Դեկտեմբեր 1-ին, Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ Վահէ Անտոնեան եւ Յակոբ Տէր Յակոբեան մասնակցեցան Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի Ազգային Ժողովի խօսնակ Լինտա Րիտի հրաւիրած պաշտօնական ընդունելութեան, որուն ընթացքին Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը առիթը ունեցաւ յատուկ առանձնազրոյցներ ունենալու Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի մշակութային եւ մարզական հարցերու նախարար Փիթըր Ֆէսպէնտըրի, երկրագործութեան նախարար Նորմ Լէթնիքի, ինչպէս նաեւ Ազգային Ժողովի անդամներ Տակ Պինկի, Լինտա Ռէյմըրի եւ Րալֆ Սուլթանի հետ։ Առանձնազրոյցներու ընթացքին արծարծուեցաւ Գանատա հաստատուող սուրիահայ գաղթականներու օժանդակութեան հարցը։
Լուսանկար – Ձախէն՝ Յակոբ Տէր Յակոբեան, Փիթըր Ֆէսպէնտըր, Վահէ Անտոնեան, Տակ Պինկ