Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը, որոշում կայացուցած է յետ այսու իւրաքանչիւր տարի, քննելէ յետոյ տուեալ տարուայ ընթացքին հայ քաղաքական կամ հասարակական կեանքէն ներս, ներդրում ունեցող անձերու արդիւնաբերութիւնն ու ձեռնհասութիւնը, հռչակէ տարուան անձնաւորութիւն, այն գործիչը որ պիտի ամբողջացնէ Յանձնախումբին կողմէ նկատի առնուելիք նախադրեալները:
2014-ին համար Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը հռչակէ տարուան անձնաւորւթիւն, Արցախի Հանրապետութեան Փոխ Վարչապետ՝ պրն. Արթուր Աղաբէկեանը, նկատի ունենալով իր ունեցած բացառիկ ներդրումը երկրի տնտեսական զարգացման, աղքատութեան դէմ պայքարին եւ նոր գործատեղիներու ապահովման համար:
Պատուոյ յուշագիրը պիտի յանձնուի պրն. Արթուր Աղաբէկեանին Ստեփանակերտի մէջ, 2015-ի Փետրուար ամսուն, յատուկ միջոցառման մը ընթացքին, բարձր հովանաւորութեամբ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ՝ պրն. Բակո Սահակեանին:
Հ.Յ.Դ. ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ