ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր տարեկան Հայ Դատի երեկոն տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Մարտ 5ին, Սան Ֆրանսիսքոյի «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ (825 Brotherhood Way)։
Ձեռնարկի գլխաւոր բանախօսն է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան, իսկ յատուկ հիւրը՝ Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան։
Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Մեթ Սենեքերիմեան կը յայտնէ, թէ մինչ Ռոպերթ Աւետիսեան տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ Արցախի տագնապի նորագոյն իրադարձութեանց մասին, Նորա Յովսէփեան պիտի զեկուցէ Հայ Դատի գործունէութեան մասին, յատկապէս՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն ետք։
Ձեռնարկին ընթացքին, Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Դատի յանձնախումբի «Տեղացի Հերոս» մրցանակով պիտի մեծարուի «Սթենֆըրտ» համալսարանէն Անահիտ Երեմեան, Երեւանի Պետական համալսարանի Բնագիտութեան հիմնարկին մէջ գործող Անջրպետային ճառագայթի բաժանմունքին օժանդակող մարմինը համահիմնադրելուն համար:
Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Դատի յանձնախումբի սոյն տարեկան երեկոն ի մի կը բերէ հարիւրաւոր համակիրներ։ Մասնակցութեան սակը 125 տոլար է, իսկ ուսանողներու համար՝ 75 տոլար։ Յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու կամ տեղեր ապահովելու համար, դիմել info@ancsf.org հասցէին կամ (415) 387-3433 թիւին։