Հանդիպում Գանատայի խորհրդարանի անդամ Րիք Տայքսդրայի հետ

Հինգշաբթի 5 Մարտ, 2015-ին, Սենթ Գաթրինզի Հայ Դատի յանձնախումբի հրաւէրով, Սենթ Գաթրինզի Հայ Կեդրոն այցելեց Գանատայի խորհրդարանի անդամ, Սենթ Գաթրինզ քաղաքի Պահպանողական երեսփոխան Րիք Տայքսդրա։ Տայքսդրայի կ՚ընկերակցէր Սենթ Գաթրինզի Պահպանողական կուսակցութեան գրասենեակի գործավար՝ Տէյւիտ Շուլց։

Սոյն խորհրդակցական հանդիպումին ներկայ էին Սենթ Գաթրինզի ՀՅԴ «Անդրանիկ» կոմիտէի ներկայացուցիչը, Հայ Դատի եւ 100-Ամեակի զոյգ յանձնախումբերու ներկայացուցիչները, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ս. Պողօս Հայց. Առաք. Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներն ու Հայ Կեդրոնի յարկին տակ գործող բոլոր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչ անդամները։

Մօտաւորապէս 2 ժամ տեուող հանդիպման ընթացքին հրա՚ւիրեալ երեսփոխանին հետ քննարկուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին հետ առնչուող եւ Հայ Դատի վերաբերեալ շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ յառաջիկային կայանալիք Գանատայի դաշնակցային ընտրութիւնները։

Իր կարգին, Տայքսդրա իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Հայ Դատին եւ մասնաւորապէս 100-ամեակի բոլոր աշխատանքներուն։