ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ «ՍԵՒՐԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ»Ի ՄԱՍԻՆ

(ԱԶԴԱՐԱՐ) Շարունակելով հետաքրքրական եւ օգտաշատ դասախօսութիւններու շարքը, Քուէյթի Հայ Դատի Յանձնախումբը Չորեքշաբթի, 4 Նոյեմբեր 2015-ին կազմակերպեց հերթական դասախօսական երեկոն, Հովանաւորութեամբ՝ Քուէյթի եւ Շրջակայից Թեմի Առաջնորդ գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեանի։
Երեկոն նուիրուած էր Սեւրի Դաշնագիրին եւ Ուուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռի 95 ամեակին։
Դասախօսական երեկոյի բացումը կատարեց Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Պրն. Տիգրան Պայաթեան։ Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ դիտել տուաւ, որ Սեւրի Դաշնագիրն ու իրաւարար վճիռը մերօրեայ պատմութեան մէջ յոյժ կարեւոր փաստաթուղթեր են եւ անհրաժեշտ է անոնց մասին լաւատեղեակ ըլլալ։
Այնուհետեւ նիւթին վերաբերող կարճ տեսաերիզ մը ցուցադրուեցաւ, որմէ ետք հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս Բժ. Մանուկ Մանուկեան։
Ակնարկելէ ետք հայութեան մէկուկէս դարու պատմական ուշագրաւ դէպքերուն եւ անոնցմէ բխած դաշնագիրներուն, բանախօսը տարբեր պրիսմակերէ ցոյց տուաւ Սեւրի Դաշնագիրի էութիւնն ու կարեւորութիւնը՝ ընդհանրապէս տարածաշրջանին եւ մասնաւորապէս հայ ժողովուրդին համար։
Շուրջ մէկ ժամուան ընթացքին Բժ. Մանուկ Մանուկեան, ի շարս պատմական եւ քաղաքական ուսումնասիրութիւններու, ներկայացուց նաեւ դաշնագիրի բոլոր այն յօդուածները, որոնք կ՚առնչուէին Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին եւ անոնց շուրջ մանրազննին վերլուծումներ կատարեց։
Աւարտին, ներկաներուն առիթ ընծայուեցաւ ընել հարցադրումներ, որոնց տրուեցան սպառիչ պատասխաններ։

ՃՈՐՃ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ

Լուսանկար՝ Մանուկ Մանուկեան