(ՀՈՐԻԶՈՆ) Կիրակի 13 Մարտ 2016ին Երեկոյեան ժամը 7:00 ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ զեկուցական հաւաք մը, որուն ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի Նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Գանատայի Շրջանային Մարմնի Ներկայացուցիչն ու Քէպէքի Հայ Դատի Յանձնախումբերու Ներկայացուցիչը պիտի ներկայացնեն Հայ Դատի յանձնախումբերու տարած աշխատանքները՝ յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի հանգրուանի ընթացքին։
«Հայ Դատի Աշխատանքները Այսօր» խորագիրը կրող զեկուցական հաւաքը կազմակերպուած է ՀՅԴ «Մ. Փափազեան» Կոմիտէի Քարոզչական Յանձնախումբին կողմէ։