WASHINGTON, DC – Armenian Revolutionary Federation and Armenian National Committee of America leaders met with Armenia’s President Serzh Sargsyan during his September 30th visit to Washington, DC.
Those meeting with President Sargsyan were Armenian Revolutionary Federation (ARF) Bureau member Hagop Der Khatchadurian, ARF Eastern U.S. Central Committee member Hovsep Avakian, former ANCA Chairman Garo Armenian, current ANCA Chairman Ken Hachikian, and ANCA Executive Director Aram Hamparian. The meeting addressed a broad range of pan-Armenian concerns, including the escalation of Azerbaijani aggression and the efforts by House Foreign Affairs Committee Chairman Ed Royce and Ranking Member Eliot Engel (D-NY) to end the OSCE’s failed policy of false parity in response to Baku’s growing belligerence. The participants also discussed the security and welfare of Syrian Armenians, Constitutional reforms in Armenia, the development of U.S.-Armenia economic relations – including through a new bilateral Tax Treaty, and the Armenian Genocide Centennial.
Joining President Sargsyan in this meeting were Foreign Minister Edward Nalbandian, Ambassador to the U.S. Tigran Sargsyan, and the President senior staff.
ՀՅԴի եւ ԱՄՆի Հայ Դատի Յանձնախումբի պատուիրակութիւն մը կը հանդիպի Նախագահ Սարգսեանին հետ
Ուաշինկթըն – Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ԱՄՆ Հայ Դատի պատուիրակութիւն մը հանդիպեցաւ Նախագահ Սերժ Սարգսեանին, անոր Սեպտեմբեր 30ին Ուաշինկթըն այցելութեան ընթացքին:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Յովսէփ Աւագեան, ԱՄՆի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախկին ատենապետ Կարօ Արմէնեան, ԱՄՆի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայ ատենապետ Քէն Հաչիկեան եւ ԱՄՆի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան համազգային խնդիրներ ներառեալ Ատրպէյճանի յարձակողականութեան սրումը, ինչպէս նաեւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Էտ Ռոյս եւ Էլիըթ Էնկըլի ջանքերը ԵԱՀԿի «արհեստական հաւասարութեան» ձախողած քաղաքականութիւնը դադրեցնելու ի պատասխան Ատրպէյճանի ռազմամոլութեան:
Հանդիպման մասնակիցները քննարկեցին նաեւ Սուրիահայերու ապահովութիւնն ու բարեկեցութիւնը, Հայաստանի Սահմանադրական բարեփոխումները, ԱՄՆ – Հայաստան տնտեսական կապերը ներառեալ նոր, երկկողմանի Հարկային Պայմանագրի մասին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցը:
Նախագահ Սարգսեանին կ’ընկերակցէին ԱԳ Նախարար Էդուարդ Նալպանտեան, ՀՀ ԱՄՆի մօտ դեսպան Տիգրան Սարգսեան եւ նախագահի բարձրաստիճան անձնակազմը: