Յունուար 13-ի առաւօտուն, Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի ներկայացուցիչներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, Նիկոսիոյ մէջ երկու առանձին հանդիպումներ ունեցաւ։
ՀԴՅ-ի եւ ՀՅԴ-ի պատուիրակութիւնը կը բաղկանար ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի Ներկայացուցիչ ընկ. Սիմոն Այնէճեանէ, Կոմիտէի անդամ ընկ. Յակոբ Մանուկեանէ, ինչպէս նաեւ՝ ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի վարչութեան ատենապետ ընկ. Յակոբ Գազանճեանէ։
Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ կիպրական հարցի բանակցութիւններուն՝ յոյն-կիպրական կողմի բանագնաց Անտրէաս Մավրօյիաննիսի, իսկ երկրորդը՝ Կիպրոսի մօտ Սլովաքիոյ դեսպան Օքսանա Թոմովայի հետ։
Երկու հանդիպումներուն ընթացքին, սիրալիր մթնոլորտի մէջ, արծարծուեցան կիպրական հարցի խաղաղ լուծման համար զարգացող՝ զանազան հանգրուանները, ինչպէս նաեւ՝ վաղուայ կառուցուելիք դաշնակցային Կիպրոսին մէջ, կիպրահայ համայնքի եւ յատկապէս՝ մեր կազմակերպութիւններու մասնակցութեան հնարաւորութիւնները։
Պատուիրակութեան անդամներուն կողմէ, Սլովաքիոյ դեսպանին առաջարկուեցաւ, որ ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէն մասնակցի Սլովաքիոյ դեսպանատան նախաձեռնած՝ յոյն-կիպրական եւ թուրք-կիպրական կուսակցութիւններու՝ վերամերձեցման հարթակին, որու ճամբով կիպրահայ համայնքը կարենայ աւելի մեծ մասնակցութիւն ունենալ, Կիպրոսի խաղաղութեան գործընթացին։
Պատուիրակութեան անդամները հրաւիրեցին դեսպան Օքսանա Թոմովային, ինչպէս նաեւ՝ բանագնաց Անտրէաս Մավրօյիաննիսին, որ այցելեն Նիկոսիոյ մեր կեդրոնը։