Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յունաստանի Յանձնախումբի հանդիպումներն ու սատարող թեկնածուներու ցանկը

Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ, անցնող օրերուն ընթացքին, շարունակուեցան հանդիպումները յոյն քաղաքական անձնաւորութիւններուն հետ, ի տես այս Կիրակի 25 Յունուարին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Ընդհանուրին մէջ, ընդառաջուեցան այն թեկնածուներու դիմումները, որոնք հանդիպում խնդրեցին մեր հետ:
Այսպէս, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի ընկերներու հետ հանդիպում խնդրած էր Նոր Հանրապետութիւն կուսակցութեան թեկնածու Եորղոս Քումուցաքոս (նկար), որ Երկուշաբթի 19 Յունուարի երեկոյեան, այցելեց Հ.Յ.Դ. նստավայրը :
Մէկ ժամ տեւած փոխադարձ ծանօթացման հանդիպման ընթացքին, զրոյցի առարկայ դարձան հայկական գաղութի կառոյցներուն ու գործունէութեան վերաբերող հարցեր, դպրոցական-կրթական համակարգին հետ առընչուած խնդիրներ, Հայ Դատի ծիրէն ներս իրագործուող աշխատանքներ եւայլն: Պրն. Քումուցաքոսին բացատրուեցան Հայ Դատի պահանջատիրութեան հիմնական կէտերը ու անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի հակամարտութեան հարցին եւ Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ դիրքաւորումներուն:

* Շաբաթ 17 Յունուարի երեկոյեան, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբը այցելեց Սիրիզա կուսակցութեան թեկնածու Զոի Գոնսթանտոփուլու, իր գործակիցներուն հետ, հանդիպում ունենալով Հ.Յ.Դ. Արամ Մանուկեան կոմիտէի եւ Ֆիքսի միութեանց վարչութիւններու ներկայացուցչական խումբի մը հետ:
Ամփոփ գիծերու մէջ հիւրերուն պարզուեց մեր գաղութային կառոյցն ու աշխատանքներու ծիրը, յատուկ շեշտելով յունական պետութեան աջակցութեան շարունակութեան անհրաժեշտութիւնը, մեր կրթական եւ քաղաքական աշխատանքներու ծիրէն ներս:
Տիկին Գոնստանտոփուլու իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց միշտ ներկայ եւ տրամադիր գտնուելու մեր գաղութի հարցերուն կապակցութեամբ:

* Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս, Հ.Յ.Դ. Գոքինիոյ «Վարանդեան» կոմիտէի եւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամները հանդիպում ունեցան Նոր Հանրապետութիւն կուսակցութեան թեկնածու Ֆաիլոս Քրանիտիոթիսի հետ: Գաղութային մեր աշխատանքներու ծիրի ներկայացումէն ետք, խօսակցութիւն ծաւալեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի եւ Հայ Դատի պայքարի հետ կապուած հարցերու շուրջ:

* Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի կեդրոնատեղիէն ներս, հանդիպում կայացաւ Սիրիզա կուսակցութեան թեկնածու Փանաեոթիս Քուրուփլիսի հետ: Փոխադարձ ծանօթացման տեղեկութիւններէն ետք, զրոյցը կեդրոնացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի եւ գաղութային մեր աշխատանքներուն վրայ:
Քննարկումները ընդհանրապէս ընդլայնուեցան նաեւ Յունաստանի մէջ տիրող իրավիճակին անդրադարձող նիւթերու, տնտեսական վիճակին եւ յառաջիկայ ընտրութիւններուն:


25 Յունուար 2015-Յունաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու առիթով

Զօրակցինք այն թեկնածուներուն, որոնք անվերապահօրէն ընդառաջած են գաղութի կարիքներուն հասնելու մեր առաջարկներուն եւ փաստը տուած են, թէ լրջօրէն կը հետապնդեն մեր պահանջները

Կիրակի 25 Յունուար 2015ին, Յունաստանի տարածքին կազմակերպուող խորհրդարանական ընտրութիւններուն առիթով, բոլոր յոյն քաղաքացիները կոչուած են քուէատուփ առաջնորդուելու իրենց քաղաքացիական գերագոյն իրաւունքը գործադրելու համար: Յունահայ ամէն անհատ, իբրեւ գիտակից ու յանձնառու քաղաքացի, իր պարտականութիւնը պիտի կատարէ իր ընտրաշրջանին մէջ:
Երկրին համար այսքան ծանրակշիռ հանգրուանի մը ընթացքին, երբ համայն Յունաստան եւ երկրի բնակչութիւնը տնտեսական եւ ընկերային ծանրագոյն տագնապ կը դիմագրաւեն, մեր բոլորի քուէները անշուշտ ուղղուած պիտի ըլլան -ըստ մեր հայեցողութեան- ընտրելու թեկնածուներու լաւագոյն այն ներկայացուցիչները, որոնց նախկին գործունէութիւնը, կամ ապագայի խոստմնալից ընթացքը մեզ կը համոզէ, թէ ապագայի ժամանակաշրջանին մէջ, անոնք իրենց ուժերը պիտի լարեն լաւագոյնս գոհացնելու համար շրջանակի պահանջները:
Ծանօթ է թէ իբրեւ յոյն քաղաքացիներ մեր դիմագրաւած նեղութեանց վրայ, գումարուելու եկան նաեւ մեր համայնքի ազգային-միութենական կառոյցները հարուածած դժուարութիւնները, կրթական-միութենական մեր հաստատութիւններու դիմագրաւած նիւթական դժուարութիւններու սրումով կամ երկրի հարկային քաղաքականութեան ճնշումով:
Հայ համայնքի ճգնաժամային կացութիւնը դիմագրաւելու գործընթացին մէջ, հնարաւոր բոլոր պետական-քաղաքական շրջանակներուն դիմուեցաւ, ուր ընդհանրապէս բարեացակամ տրամադրութիւններով ընդունուեցան մեր պահանջները: Թեկնածուներու շարքին կան անձնաւորութիւններ, որոնք, ըստ պարագայի, միշտ նեցուկ հանդիսացած են Հայաստանին, Հայ Դատի աշխատանքներուն եւ մեր գաղութի կարիքներուն:
Յունահայութիւնը այս պարագային անհատապէս, թեկնածուի մը կամ անոր ետեւը կանգնող կուսակցութեան մը նկատմամբ քաղաքացիի իր բնական նախասիրութիւններէն անկախ, միշտ պէտք է ի մտի ունենայ ազգային մեր իւրայատուկ իրավիճակէն բխող գաղութային կարիքներն ու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ այս ուղղութեամբ տարուած բոլոր այն թեկածուներու ջանքերը, որոնք անցեալին կամ ներկայիս անվերապահօրէն ընդառաջած են գաղութի կարիքներուն հասնելու մեր առաջարկներուն եւ փաստը տուած են, թէ լրջօրէն կը հետապնդեն մեր պահանջները՝ գործնական ու շօշափելի ձեւով:
Հ. Յ. Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը, զօրակցական որպէս արտայայտութիւն, խորհրդարանական ընտրութեանց նախօրեակին, այսու կը ներկայացնէ տուեալ այն թեկնածուներու ցանկը (երկու մասով՝ Ազատ Օրի այսօրուայ եւ վաղուայ թիւերով): Վստահ ենք որ ամէն մէկ հայ քուէարկող, անկախ իր անձնական նախասիրութիւններէն, միշտ ալ կը մտաբերէ յոյն քաղաքագէտ իր բարեկամները եւ կը քուէարկէ՝ իրենց արժանի կեցուածքը նկատի ունենալով:

Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբ

ANCG 2015 elections list 1 ANCG 2015 elections list 2