ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Հակազդէ

Երէկ, Հոկտեմբեր 31ին, լիբանանեան «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի առաւօտեան յայտագիրի «Վուայաժ Վուայաժ»-ի բաժինին մէջ Ազրպէյճան այցելած հիւրեր ակնդիրներուն ներկայացուցին Ազրպէյճանի քարտես մը, որուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղը ներկայացուած էր իբրեւ Ազրպէյճանի մէկ մասը:

Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ այդ հարցով նամակ մը յղեց «Էմ.Թի.Վի.»-ին` նշելով, որ Ազրպէյճանի բռնատիրական վարչակարգին կողմէ պատրաստուած այդ քարտեսին ճամբով «Էմ.Թի.Վի.»-ի ակնդիրներուն մօտ ստեղծուեցաւ այն սխալ տպաւորութիւնը, որ Լեռնային Ղարաբաղը մաս կը կազմէ Ազրպէյճանին:

Լիբանանի Հայ դատի մարմինը պատկերասփիւռի կայանին ուշադրութեան յանձնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղը, որ Ստալինի կամայական որոշումին հիմամբ Հայաստանէն խլուելով իբրեւ ինքնավար մարզ կցուած էր Ազրպէյճանին, 1991-ին ժողովրդային հանրաքուէի ճամբով` միջազգային օրէնքներուն եւ Խորհրդային Միութեան օրէնքներուն հիմամբ հռչակեց իր անկախութիւնը:

Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նաեւ յիշեցուց, որ «Էմ.Թի.Վի.»-էն խումբ մը` գլխաւորութեամբ Ժոել Քոզէյլիի, 21-28 ապրիլ 2012-ին այցելեց Հայաստան ու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն եւ այդ առիթով պատրաստեց վաւերագրական ժապաւէն մը, որ սփռուեցաւ «Էմ.Թի.Վի.»-էն` աւելցնելով, որ ժապաւէնը կը ներառէր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ հարցազրոյց մը, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի մէկ ստորաբաժանում այցելութիւն եւ զինուորներու հետ հարցազրոյց:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը յայտագիրի պատասխանատուներուն յորդորեց անդրադառնալ եւ լոյս սփռել այս հարցին վրայ:

ին