(Գանձասար) Կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին, Հինգշաբթի 6 Նոյեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 4։30-ին Հալէպի Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան մէջ մեկնարկը կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած Հայ Դատի Լսարանին։ Լրասարանը կ՛ընդգրկէ Ցեղասպանութեան տարբեր երեսները ուսումնասիրող 13 դասախօսութիւն-զեկոյցներ։
Լսարանի առաջին զեկոյցին նիւթն էր Հայոց Ցեղասպանութեան Քաղաքական Հիմքերը։
Ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդի օգնական հոգեշնորհ Տէր Վահան Ծայրագոյն Վարդապետ Պէրպէրեան, Հայ Աւետարանական Համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, Հայ Կաթողիկէ համայնքապետ Պետրոս Արք․ Միրիաթեան, հայկական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, պատւոյ հիւրեր, երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Օրուան զեկուցաբերն էր բժիշկ Ներսէս Սարգիսեան, որ լուսարձակի տակ առաւ Հայոց Ցեղասպանութեան քաղաքական հիմքերը սկսելով հայոց պատմութեան վաղ ժամանակներէն հասնելով մինչեւ 1915՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ծրագրաւորումն ու գործադրումը։
Դասախօսութենէն ետք տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում։ Ներկաներէն շատեր հարցադրումներով հանդէս եկան եւ կարծիքներ փոխանակեցին Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն հայկական իրականութեան եւ ներկայ մեր քարոզչական աշխատանքներուն շուրջ։
Ակնառու էր լսարանի կազմակերպման բծախնդիր աշխատանքն ու երիտասարդ տարրին գործօն մասնակցութիւնը։
Մանրամասնութիւնները «Գանձասար»ի Նոյեմբեր Բ․ համարով։