ANCA-ER Celebrates Grassroots Activism at 8th Annual Banquet

(Armenian Weekly) NEW YORK—Armenian Americans from throughout the Eastern U.S. gathered at the Ritz Carlton New York, Battery Park on Sun., Dec. 7, in a salute to expanded grassroots activism and to honor civic, political, and community leaders who have worked tirelessly to advance the Armenian Cause.

Honorees for the evening included renowned lawyer Robert Morgenthau and the Morgenthau family, who received this year’s prestigious Armenian National Committee of America (ANCA) Eastern Region (ER) Freedom Award for their decades-long efforts to raise the public’s consciousness about the atrocities of the Armenian Genocide; and community leader and humanitarian Alice Movsesian, for her lifetime commitment to advancing the Armenian Cause in the U.S. and working tirelessly to assist victims of the 1988 Armenian earthquake.

Congressional Armenian Caucus co-chair Congressman Frank Pallone, Jr. joined the attendees at the celebration and emphasized the importance of expanding Armenian-American civic participation in states across the U.S.

Community leader and humanitarian Dr. Garo Nazarian served as master of ceremonies for the evening. His Eminence Archbishop Oshagan Choloyan opened the evening with a prayer and a message of faith. Very Reverend Father Gabriel Adde of the Syriac Orthodox Church delivered the benediction prayer.

During the course of the evening, world-renowned artist Kevork Mourad, together with the famous violinist Sami Merdinian, performed a live and exquisite “spontaneous painting” show at the banquet. Mourad showcased several of his pieces, including those he created live during the show, and the silent auction. He was joined by Berge Zobian of Gallery Z, who featured paintings by other famous Armenian artists, including Armen Vahramian, Eduard Kharpetian, and Alexander O. Grigorian.

Joining Morgethau and Movsesian in offering remarks during the evening were the Near East Foundation’s Shant Mardirossian, Esq., and Dr. Antranig Kasbarian, who introduced the evening’s honorees; James Sahakyan, who offered remarks on behalf of the ANCA Eastern Region; and Richard Sarajian, Esq., who spoke on behalf of the ARF Eastern Region Central Committee.

Armenia’s permanent representative to the United Nations, Ambassador Zohrab Mnatsakanyan, was among the honored guests joining prominent members of the Armenian community present at the gala.

Complete coverage of the ANCA-ER Banquet will be published in the Armenian Weekly in the upcoming days.


ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա.Մ.Ն.Ի ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ

(ՀԱՅՐԵՆԻՔ) Կիրակի, Դեկտեմբեր 7-ին, Նիւ Եորքի Պաթըրի Փարք շրջանի «Ռից Քարլթըն» պանդոկի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած մեծարանքի ութերորդ հանդիսութիւնը հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ:

(L-R) Hagop Der Khatchadourian, Frank Pallone Jr., Armen Sahakyan, Aram Hamparian
Ձախէն՝ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Ֆրանք Փալոն, Արմէն Սահակեան, Արամ Համբարեան

Ներկայ էին ծերակուտական Ֆրանք Փալոն (Նիւ Ճըրզի – Դեմոկրատական) Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեան, Ասորի համայնքի ներկայացուցիչ՝ Առաջնորդ Կապրիէլ Ատտէ, որոնք այս առթիւ կատարեցին յատուկ աղօթք, յայտնելով թէ նաեւ այսօր Սպիտակի երկրաշարժի 26-ամեակն է որ կը նշուի: Նաեւ ներկայ էին Մ.Ա.Կ.-ի մօտ Հայաստանի դեսպան Զօհրապ Մնացականեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի օրուան ներկայացուցիչը՝ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէէն ներկայ էին Ռիչըրտ Սարաճեան, Անդրանիկ Գասպարեան եւ Արամ Յովակիմեան:
Օրուան հանդիսավարն էր Կարօ Նազարեանը, որ ամենայն հմտութեամբ կատարեց իր պաշտօնը, մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծելով:
Ան նշեց թէ Հայ Դատի մեկնարկման, հետապնդման թուականը հին է, եւ ունի խոր արմատներ: Նազարեան նաեւ աւելցուց թէ, Հայ Դատի հետապնդման գործունէութեան ընդհանուր ծիրը եւ անոր միջոցներու որդեգրումը 1945¬ական թուականներէն արդէն իսկ որդեգրուած կացութիւն մըն է, եւ կը պահէ իր այժմէականութիւնը, միշտ ալ քայլ պահելով ներկայ պայմաններուն եւ յարափոփոխ ընթացքին հետ:
Խօսք առաւ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցի պատասխանատու տնօրէն՝ Շանթ Մարտիրոսեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց թէ թէեւ հայ ժողովուրդը ենթարկուեցաւ Ցեղասպանութեան, կորսնցուց իր համրանքին կարեւոր, շատ մեծ համեմատութիւնը, տեղահան դարձաւ իր ծննդավայրէն, իր հողատարածքը կորսնցուց եւ դարձաւ նաեւ աքսորի ենթակայ: Ան աւելցուց թէ, Ցեղասպանութիւնը դեռ նոր կատարուած էր, անոր կսկիծը, անոր ձգած վէրքը «թարմ» էր, եւ ժողովուրդը կը սգար իր հարազատներուն կորուստը, իր ինչքերուն կորուստը, իր ճակատագիրով այնքան մը ընկճուած էր, որ իրեն համար բաւարար էր աղօթել, եկեղեցի երթալ, իր կորուսեալներուն հոգիի խաղաղութեան համար հոգեհանգիստ կատարէր, նոյնիսկ գաղութային յատուկ հոլովոյթ չկար տակաւին:
«Տարիները սկսան թաւալիլ, եւ կամաց կամաց Ցեղասպանութենէն ճողոպրածները եկան այն եզրակացութեան, որ այդքան ալ ժամանակաւոր կացութիւն մը չէ ստեղծուածը, եւ մենք՝ հայերս պարտաւոր ենք, իբրեւ հայութիւն, մեր հողերէն աքսորուած հաւաքականութիւն դիմանալ, դիմադրել եւ ահաւասիկ բնականօրէն բնական է, որ իրաւազրկումներու, անարդարութիւններու ու նաեւ ազգային դառն ճակատագիրի ենթարկուած հաւաքականութիւններուն համար մէջտեղ եկաւ դատ մը՝ Հայ Դատը:
Նշենք թէ, անցեալ Նոյեմբեր 18-էն 23, Սպիտակ Տան այցելուներու սրահին մէջ, ցուցադրուեցաւ, Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցիի հովանիին տակ գտնուող, հայ որբերու կողմէ պատրաստուած եւ նուիրուած գորգը, այդ օրերու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Քալվին Քուլիճի (1923–1929), իբրեւ երախտագիտութիւն:
Այս տարուան մեծարանքի հանդիսութեան, «Ազատութեան» մրցանակ ստացաւ իրաւաբան Ռոպըրթ Մորկընթաուը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն, Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուի թոռնիկն է:
«Ազատութեան» մրցանակը կը շնորհուի այն անձերուն, որոնք ներդրում ունեցած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ամերիկահայ համայնքը յուզող միւս հարցերուն մէջ: Իսկ, Հայ Դատի աշխատանքներուն երկար տարիներ շարունակ ծառայած՝ Ալիս Մովսէսեան ստացաւ «Վահան Քարտաշեան» շքանշանը:
Այս շքանշանակիրները պատշաճօրէն ներկայացնողն էին, յաջորդաբար Շանթ Մարտիրոսեան եւ Անդրանիկ Գասպարեան: Առաջինը որ Մորկընթաուի մասին անդրադառնալով, անգամ մը եւս նշեց թէ, անցնելով իր մեծ հօր հետքերով` Ռոպըրթ Մորկընթաուը եւ անոր ընտանիքը կը շարունակեն ըլլալ Հայ Դատի հետեւողական ջատագովները` Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ընդհանրապէս բոլոր անարդարութիւններուն մասին ճշմարտութիւնը ներկայացնելով իշխանութիւններուն: Ալիս Մովսէսեանի մասին անդրադառնալով, Անդրանիկ Գասպարեան վեր առաւ, անոր անաչառ աշխատանքը:
Մորկընթաու, իր շնորհալութեան խօսքին մէջ շեշտեց թէ կարելի չէ պատկերացնել պահանջատիրութեան ուժեղացում, ծաւալում, եթէ ժողովուրդը նեցուկ չկանգնի: Ան աւելցուց թէ, կարելի չէ արդարութեան դէմ աշխատիլ եւ մոռնալ ահաւոր անցեալ մը, որուն արդիւնք կրնան այլ ցեղասպանութիւններ կրկնուիլ:
Ալիս Մովսէսեան, իր կարգին խոր շնորհակալութիւն յայտնելով, գերզգացուած, իր ստացած շքանշանէն, յայտնեց թէ Հայ Դատի աշխատանքը իւրաքանչիւր հայու գոյութեան եւ պատկանելիութեան խնդիր է եւ ինքնաբերաբար, ամէն հայորդի մասնակից պիտի դառնայ աշխատանքներուն: Ան եզրակացուց թէ, նաեւ ժողովուրդը, ուժի հիմնական աղբիւրն է, եւ այդ մասսան է որ պիտի գայ եւ Հայ Դատի աշխատանքներու հիմնական զինուորը դառնայ:
Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբի անունով, խօսք առաւ Ճէյմս Սահակեանը, որ շեշտեց թէ Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ ժողովուրդէն պիտի լսէ տեսակէտները եւ հունաւորէ իր աշխատանքը: Ան աւելցուց թէ, աշխատանքը այնքան բազմածիր է, որ իսկապէս հայ ժողովուրդէն մեծ ներդրում եւ մեծ կարողականութիւն կ՛ենթադրէ:
Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Յ.Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ՝ Ռիչըրտ Սարաճեան, յայտնեց թէ շարունակ եւ հետեւողականօրէն կը յայտարարենք Հայ Դատի համար օժանդակութեան արշաւ, Հայ Դատի նուիրահաւաք: Ան շեշտեց թէ հայորդին անվերապահ եւ ամբողջական գիտակցութեամբ կ՛ընդառաջէ այս կոչերուն, որովհետեւ հաւատացած է, որ այս մէկը գոյութեան իմաստն է, եւ ան եզրակացուց թէ, եթէ Հայ Դատի հետապնդման ընդհանուր աշխատանքներէն վայրկեան մը կանգ առնուի, բնականաբար իբրեւ հայութիւն, գործընթացը դժուար կ՛ըլլայ եւ ենթակայ մեծ մարտահրաւէրներու եւ վտանգներու: Ան աւելցուց թէ, Միացեալ Նահանգներու եւ ընդհանրապէս աշխարհասփիւռ Հայ Դատի յանձնախումբերու ծաւալուն ու անխոնջ պայքարը, նշանակալի հանգրուան մը բոլորած է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ, հակառակ ամերիկեան եւ արեւմտեան աշխարհի կառավարութիւններու, ցարդ որդեգրած խուսափողական քաղաքականութեան:
Յայտագրէն առաջ, կատարուած աճուրդի արդիւնք, գոյացաւ կոկիկ գումար մը: Նաեւ կատարուեցան նուիրատուութիւններ, որոնք փոխանցուեցան Հայ Դատի Յանձնախումբի անձեռնմխելի հիմնադրամին: Հանրածանօթ արուեստագէտ Գէորգ Մուրատ կատարեց գեղանկարչական պատրաստութիւններ: Նաեւ Պերճ Զօպեան (Gallery Z) ներկայացուց հայ արուեստագոտներու գործեր: Իսկ ջութակահար Սամի Մերտինեան հրամցուց հայկական կշռոյթով մեղեդիներ:

Թղթակից