Յունաստանի համապոնտական միութեան նախաձեռնութեամբ եւ երկօրեայ կազմակերպութեամբ, Աթէնքի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ անցնող շաբաթավերջին, նուիրուած Պոնտական մշակոյթային ժառանգութեան եւ պատմութեան:
Կլոր սեղանի զրոյցներուն ընթացքին իրենց մասնակցութիւնը բերին ծանօթ պատմագէտներ ու հետազօտողներ, ընկերաբաններ եւ ազգագրագէտներ, որոնք հմտօրէն անդրադարձան Պոնտոսի կրթութեան հարցերու, ազգագրական եւ ազգային պատկանելիութեան կամ պատմական հարցերու:
Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ քրիստոնեայ ժողովուրդներու դէմ հալածանքներուն ու ցեղասպանութեան յատկացուած բաժնին մէջ երէկ Կիրակի 22 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8-ին, ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ ընկ. Յակոբ Աւագեան, ներկայացնելով Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստն ու անդրադառնալով պատմական արդարութեան ու Հայ Դատի պահանջատիրութեան ուղղուած աշխատանքներուն: