(ՀՈՐԻԶՈՆ) Յունիս 1-ին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան Մոնթրէալի մէջ հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Քեպէգ նահանգի միջռկառավարական հարցերու նախարար Ժան-Մարք Ֆուռնիէի հետ։ Հանդիպման ընթացքին յատկապէս արծարծուեցաւ Հայաստանի եւ Քեպէգ նաահանգի առեւտրական կապերն ու փոխ յարաբերութիւնները զարգացնելու հարցը։ Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Մոնթրէալ-Երեւան եւ Լաւալ-Գիւմրի քոյր քաղաքներու կապերը աւելի ամրապնդելու առնչութեամբ։ Հանդիպման ներկայ էր Մոնթրէալի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վարանդ Եափուճեան։
Նկար – Ձախէն՝ Աղուան Վարդանեան, Ժան-Մարք Ֆուռնիէ