Կիրակի, 18 Հոկետմբերի երեկոյեան՝ ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի ակումբին մէջ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան մանրամասն զեկուցում մը ներկայացուց Եւրոպայի տարածքին վերջին տարուայ աշխատանքներուն մասին:
Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած երեկոյին խօսք արնելով, Կարապետեան անդրադարձաւ Յանձնախումբին կատարած բազմաճիւղ գործունէութեան, յատկապէս նշելով «Զուիցերիա ընդդէմ Փերինչէք» դատին վճիռը, Յանձնախումբի դիտորդական առաքելութիւնները Թուրքիոյ ընտրութիւններուն, Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի, Սուրիոյ եւ Իրաքի կապակցութեամբ տարուած քաղաքական լայնատարած յարաբերութիւնները:
Ներկաները լարուած ոշադրութեամբ հետեւեցան մէկուկէս ժամէն աւելի տեւած զեկուցումին, որմէ ետք Գասպար Կարապետեան պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն:
Նկար – Ձախէն՝ Գասպար Կարապետեան, Սարհատ Տէմիրճեան (Հայ Դատ – Կիպրոս)