(ՀՈՐԻԶՈՆ – 25 Մայիս) Մայիս ամսուան վերջին օրերը կը խորհրդանշեն Հայաստանի անկախութեան եւ ազգային պետականութեան կերտումը:
Այս օրերը կը խորհրդանշեն յաղթանակ:
Մայիս ամսուան վերջին օրերը յիշատակելի են իւրաքանչիւր հայու համար:
Այս օրերը հանդիսաւոր տօնակատարութիւններով կը յիշատակուին իւրաքանչիւր հայ գաղութի մէջ:
Արդարեւ, Թորոնթոյի ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» Կոմիտէութեան հովանաւորած Մայիսեան Յաղթանակի տօնակատարութիւններու շարքին առաջինը տեղի ունեցաւ 23 մայիս 2015ին, կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Հայ Դատի Յանձնախումբին:
Բազմահարիւր հայորդիներ հաւաքուած էին Մարքամի Քաղաքապետարանի շէնքին առջեւ ուր տեղի պիտի ունենար Հայաստանի Անկախութեան 97-ամեակի քաղաքական նշումը: Անոնց կ’ընկերակցէին Հոգեւոր Պետեր՝ Տէր Կոմիտաս Աւագ Քահանայ Փանոսեան, Վերապատուելի Ռընէ Լեւոնեան եւ Վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեան, Մարքամի Քաղաքապետի փոխանորդ՝ Jack Heath, Գանատայի խորհրդարանի անդամ երեսփոխաններ՝ Paul Calandra եւ John McCallum, Մարքամի Շրջանային եւ Տեղական Խորհրդատուներ ինչպէս նաեւ ՀՅԴ «Ս. Թէհլիրեան» Կոմիտէի, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Հայ Կեդրոնի յարկին տակ գործող միութիւններու ներկայացուցիչներ:
ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանի ԺԱ. եւ ԺԲ. Կարգի աշակերտներ, ՀՅԴ ԳԵՄի «Սիմոն Զաւարեան» Մասնաճիւղի անդամներ՝ Գառնի Կարապետեան եւ Ճանի Տէր Յովակիմեան բարի գալուստի խօսքեր արտասանեցին եւ օրուան հանդիսութիւնը բացուած յայտարարեցին:
Հոգեւոր Պետերը օրհնեցին Եռագոյնը, որ Հայաստանի Օրհներգի միացեալ երգեցողութեամբ բարձրացուեցաւ, ձեռամբ Jack Heathի եւ ՀՄԸՄի սկաուտներուն:
Ապա Կարապետեան եւ Տէր Յովակիմեան փոխանցեցին մայիսեան յաղթանակի պատմականը եւ անոր խորհուրդը, նշեցին 70 տարուան խորհրդայնացման սեւ օրերը, հասնելով մինչեւ Հայաստանի վերանկախացումը, յիշեցին այսօրուան Սուրիոյ իրավիճակը եւ վեր առին Գանատա-Հայաստան մերձեցման կարեւորութիւնը:
Ապա շնորհաւորական ու քաջալերական խօսքեր փոխանցեցին Jack Heath, Paul Calandra եւ John McCallum: Քաղաքական երեք այրերը անխտիր անդրադարձան Մեծն Թորոնթօ շրջանի Հայ Գաղութի ժրաջան աշխատանքին, վեր առնելով 19 ապրիլ 2015ի Միասնութեան Քայլարշաւը:
Ապա, Թորոնթոյի Հայ Դատի Յանձնախումբին անունով, հանդիսավարները շնորհակալութիւն յայտնեցին ներկաներուն եւ հրաւիրեցին հիւրասիրութեան:
Նշենք որ Եռագոյնը ծածանեցաւ Քաղաքապետարանի շէնքին առջեւ 23-24 մայիսի ամբողջ շաբաթավերջին: