապնդելու կապերը բոլոր Կիպրական կազմակերպութիւններու եւ կուսակցութիւններու միջեւ:
Հ.Յ. Դաշնակցութեան Կիպրոսի ներկայացուցիչ ընկ. Սիմոն Այնէճեան ըսաւ թէ Կիպրահայերու կապերը միշտ օրինակելի եղած են Թուրք եւ Յոյն կիպրացիներուն հետ, եւ նշեց ՝՝Մեր բոլոր կազմակերպութիւնները միշտ աշխուժ մասնակցութիւն ունեցած են միջ-համայնքային ձեռնարկներու, ցանկալով որ արդար եւ խաղաղ լուծում մը Կիպրոսի մէջ, ի վերջոյ իրականութիւն դառնայ:՝՝ Այնէճեան նշեց թէ անցեալ տարուայ նախաձեռնութիւնը, բացուելու Կիպրոսի թրքական համայնքի կուսակցութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն, քայլ մըն էր կամրջելու կապեր համայնքի մը հետ, որ կիպրահայերը խաղաղ կերպով ապրած եւ աշխատած են տասնամեակներ շարունակ:
Կիպրոսի Հայկական ներկայացուցիչները ունկնդրեցին Սլովաքիայի դեսպան՝ Օքսանա Դոմովայի տեսակէտներուն միացուած Կիպրոսի մը կապակցութեամբ, ինչպէս նաեւ, Սլովաքիայի Դեսպանատունի այդ նախաձեռնութեան մասին, որ Յոյն Կիպրական եւ Թուրք Կիպրական քաղաքական կուսակցութիւններ ի մի կը համախմբէ, որ կը շարունակուի մինչեւ օրս 26րդ տարի անդադար:
Մէկ ու կէս ժամ տեւող հանդիպումին ընդացքին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ատենապետ Յակոբ Գազանճեան եւ Հ.Օ.Մ.ի Կիպրոսի «Սօսէ» մասնաճիւղի ատենապետուհի Վերա Դաւիթեան, դեսպան՝ Դոմովայի ծանօթացուցին բազմածաւալ այդ գործունէութիւններուն, որոնք տեղի կ’ունենան հայկական կեդրոնէն ներս, մարզական, մշակութային, քաղաքական եւ մարդասիրական օգնութեան բնագաւառներէն ներս:
Լուսանկար – Ձախէն՝ Լենա Պահատուրեան, Յակոբ Մանուկեան, Յակոբ Գազանճեան, Օքսանա Դոմովա, Սիմոն Այնէճեան, ժինա Նիկողոսեան Խաչատուրեան, Վերա Դաւիթեան, Մէյպըլ Պայրագտարեան