ՓԵՐԻՆՉԷՔԻ ՀԱՐՑՈՎ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ՓԱՐԻԶի ՄԷՋ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

Ֆրանսահայ համայնքի պատուիրակութիւն մը, կազմուած` Հ.Յ.Դ. Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակի եւ Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդի ներկայացուցիչներէ, 21 Յունուարին հանդիպում ունեցաւ Փարիզի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանատան բարձրագոյն անձնակազմին հետ` Տօղու Փերինչէքի հարցով դատարանի ծանօթ որոշումին կապակցութեամբ:
Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին, հայկական պատուիրակութիւնը առաջին հերթին ընդգծեց, որ հայութիւնը, իբրեւ մէկ ամբողջութիւն` Հայաստան եւ Սփիւռք, իր բոլո՛ր հոսանքներով, միասնակա՛ն, կ’ակնկալէ, որ Պեռն իր որոշումին մէջ մնայ յանձնառու եւ հաստատակամ ու անպայման վերադատ կարգով դիմէ Եւրոպական Դատարանին, որուն իրաւունքը սահմանուած է երեք ամիս` սկսեալ 17 Դեկտեմբեր 2013-էն: Պատուիրակութիւնը շեշտեց, որ այս ակնկալութիւնը համահայկական է եւ որ Զուիցերիա պարտի համապատասխան լուրջ ու յանձնառու կեցուածք որդեգրել:
Զուիցերիական կողմը ուշադիր արձանագրեց ամբողջ հանդիպման բովանդակութիւնը` քաղաքական, իրաւական, տնտեսական իր բաժանումներով, վստահեցուց որ Պեռն ամենայն պատասխանատուութեամբ կը վերաբերի այս խնդրին` հակառակ շրջագայող այն կարծիքին, թէ Զուիցերիա հարկ եղած ծանրութեամբ չի հակազդեր Եւրոպական Դատարանի վճիռին, հաւաստելով, որ «նոյնիսկ եթէ ըստ տարաձայնութեանց` Պեռնի վրայ եղած են ուղղակի թէ անուղղակի թրքական ճնշումներ, որ ճիշդ չէ, Զուիցերիա միշտ ալ կը պահպանէ իր գերիշխանութիւնը եւ իրեն յարիր քաղաքական չէզոքութիւնը»:
Նոյն օրը, համայնքային այլ պատուիրակութիւն մը, աւելի ճիշդ` մասնագիտական պատուիրակութիւն մը, բաղկացած` իրաւաբաններէ եւ օրէնսգէտներէ, իր հերթին կ’ունենայ հանդիպում զուիցերիական միեւնոյն անձնակազմին հետ` քննարկելու այս անգամ զուտ իրաւական դաշտին վերաբերող կէտեր այս թղթածրարին առնչութեամբ:

Հ.Յ.Դ. Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակ