Կիրակի Մարտ 6-ին, Գանատայի խորհրդարանի նորընտիր անդամ Էվա Նասիֆ այցելեց Լաւալի Հայ կեդրոն։ Ծագումով լիբանանցի տիկին Նասիֆ նախ ներկայ գտնուեցաւ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ արարողութեան, որմէ ետք հանդիպեցաւ Լաւալի Հայ կեդրոնին մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան հետ։ Էվա Նասիֆի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին իր կողակիցը՝ Ճորճ Ապի Սաատը եւ քաղաքական յարաբերութեանց պատասխանատու Վիգէն Տարագճեան։