(ՀՈՐԻԶՈՆ) Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը, Գանատայի թրքական դեսպանատունը կը քննադատէ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի համացանցային կայքէջի Հոկտեմբեր 10-ի թիւին մէջ հրապարակուած լրատուութիւնը։
Նշենք, որ Հոկտեմբեր 9-ին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Օթթաուայի մամլոյ ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Գանատա-Հայաստան բարեկամութեան խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահ Հարոլտ Ալպրէխթ եւ խորհրդարանի անդամ Հելէն Լավերտլէր դատապարտեցին Տէր Զօրի Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած եկեղեցւոյ ռմբահարումը: Ասուլիսին ներկայ էին նաեւ Գանատայի թեմի Առաջնորդ Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան եւ Բերիոյ թեմի նախկին Առաջնորդ Սուրէն Արք. Գաթարոյեան:
Հաղորդագրութեան մէջ թուրք դեսպանը կ՚ըսէ. «Թրքական դեսպանատունը հիմնովին կը մերժէ Հայկական Ազգային Խորհուրդի («Հ.» կ՚ակնարէ Հայ Դատի յանձնախումբին) եւ Գանատայի խորհրդարանի անդամ Հարըլտ Ալպրէխթի կողմէ կատարուած այն ամբաստանութիւնը, ուր կ՚ըսուի, թէ «Իսլամական Պետութեան» (ISIL) զինեալները որոնք ռմբահարեցին Տէր Զօրի հայկական եկեղեցին Սուրիա ներթափանցած են թրքական կառավարութեան անմիջական օժանդակութեամբ։ Կը մերժենք նաեւ լրատուութեան մէջ տեղ գտած 1915-ի դէպքերուն մասին Թուրքիոյ ուղղուած անհիմն ամբաստանութիւնները»։
Հաղորդագրութեան մէջ դեսպանը յատկապէս շեշտը կը դնէ այն իրողութեան վրայ, որ Թուրքիան կը հիւրընկալէ 1.5 միլիոն սուրիացի գաղթականներ եւ թէ Թուրքիան մարդասիրական իր օժանդակութիւնը առանց խտրութեան կը տրամադրէ բոլոր ազգային փոքրամասնական հատուածներուն, ըլլան անոնք արաբ, քիւրտ, եզիտի, թիւրքմէն, սիւննի, շիա, քրիստոնեայ կամ իսլամ։