(ԱԶԱՏ ՕՐ) Չորեքշաբթի 14 Յունուար 2015ի կէսօրին, Յունաստանի Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակը այցելեց Եանիս Միխելաքիս, որ Յունաստանի ներքին գործոց նախարարի պաշտօնը կը վարէր մինչեւ 25 Յունուարին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններու յայտարարումը: Նախարարին դիմաւորեցին Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Քերոբ Էքիզեան եւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի ընկերները:
Նախարար Եանիս Միխելաքիս, որ անցեալին ալ հանդիպումներ ունեցած է հայութեան հետ, վերահաստատեց իր կապը եւ հետաքրքրութիւնը մեր գաղութի կառոյցներուն հանդէպ, նախապէս ալ ծանօթ ըլլալով մեր դիմագրաւած հարցերուն մասին: Ընդհանուր զրոյց ծաւալեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի, մեր գաղութի վարչական, մշակութային, կրթական հարցերուն եւ ձեռքբերուած յաջողութեանց մասին: Պրն. նախարարը դրուատիքով արտայայտուեցաւ մեր գործունէութեան ու աշխատանքներուն մասին, իսկ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի ընկերները շնորհակալութեան խօսք ուղղեցին Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման դէմ որդեգրուած օրինագիծին կապակցութեամբ:
Պրն. նախարարի ուշադրութեան յանձնուեցաւ իր կուսակցութեան պատկանող որոշ երեսփոխաններու ազերիամէտ կեցուածքը, միջազգային ատեաններէ եւ կազմակերպութիւններէ ներս տարուած նախաձեռնութիւններով, մատնանշելով նման քայլերու հակահայ բնոյթը:
Որպէս անցեալի փորձառու լրագրող եւ խմբագիր, պրն. նախարարը առիթը ունեցաւ նաեւ այցելելու «Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը, մօտէն հետաքրքրուելով թերթի հրատարակչական աշխատանքով, թերթատելով օրաթերթի եւ հրատարակուած գիրքերու եւ օրացոյցներու նմուշները: Պրն. նախարարին նուիրուեցան գիրքեր եւ յունալեզու հրատարակութիւններ:
Մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւած այցելութիւնը անցաւ շինիչ ու գործնական մթնոլորտի մէջ: