(Հայ Դատ – Լեհաստան) Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած Լեհաստանի Ժելոնա Կուրա քաղաքէն ետք, Լեհաստանի մեծագոյն քաղաքներէն ու հարաւային կողմը գտնուող Վրոցլավ քաղաքի մէջ ալ 18 մեթր քառակուսի տարածքով երեք հսկայ ցուցապաստառներ տեղադրուեցան քաղաքի կեդրոնական հրապարակներուն վրայ, տեղւոյն հայերու եւ ծագումով հայերու նախաձեռնութեամբ եւ ջանքերու շնորհիւ:
Այս առիթով Վրոցլավ քաղաքի կեդրոնական հրապարակին վրայ «Հանդիսանալ վկաներու վկան» վերնագրով հայկական ցեղասպանութեան նուիրուած նկարներու ու պատմական տեղեկութիւններու հերթական ցուցահանդէսի բացումը կատարուեցաւ: Այս ձեռնարկը կը հանդիսանայ Վրոցլավ քաղաքի Եժի Կրոթովսքիի (ZAR) անուան արուեստի միջազգային ինստուտի հայ մշակույթին նուիրուած բազմաբնոյթ արուեստի ծրագիրներէն ու ձեռնարկներէն մէկը:
Նոյն ժամանակ ու նկարներու ցուցահանդէսի կողքին միջազգային համբաւ վայելող Ճաբոնցի արուեստագէտ ու դերասան Daisuke Yoshimoto-ին բեմադրական անհատական արուեստի ընդմէջէն պիտի ներկայացնէ Հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան թեման, դառնալով այդ տանչանքներու ու դառնութիւններու նոյնինքն վկան:
Այս ցուցադրութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ ապրիլ ամսուայ վերջը: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նուիրուած մշակութային ու գեղարուստական ծրագիրներ մշակուած են նաեւ Լեհաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ:
Արա Սայեղ