SYDNEY: The Armenian National Committee of Australia (ANC Australia) has capped off its most successful Advocacy Week to date by raising over $90,000 and its Annual Banquet, where NSW Transport Minister, the Hon. Gladys Berejiklian MP was handed the “Armenian-Australian Community’s Friend of the Year” Award.
ANC Australia was joined by Giro Manoyan, International Executive Director of the Armenian National Committee, this year, and held a series of events in Sydney, Canberra and Melbourne to mark the 2014 Advocacy Week.
Advocacy Week included two intensive days in Canberra meeting with Federal Members of Parliament to discuss a wide range of issues including recognition of the Armenian Genocide, the threat posed by ISIS to the Armenian and other minority communities in the Middle East, as well as other issues of importance to the Armenian-Australian community.
In addition to the largest number of meetings held to date, ANC Australia facilitated the book launch of “An Inconvenient Genocide: Who now remembers the Armenians?” written by leading human rights lawyer and former United Nations Judge, Geoffrey Robertson QC, which was held at the National Press Club in Canberra.
At the conclusion of the National Press Club event, John Alexander MP and the Parliamentary Friends of Armenia held an invitation only event at Parliament House, where Robertson presented his book to a large number of gathered guests (CLICK HERE FOR PRESS CLUB COVERAGE).
Robertson also held numerous interviews on the Armenian Genocide on leading Australian programs including, Lateline, The Drum and Sky News. He was also a panelist on ABC’s Q&A, where ANC Australia’s Executive Director, Vache Kahramanian, asked the panel on live TV why Australia should join in the international recognition of the Armenian Genocide (CLICK HERE FOR PRESS COVERAGE VIDEOS AND LINKS).
ANC Australia, in conjunction with the Armenian Youth Federation of Australia (Australia), held a Panel Discussion featuring Manoyan at the Stamford Grand Hotel in Sydney. Manoyan also held a Lecture in Melbourne (CLICK HERE FOR COVERAGE OF PANEL AND LECTURE).
ANC Australia capped of its most successful Advocacy Week to date by raising over $90,000 at its Annual Banquet. A spectacular showcase of achievements were put on display along with live entertainment by the Hamazkaine Armenian Sydney Dance Company. Manoyan was the keynote speaker at this event.
In his keynote address, Manoyan remarked: “To the Australian government, we say: it is time to stop outsourcing Armenian Genocide policy to Turkey, and – in the interest of regional stability and in defence of human rights – to support a truthful and just resolution of this crime.”
He added: “Last but not least, this complicity in Turkey’s denial is a demoralising blow to those non-Armenian members of society in Turkey who, sometimes at great risks, recognise and commemorate the Armenian Genocide.”
At the conclusion of the Banquet, Gladys Berejiklian was honoured for her years of tireless efforts supporting the Armenian-Australian community with the coveted “Armenian-Australian Community’s Friend of the Year” Award.
CLICK HERE TO SEE THE ANC AUSTRALIA ANNUAL BANQUET PHOTO GALLERY ON FACEBOOK
Ցեղասպանութեան 100 ամեակը մեր աշխատանքի վերջին հանգրուանը չէ այլ մեկնակէտը
Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի Պահանջատիրական Շաբաթ
(armenia.com.au) «Ցեղասպանութեան 100 ամեակի սեմին Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած պահանջատիրական շաբաթը եկաւ անգամ մը եւս հաստատելու յանձնախումբին գրաւած իւրայատուկ տեղը Հայ Դատի աշխատանքներուն քարտէսին վրա»:
Ահաւասիկ այս բառերով արժեւորեց ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու ընկեր Կիրօ Մանոյեան Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին դիրքն ու պատնէշի վրայ անոր տարած աշխատանքները:
Այս յատկանշական թուականին իւրայատուկ էր Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի կատարած աշխատանքները: 2014 թուականին պահանջատիրական շաբթուայ աշխատանքները սկսան Երկուշաբթի 13 Հոկտեմբեր 2014ին: Սոյն թուականէն սկսեալ Հայ Դատի յանձնախումբին եւ ՀՅԴաշնակցութեան Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան Քաղաքական Յանձնախումբի անդամները շաբթուայ մը ընթացքին հանդիպումներ ունեցան Նիու Սաութ Ուէլզ նահանգի խորհրդարանի անդամներուն եւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ: Սոյն հանդիպումներու ընթացքին անոնք խորհրդարանականներուն բացատրեցին Ցեղասպանութեան իրաւական հիմունքներուն մասին, շեշտեցին ԼՂՀ անկախութեան միջազգային ճանաչում ստանալու կարեւորութիւնն ու խօսեցան Ցեղասպանութեան 100 ամեակին առընչուող նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին: Նոյն շաբթուայ ընթացքին Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան անդամները թռուցիկներ բաժնեցին Սիտնիի գլխաւոր հրապարակներէն մէկուն վրայ:
Երկուշաբթի 20 Հոկտեմբերին Պահանջատիրական Շաբաթուայ աշխատանքներէն մեծ բաժին մը կեդրոնացած էր Աւստրալիոյ մայրաքաղաք Քանպէրայի մէջ: Երկրրորդ շաբթուայ միջոցառումներուն ու քարոզչական աշխատանքներուն ներկայ էր նաեւ գաղութս գործիչային առաքելութեամբ այցելած ՀՅԴ Բւիրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի տնօրէն ընկեր Կիրօ Մանոյեանը:
Յատկանշական էր Երեքշաբթի 21 Հոկտեմբերի միջազգային հարցերու իրաւաբան Ճէֆրի Ռոպէրթսնի “An Inconvenient Genocide” գիրքի շնորահանդէսը որ տեղի ունեցաւ National Press Club-էն ներս: Ռպէրթսըն իր խօսքին մէջ յայտնեց թէ 1915-ին տեղի ունեցած ոճրագործութիւնները ցեղասպանութիւն էր եւ պէտք է ամբողջ աշխարհը ընդունի այդ մէկը: «Իբր Աւստրալիացի ամօթ կը զգամ երբ տեսնեմ իմ երկրիս արտաքին գործոց նախարարը պաշտօնական նամակով կը հերքէ ցեղասպանութեան իրողութիւնը» ըսաւ Ռոպէրթսն: Իր խօսքի աւարտին Ռոպէրթսըն երկու կոչ ուղեց: Առաջինը՝ ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամային եւ Աւստրալիոյ վարչապետ Թօնի Ապոթին, որպէսզի սկսին յարգել այլեւս իրենց տուած խոստումները եւ պետականօրէն ընդունին ու ճանչնան 1915-ին Հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը թուրք բարբարոսներու ձեռքով: Անոնք նախքան իրենց պաշտօնները ստանցնելը յաճախ յիշած էին իրենց ուղերցներուն մէջ թէ 1915 ին պատահած դէպքերը Ցեղասպանութիւն էր սակայն անոնց դիրքորոշումը փոխուեցաւ երբ երկրի ղեկավարներ դարձան: Իսկ երկորդ կոչը Ռոպէրթսըն ուղղեց Աւստրալիոյ խորհրդարանի անդամներուն եւ անոնցմէ պահանջեց 2015 թուականին Ապրիլ 24ին այցելել Երեւան նախքան Կալիփոլի (Թուրքիա) իրենց այցելութիւնը: Նոյն օրը Աւստրալիոյ խորհրդարանի Հայ բարեկամութեան խմբակի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը խորհրդարանի սրահէն ներս որուն ներկայ էին աւելի քան երկու տասնեակ մը խորհրդարանի անդամներ եւ կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: Ընդունելութեան ընթացքին անգամ մը եւս խօսք առաւ իրաւաբան Ճէֆրի Ռոպէրթսըն եւ խորհրդարանականներուն խօսեցաւ իր գիրքի պատրաստութեան աշխատանքներուն մասին ինչպէս նաեւ բացատրեց Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին Աւստրալիոյ զինուորներու ցուցաբերած օժանդակութիւններուն մասին: Վերոյիշեալ զոյգ ձեռնարկներուն Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներուն կողքին նաեւ ներկայ էին Հայ համայնքի Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներու առաջնորդները:
Չորեքշաբթի 22 Հոկտեմբեր 2014ին Հայ Դատի յանձնախումբը ընկեր Կիրօ Մանոյեանի հետ միասին հանդիպումեր ունեցան Աւստրալիոյ դաշնակցային կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եւ բազմաթիւ խորհրդարանականներու հետ: Նոյն օրը գիշերը կազմակերպութեամբ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի Մելպուրնի մասնաճիւղին Մելպուրնի Հայ Կեդրոնէն ներս ընկեր Կիրօ Մանոյեան դասախօսեց Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ իրավիճակին եւ շրջանը դիմագրաւող զանազան հարցերու մասին:
Սիտնիի մէջ Հինգշաբթի 23 Հոկտեմբեր 2014ի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան տեղի ունեցաւ կլոր սեղան մը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի տնօրէն ընկեր Կիրօ Մանոյեան, Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն ընկեր Վաչէ Գահրամանեան, Աւստրալիոյ Արմենիա Մետիա ընկերակցութեան խնամակալ կազմի ատենապետ ընկեր Քայլար Միքայէլեան եւ Աւստրալահայ հրապարակագիր ընկեր Վարանդ Մկրտիչեան: Հանրային լսարանի ընթացքին խօսուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային իրավիճակի մասին: Ինչպէս նաեւ խօսուեցաւ Ցեղասպանութեան աշխատանքները դէպի պահանջատիրութիւն ուղղելու կարեւորութեան մասին:
Ուրբաթ 24 Հոկտեմբեր 2014ին Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները ընկեր Կիրօ Մանոյեանի հետ միասին հանդիպումներ ունեցան Նիու Սաութ Ուէլզ նահանգի խորհրդարանի անդամներու եւ կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ:
Պահանջատիրական Շաբթուայ եզրափակիչ հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի 26 Հոկտեմբեր 2014ին Miramar Gardens շքեղ ընդունասրահէն ներս ներկայութեամբ աւելի քան 250 հայորդիներու, խորհրդարանի անդամներու եւ կառավարական զանազան գրասենեակներու ներկայացուցիչներու:
Հանդիսութեան ընթացքին խօսք արաւ Նիու Սաութ Ուէլզ նահանգի խորհրդարանի մէջ Ցեղասպանութեան բանաձեւի ռահվիրայ Պրն Ֆրէտ Նայլ, որ բարձր գնահատեց Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքները եւ խոստացաւ իր խղճի ձայնին հետեւելով շարունակել ցեղասպանութեան պահանջատիրական աշխատանքներուն նկատմամբ իր զօրակցութինն ու օժանդակութիւնը չխնայել: Խօսք արաւ նաեւ խորհրդարանի անդամ Ճօնաթըն Օտէյ որ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց կարելի եղած չափով օժանդակել Հայ Դատի Յանձնախումբին իրականանցելու անոր նախատեսած բոլոր ծրագիրները:
Ձեռնարկի ընթացքին յաջորդաբար խօսք արին Հայ Դատի Յանձնախումբի յարաբերական բաժնի պատասխանատուներ Ընկերներ՝ Հայկ Գայսէրեան եւ Սթիվըն Ապուլաքեան, որոնք ներկաներուն զեկուցեցին յարաբերական գետնի վրայ յանձնախումբի տարած լայնածաւալ աշխատանքներուն մասին:
Յայտագրի ընթացքին բեմ հրաւիրուեցաւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնխումբի գործադիր տնօրէն ընկեր Վաչէ Գահրամանեան: Ընկերը ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց ցեղասպանութեան 100 ամեակի սեմին Հայ Դատի Յանձնախումբին տարած աշխատանքները: Ան իր խորհին շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլոր ներկաներուն որոնք եւ՝ բարոյական եւ՝ նիւթական պէտք եղած բոլոր օժանդակութիւնն ու զօրակցութիւնը ցուցաբերեցին յանուն Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքներուն յաջողութեան: Ընկեր Գահրամանեան Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բարերարներուն որոնք յարատեւ համախմբուած են եւ թեւ ու թիկունք կանգնած են այս սուրբ աշխատանքնին: Ընկերը իր խօսքի աւարտին խոստացաւ շարունակել իր ժրաջան աշխատանքը, որպէսզի 2015 թուականին արժանավայել ձեւով յիշատակուի Հայ ժողովուրդի 1,5 միլիոն անմեղ զոհերու անմահ յիշատակը:
Այս տարի Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի «Տարուայ Բարեկամ» պարգեւատրումին արժանացաւ Նիու Սաութ Ուէլզ նահանգի փոխադրամիջոցներու նախարար եւ խորհրդարանի անդամ՝ Հայազգի Օր.Կլատիս Պէրէճիքլեան: Նախարար Պէրէճիքլեան խոնարհաբար ընդունեց սոյն պարգեւատրումը եւ յուզումնախառն ու մանաւանդ Հայերէն լեզուով արտասանուած իր բառերով ան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ անոր աշխատանքներուն մաղթեց բազում յաջողութին: Ան իր խօսքին մէջ նշեց թէ վստահաբար այսօրուան ժրաջան ու հայրենասէր ազգային երիտասարդներէն մի քանին ապագային իր փոխանորդները պիտի դառնան Աւստրալիոյ քաղաքական դաշտին վրայ:
Հանդիսավար Օր Կարինէ Թորոսեան բեմ հրաւիրեց օրուայ բանախօս ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի տնօրէն ընկեր Կիրօ Մանոյեան: Ընկեր Մանոյեան իր խօսքին մէջ ըսաւ «Լսել Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին աշխատանքներուն մասին տարբեր բան է եւ ուղակի տեսնել այդ աշխատանքը տարբեր բան է: Իսկապէս հիացմունքով կը դիտեմ մայր Հայրենիքէն հազարաւոր մղոններ հեռու երիտասարդ ուժերով զինուած այս երիտասարդ գաղութի հայապահպանման առումով տարած աշխատանքները ընդհարապէս եւ Հայ Դատի առումով տարուած աշխատանքները յատկապէս»: Անդրադառնալով Ցեղասպանութեան 100 ամեակին ընկեր Մանոյեան ըսաւ «100 ամեակը մեր աշխատանքի վերջին հանգրուանը չէ այլ մեկնակէտը պիտի ըլլայ ուր պիտի տոգորուի Հայ ժողովուրդի կամքը եւ կենսունակութեամբ պիտի շարունակէ պահանջատիրական սուրբ աշխատանքը»:
Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցած սրտափուխ նուիրատուութիւններու գումարը գաղութի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հասաւ աւելի քան 90,000 Աւստրալիական տոլար: