ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Հ.Յ.Դ. ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻՆ ՀԵՏ

ՀՀ Սփիւռքի նախարարուհի տիկին Հրանուշ Յակոբեանի հանդիպումը Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի հետ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի 18 Դեկտեմբերի գիշերը, ԿԿի գրասենեակէն ներս եւ տեւեց մօտ երկու ժամ։ Ներկայ էր նաեւ Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպան պրն. Գագիկ Ղալաչեանը:
ԿԿը նախարարուհիին ներկայացուց յունահայ գաղութի ներկայ պատկերը, անոր մէջ գործող կառոյցները եւ միութիւնները ու իրենց ծաւալած աշխատանքները ազգային, քաղաքական, լրատուական, բարեսիրական, մշակութային եւ մարմնակրթական բնագաւարներէն ներս։
Ներկայացուեցաւ Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներու պատկերը, ինչպէս նաեւ 100ամեակի հետ առնչուած ծրագրի մասին խօսակցութիւն տեղի ունեցաւ։ Զրոյցը ծանրացաւ Արցախեան հիմնահարցի զարգացումներուն շուրջ, ինչպէս նաեւ թուրք եւ ազերիական թափանցման փորձերուն մասին Յունաստանի մէջ, անոնց ծաւալած հակահայ քարոզչութեան հելլէն հանրային կարծիքին մօտ, որպէս լծակ ունենալով տնտեսական գործակցութեան ոլորտը։ Ներկայացուեցան ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի կատարած աշխատանքները՝ լուսաբանելու համար յունական քաղաքական եւ լրատուական շրջանակները։ Նշում կատարուեցաւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբերու խորհրդաժողովի մասին, որ տեղի ունեցաւ Աթէնքի մէջ, անցեալ ամիս։ Յատուկ նշում կատարուեցաւ յունական խորհրդարանին կողմէ Ցեղասպանութեանց ժխտողականութեան դէմ օրէնքի կիրառման, որ մեծ նշանակութիւն ունեցող քայլ մըն է հայութեան համար։ Տիկին Յակոբեան բարձր գնահատեց ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու գործունէութիւնը Սփիւռքի մէջ, կարեւորելով անոնց դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի արդար դատի հետապնդման պայքարին մէջ։
Լայն անդրադարձ կատարուեցաւ հայրենիքի ներկայ ընկերային եւ տնտեսական պայմաններուն եւ անոնց որպէս հետեւանք՝ հայրենի բնակչութեան արտահոսքի մտահոգիչ երեւոյթի մասին։ Նաեւ յատուկ կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ մէկ ուղղագրութեան կիրառման անյետաձգելի կարեւորութիւնը, որպէս շաղկապող օղակ՝ հայրենիքի ու սփիւռքի հայութեան միաւորման։
Նախարարուհին ներկայացուց Սփիւռքի նախարարութեան ծրագրերը՝ ուսուցիչներու պատրաստութեան, հայրենի լեզուի ուսմանց ամպիոններու, երիտասարդական եւ մշակութային ծրագիրներու մասին եւ երկուստեք նշուեցաւ անոնց կարեւորութիւնը, յատկապէս երիտասարդ սերունդը մայր հողին կապելու նպատակին համար։
Հանդիպումի աւարտին եղաւ նուէրներու փոխանակում։