BURBANK, Calif.—The Armenian National Committee of America, Burbank (Burbank ANCA) encourages Burbank residents to vote in the 2015 City Council and School Board Elections. The voter ballot packages are on their way this week. For those who are not yet registered to vote and want to participate in these elections, the final day to register is February 9.
The Burbank ANCA has commenced a last-chance voter registration effort, part of the local Hye Votes program, in the two weeks remaining before the deadline. Interested citizens can request forms or assistance by writing to media@ancaburbank.org or by calling the Burbank ANCA office at (818) 562-1918.
Hagop Hergelian, long-time Burbank ANCA activist asks voters to, “cast your ballots immediately upon getting them in your mailbox, since in Burbank, our municipal elections are all-mail. If you have any questions or need help in filling out your ballot, Burbank ANCA is happy to assist. Just call or e-mail us.”
The Primary Election ends on February 24th and the General Election will end on April 14th.
There are several opportunities to meet the candidates in informal events, as well as, candidate forums at Woodbury University. A full list of events can be found on the City of Burbank Elections website. Also, residents can contact the City Clerk’s office directly at 818-238-5851 or email cityclerks@burbankca.gov.
The Burbank ANCA reminds voters that for Burbank City Council, Emily Gabel-Luddy has been endorsed. For Board of Education, vote for ONLY THREE candidates, even though four have been endorsed, choose from among them: Armond Aghakhanian, Steve Ferguson, Vahe Hovanessian, and Roberta Reynolds.
The Armenian National Committee of America–Burbank advances the social, economic, cultural, and political rights of the area’s Armenian community and promotes its increased civic participation at the grassroots and public policy levels.
ANCA Urges Community to Vote in Burbank
(February 3) BURBANK, Calif.—Ballots for Burbank’s all-mail Primary Election were sent out on January 28. Most registered voters in the city have already received them by now.
The Armenian National Committee of America – Burbank (Burbank ANCA) encourages voters to complete their ballots as soon as possible. This ensures that the City Clerk’s office receives them quickly and reduces the number of people Burbank ANCA must contact. It is important that the Armenian voter turnout continues to improve in Burbank.
To vote, fill in the bubbles next to the names of the candidates endorsed by the ANCA (below). Tear off the top stub of the ballot and insert the ballot in the secrecy sleeve. Finally, put the ballot/secrecy sleeve in the envelope provided, sign the envelope, and drop it in the mail. The envelope is postage-paid, so voters do not have to put a stamp on it.
As a reminder the endorsed candidates are:
City Council: Emily Gabel-Luddy
Board of Education: Armond Aghakhanian, Steve Ferguson, Vahe Hovanessian, and Roberta Reynolds.
For Board of Education, vote for only three candidates, even though four have been endorsed.
If you have not received your ballot, contact the Burbank City Clerk’s office, 818-238-5851, and request a replacement ballot. If you encounter difficulties doing this, need help with the voting process, or have any questions, please call the Burbank ANCA at 818-562-1918 or e-mail media@ancaburbank.org.
The Armenian National Committee of America–Burbank advances the social, economic, cultural, and political rights of the area’s Armenian community and promotes its increased civic participation at the grassroots and public policy levels.
Պըրպենքի Ընտրութեանց Քուէաթղթիկները Կը Հասնին
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ այս շաբթուան ընթացքին, քաղաքապետական խորհուրդի եւ կրթական խորհուրդի ընտրութիւններու քուէաթղթիկները պիտի սկսին բնակարանները հասնելու: Անոնք, որոնք քուէարկելու համար ցարդ չեն արձանագրուած, պէտք արձանագրուին մինչեւ Փետրուար 9։
Այս մասին տեղեկութեանց համար, կապուիլ Պըրպենքի Հայ Դատին՝ media@ancaburbank.org հասցէով կամ (818) 562-1918 թիւով։
Քաղաքը որդեգրած է նամակատան միջոցաւ քուէարկութեան դրութիւնը միայն:
«Ձեր քուէաթղթիկը կարելի եղածին չափ կանուխ ղրկեցէք: Որեւէ հարցումի համար կրնաք դիմել Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբին», կը յայտնէ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի երկարամեայ գործիչ Յակոբ Հերկէլեան:
Ամբողջացուած բոլոր թղթիկները պէտք է քաղաքի քարտուղարին գրասենեակը հասնին մինչեւ Փետրուար 24, որ նախնական ընտրութեանց վերջին օրն է։
Յիշեցնենք, որ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը կը զօրակցի հետեւեալ թեկնածուներուն.
– Պըրպենքի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն՝ Էմըլի Կէյպըլ Լատի.
– Պըրպենքի կրթական խորհուրդի ընտրութիւններուն՝ Արմոնտ Աղախանեան, Սթիւ Ֆըրկըսըն, Վահէ Յովհաննէսեան եւ Ռապըրթա Ռէյնըլտզ:
Ուշադիր ըլլալ, որ կրթական խորհուրդի ընտրութիւններուն պէտք է քուէարկել միայն երեք թեկնածուներու, հակառակ անոր, որ Հայ Դատի յանձնախումբը չորս թեկնածուներու նեցուկ կը կանգնի՝ քուէարկողներուն ձգելով անոնցմէ երեքը ընտրելու որոշումը:
Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ քաղաքի հայութեան, որ մեծաթիւ մասնակցութիւն բերէ սոյն քուէարկութիւններուն:
Պըրպենքը Կը Շարժի
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
(ԱՍՊԱՐԷԶ, 4 Փետրուար) – Կլենտէյլը մեր ուշադրութեան կեդրոնը եղած է միշտ, ու համախմբուած հայութեան քաղաքական կշիռը գնահատելով այս քաղաքին մէջ՝ Հայ Դատի յանձնախումբի տեղւոյն մասնաճիւղը պիտի շարունակէ իր գործունէութեան յաւելեալ թափ տալ՝ ընդգրկելով աւելի լայն շրջանակներ, խրախուսելով հայ համայնքի մասնակցութիւնը քաղաքացիական կեանքին: Այս քաղաքին մէջ մենք արձանագրած ենք փառաւոր յաղթանակներ, բայց եւ ապրած ենք նաեւ մեծ յուսախափութիւններ, երբ ներքին պառակտումի կամ պարզապէս անտարբերութեան ու կրաւորականութեան պատճառով, մեր հաւաքական ուժը չէ յաջողած նպատակասլաց շարժումի վերածուիլ:
Հարեւան Պըրպենքը, այս ընթացքին, իր նախապատրաստական շրջանն է որ կը բոլորէր:
Պըրպենքի հայ համայնքը, թէ՛ թուական առումով եւ թէ կազմակերպուածութեամբ, բոլոր տուեալները ունի իր ներկայութիւնը զգացնել տալու տեղւոյն քաղաքական շրջանակներուն: Հայոց առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդանիստ այս քաղաքը, վերջերս նոր ոստում մը արձանագրեց, երբ շրջանը օժտուեցաւ աւելի ընդարձակ, աշխատելու, հաւաքուելու եւ գործելու լայն հնարաւորութիւններ տրամադրող կեդրոնով մը:
Բնական է, որ այս իրադարձութիւնը պիտի նպաստէր շրջանի հայ համայնքի առաւել կազմակերպուածութեան եւ բնական է, որ կազմակերպուած համայնքը նաեւ պիտի սկսէր աւելի աշխուժօրէն մասնակցելու տեղական քաղաքական կեանքին:
Մամուլով արդէն իսկ հրապարակուած են Պըրպենքի յառաջիկայ ընտրութիւններուն մէջ Հայ Դատին պաշտպանած թեկնածուներու անունները: Թղթատարով քուէարկողները արդէն իսկ ստացած պէտք է ըլլան քուէաթղթիկները: Հայ Դատի յանձնախումբը կը դիմէ հայ քուէարկողներուն՝ շտապ կարգով լրացնելու իրենց քուէաթղթիկները եւ թղթատարի ճամբով ուղարկելու նշուած հասցէին:
Յանձնախումբը կոչ կ՛ուղղէ նաեւ շրջանի հայ քաղաքացիներուն, անոնց, որոնք ցարդ չեն արձանագրուած իբրեւ քուէարկողներ, որ անպայման արձանագրուին՝ հզօրացնելու համար հայութեան ձայնը շրջանին մէջ:
Քուէարկութեան կամ արձանագրութեան գործընթացին վերաբերեալ որեւէ հարցումի պարագային, կրնաք հեռաձայնել Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակ՝ 818-562-1918 թիւով: Կրնաք նաեւ այցելել «Մարտիրոսեան» Երիտասարդական կեդրոն՝ 75 East Santa Anita Ave, Burbank:
Պըրպենքի հայութիւնը կը շարժի… կը շարժի ճի՛շդ ուղղութեամբ, քաղաքական իր ներկայութիւնը հզօրացնելու ուղղութեամբ: