ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Սան Կապրիէլ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է նեցուկ կանգնիլ Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի ընտրութեանց թեկնածու Թոնի Մենտոզայի ընտրապայքարին: Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի նախկին անդամ մը հանդիսացող Մենտոզան կը փորձէ 32րդ ընտրատարածքը ներկայացնել նահանգային Ծերակոյտին մէջ:
Նոր սահմաններ ունեցող 32րդ ընտրատարածքին նախնական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Յունիս 3ին. անոնց ընթացքին ամենաշատ քուէներ ապահոված երկու թեկնածուները իրարու դէմ պիտի մրցին Նոյեմբեր 4ի ընդհանուր ընտրութեանց ընթացքին:
Սան Կապրիէլ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Վիգէն Բագրատունի կը յայտնէ, թէ Թոնի Մենտոզա հարկաւոր նախադրեալներն ու փորձառութիւնը ունի նշեալ ընտրաշրջանը ներկայացնելու Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտին մէջ:
«Կը հաւատանք, որ ան յատկանշական բարեփոխումներ պիտի իրագործէ ընտրաշրջանի համայնքներուն համար, եւ շրջանի հայութիւնը ունի երաշխիքներ, թէ ան նեցուկ պիտի կանգնի հայութեան շահերուն եւ առաջնահերթ պիտի դարձնէ զանոնք», կ՛աւելցնէ Բագրատունի:
Մենտոզա աւելի քան 10 տարի ուսուցչութեամբ զբաղած է Արեւելեան Լոս Անճելըսի վարժարաններուն մէջ: 1997ին, ան ընտրուած է Արթիժայի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ երկու առիթներով վերընտրուած է՝ արդիւնաբեր պաշտօնավարութիւն ունենալով: 2006ին, Մենտոզա ընտրուած է Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ՝ ներկայացնելով 56րդ ընտրատարածքը. յատկանշական ծրագիրներ իրականացուցած է՝ յատկապէս կրթական ու առողջապահական յաւելեալ սպասարկութիւններ ապահովելով ընտրատարածքի կարիքաւոր քաղաքացիներուն համար:
Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի 32րդ ընտրատարածքին մէջ կ՛իյնան հետեւեալ քաղաքներն ու շրջանները՝ Արթիժա, Պելֆլաուըր, Պուէնա Փարք, Սերիթոզ, Քամըրս, Տաունի, Հասիէնտա Հայց, Լա Միրատա, Լէյքուուտ, Լոս Նիէթոս, Մոնթեպելլօ, Նորուաք, Փիքօ Ռիվերա, Ռոզ Հիլզ, Սանթա Ֆէ Սփրինկզ եւ Հարաւային Ուիթիըր: