Brussels, 24 June, 2015: Zoe Konstantopoulou, President of the Hellenic Parliament, received a joint delegation of European Armenian Federation for Justice and Democracy (EAFJD) and Armenian National Committee of Greece (ANC Greece), comprised by EAFJD President Kaspar Karampetian, ANC Greece Chairman Hagop Hovaguimian, and ARF – Dashnaktsutyun Greece representative, Kerop Ekizian. Giorgos Thalassis, Secretary General of the Hellenic Parliament, was present, as well.
The President of the Hellenic Parliament reaffirmed, that in October 2015 an exhibition will take place to commemorate the centennary of the Armenian Genocide, in the premises of the Parliament, and that she looks forward to having the Republic of Armenia National Assembly Speaker Galust Sahakyan, as well as Armenian and Greek high ranking officials. The Armenian delegation offered its readiness to assist in the realization of this exhibition.
The need to strengthen even more the good relations between Armenia and Greece were also discussed, and the formation of a Friendship Group between both, the Armenian and Greek Parliaments. The joint EAFJD ANC-Greece delegation offered its help in this matter, too.
Issues of the Greek Armenian community’s difficulties were also discussed, especially the financial hardship of the educational institutes. Zoe Konstantopoulou promised to assist the community to find solutions, for the Armenian schools to continue to operate.
The President of the Hellenic Parliament once again affirmed the undeniable fact of the Armenian Genocide perpetrated by Ottoman Turkey, and the readiness of the Greek Parliament to assist the Armenian people in their struggle for Justice.
An exchange of views took place in regard to the Greek financial crisis, as well as the reparations of Germany to Greece, in regard to the damages inflicted on Greece during World War II.
Zoe Konstantopoulou was in Yerevan, on 24 April, 2015, during the official commemoration events of the Armenian Genocide centennary. During her visit in Armenia, she also met with ARF – Dashnaktsutyun Buro representatives.
Photo: (L-R) Hagop Hovaguimian, Kerop Ekizian, Kaspar Karampetian, Zoe Konstantopoulou, Giorgos Thalassis (source: Azad Or Armenian Daily, Athens, Greece)
Հանդիպում՝ Յունաստանի խորհրդարանի նախագահին, Եւրոպայի եւ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբերուն եւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան միջեւ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Յունաստանի մէջ քաղաքական եւ Հայ Դատի առնչուող հանդիպումներու ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի՝ 24 Յունիս 2015ի երեկոյեան, Հ.Յ.Դ. պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի խորհրդարանի նախագահ Զոի Գոնստանտոբուլուի հետ, հելլէն խորհրդարանէն ներս։
Պատուիրակութիւնը կը բաղկանար Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Քերոբ Էքիզեանէ, Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ ընկ. Գասպար Կարապետեանէ եւ Հ.Յ.Դ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Յակոբ Յովակիմեանէ։
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Եորղոս Թալասիս։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղաւ Զոի Գոնստանտոբուլուի Հայաստան կատարած այցելութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի կեդրոնական ելոյթներու ծիրէն ներս Ապրիլ 24ին ու, յատկապէս, Երեւանի մէջ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի հետ հելլէն խորհրդարանի նախագահին ունեցած հանդիպման մասին։ Յունաստանի խորհրդարանի նախագահին հետ տեսակցութեան ընթացքին արծարծուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին կազմակերպումը, որ պիտի իրագործուի Հոկտեմբեր 2015ին՝ հելլէն խորհրդարանի ցուցասրահին մէջ։ Նախագահ Գոնստանտոբուլու վերահաստատեց հելլէն խորհրդարանին կողմէ ցուցահանդէսի կազմակերպման ստանձնումը ու յայտնեց, թէ կ՚ակընկալէ որ ցուցահանդէսի բացման ներկայ պիտի ըլլան Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Պր. Գալուստ Սահակեան, ինչպէս նաեւ բարձրագոյն կարգի յոյն պետական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ։ Հ.Յ.Դ. պատուիրակութիւնը յայտնեց մեր պատրաստակամութիւնը՝ գործնական կերպով սատարելու ցուցահանդէսի յաջող իրագործման, որուն համար նախագահը իր գնահատանքը արտայայտեց։
Հանդիպման ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ Յունաստանի եւ Հայաստանի միջեւ կապերու առաւել սերտացման ու ընդլայման մասին եւ, այդ շրջագիծէն ներս, արծարծուեցաւ Յունաստանի խորհրդարանի Հայաստանի հետ Բարեկամութեան Խումբի կազմութեան հարցը։ Այս ուղղութեամբ, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը պատրաստակամութիւն յայտնեց, Բարեկամութեան Խումբի կազմութեան համար, իր առաջարկները ներկայացնել կարգ մը երեսփոխաններու վերաբերեալ։ Այնուհետեւ խօսակցութիւնը ծանրացաւ յունահայ համայնքի կրթական հաստատութիւններու դիմագրաւած հարցերուն վրայ, որոնց լուծման համար դիմուեցաւ նաեւ հելլէն խորհրդարանի նախագահի օժանդակութեան։ Իր կարգին, Զոի Գոնստանտոբուլու յատուկ հոգածութիւն ցուցաբերեց յունահայ համայնքի կրթական հարցերու բարւոք լուծման համար եւ խոստացաւ իր կարելին ընել՝ սատար կանգնելու համար մեր վարժարաններու գոյատեւման աշխատանքին։
Նոյնպէս կարծիքներու փոխանակում տեղի ունեցաւ Յունաստանի դիմագրաւած տնտեսական ճգնաժամի մասին։ Խորհրդարանի նախագահը ներկայացուց «Յունաստանի պարտքի իրական պատկեր» խորագրով խորհըրդարանի յատուկ յանձնախումբի կողմէ պատրաստուած գրաւոր զեկուցումը, ինչպէս նաեւ Բ. Աշխարհամարտի վերաբերեալ Յունաստանի կողմէ Գերմանիայէն պահանջուած պատերազմական հատուցումներու հարցը։
Հ.Յ.Դ. պատուիրակութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց միջազգային ատեաններու մօտ Յունաստանի կատարած ջանքերուն, որոնց ուր որ հնարաւոր է աջակցելու պատրաստակամութիւն ցոյց տալով։
Հանդիպման առիթով Յունաստանի խորհրդարանի նախագահը յատուկ կերպով շեշտեց Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ կատարուած Հայոց Ցեղասպանութեան անժխտելի իրողութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ հայ ժողովուրդի արդար պահանջներուն զօրավիգ կանգնելու Յունաստանի խորհրդարանի անվերապահ պատրաստակամութիւնը։