Չորեքշաբթի 13 Մայիս 2015-ին, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Կիպրոսի իշխող՝ ՏԻՍԻ կուսակցութեան ղեկավար Ավերոֆ Նէոֆիտուի եւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան Կիպրոսի Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեանի, Հայ Դատի Յանձնախումբի Ներկայացուցիչ` Յակոբ Մանուկեանի ինչպէս նաեւ՝ ՀՄԸՄ-ՀԵՄի ատենապետ Յակոբ Գազանճեանի միջեւ:
Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ ՆԵՏԻՍԻ-ի Երիտասարդական Միութեան ներկայացուցիչը ու Ղլաֆկոս Քլիրիտիս Հիմնարկի նախագահը:
Կէս ժամ տեւող հանդիպումին ընթացքին քննուեցան Կիպրոսն ու հայութիւնը յուզող կարեւոր հարցեր, ինչպէս Եւրոխորհրդարանին մէջ քուէարկուած՝ Ցեղասպանութեան բանաձեւը, ՏԻՍԻ կուսակցութեան դերակատարութիւնըԵւրոխորհրդարանի աջակողմեան կուսակցութիւններու պլոքին մէջ եւ տարիներու վրայ երկարող՝ մեր կազմակերպութիւններու համագործակցութիւնը, որուն ճամբուն վրայ, կարելի եղած է յառաջ տանիլ մեր երկու ժողովուրդներու ազգային եւ քաղաքական խնդիրները:
Հանդիպումի աւարտին, ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեան եւ ՏԻՍԻ-ի Մամլոյ Պատասխանատու՝ Ստավրիանա Կոֆդերոս հանդիպեցան ՏԻՍԻ-ի կեդրոնը հաւաքուած՝ Կիպրոսի հեռատեսիլի կայաններու եւ տպագիրմամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ: