Nagorno Karabakh Republic – Artsakh National Assembly Speaker Ashot Ghulian Visits EAFJD Offices‏

Brussels, 16 October, 2014: Nagorno Karabakh Republic – Artsakh National Assembly Speaker, Mr. Ashot Ghulyan paid a visit the European Armenian Federation for Justice and Democracy (EAFJD) offices today, and held a meeting with representatives from ARF – Dashnaktsutyun (Belgium), Armenian National Committee of Belgium, Hamazkayin Cultural Association, Homenetmen Athletics Union, Armenian Youth Federation, Armenian Relief Society and EAFJD. Present were Armenian Relief Society (ARS) Central Board Chairwoman Vicky Marachelian, and Board Member Liza Avakian, as well as Anna Astvatsaturain Turcotte, author of “Nowhere, A Story of Exile”. Mr. Ghulian was accompanied by diplomats Armine Aleksanyan and Vardan Barseghian.

In the meeting which lasted around two hours, Mr Ghulian explained in detail the current challenges facing the Republic of Nagorno Karabakh, as well as the achievements and progress made in the last 20 years in state-building, democracy and economy.

The representatives of Armenian organisations in Belgium reaffirmed their commitment of always being on the forefronts in helping Armenia and Artsakh, to ensure the security and progress of both Republics, while Mr. Ghulian stressed the unbreakable ties of Armenia – Artsakh – Diaspora.

At the end of the meeting, Mr. Ghulian honored EAFJD President Mr. Karampetian with the medal of 25 years of the Karabakh movement, for his efforts in independent Artsakh’s international recognition.

Note, that the President of the National Assembly of the Nagorno Karabakh Republic – Artsakh is in Brussels to partake in some events organised durign the “Artsakh month”, which include the presentation of “Nowhere, A Story of Exile” in the European Parliament, and the celebration in the European Parliament, for the first time, of the independence of Artskah. Later in the month, the internationally acclaimed movie “Tevanik” will be screened in Europe, in the presence of director Jivan Avetisyan.

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահ Աշոտ Ղուլեանի այցելութիւնը Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակ‏

Պրիւքսել, 16 հոկտեմբեր, 2014.- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Պարոն Աշոտ Ղուլեան այցելեց Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը, եւ հանդիպում մը ունեցաւ Պելճիքայի ՀՅԴ կոմիտէութեան, Հայ Դատի յանձնախումբի, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի, Երիտասարդական միութեան եւ ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչներուն եւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի ներկայացուցիչներու հետ: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի, Վիքի Մարաշլեան, կեդրոնական վարչութեան անդամ Լիզա Աւագեան, եւ «Ոչ մէկ տեղ. աքսորի պատմութիւն» (Nowhere, A Story of Exile) գիրքի հեղինակ, Աննա Աստուածատրեան: Պարոն Աշոտ Ղուլեանին կ’ընկերակցէին դիւանագէտներ Արմինէ Ալեքսանեան եւ Վարդան Բարսեղեան:

Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին Աշոտ Ղուլեան մանրամասնօրէն ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայիս դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ վեր առաւ պետականաշինութեան, ժողովրդավարութեան եւ տնտեսութեան զարգացման ոլորտներուն մէջ Արցախի վերջին 20 տարիներու արձանագրած զարգացումը:

Պելճիքայի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները վերստին հաստատեցին իրենց պատրաստակամութիւնը մի’շտ պատնէշի վրայ գտնուելու Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնն ու բարգաւաճումը ապահովելու համար, իսկ պարոն Ղուլեան անքակտելի համարեց Հայաստան – Արցախ – Սփիւռք եռամիասնութիւնը:

Հանդիպման աւարտին, պարոն Աշոտ Ղուլեան Արցախեան շարժման 25-ամեակի յուշանուէր – մետալը յանձնեց Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանին՝ Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման համար իր տարած աշխատանքին համար:

Նշենք, որ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահը Պրիւքսել կը գտնուի մասնակցելու համար «Ացախի ամիս» ձեռնակներու շարքէն մի քանի հատին՝ Աննա Աստուածատրեանի գիրքի ներկայացման, ինչպէս նաեւ առաջին անգամ ըլլալով՝ Եւրոխորհրդարանէն ներս Արցախի անկախութեան 23-րդ ամեակին նուիրուած հիւրասիրութեան: Աւելի ուշ Եւրոպայի տարածքին պիտի ցուցադրուի «Թեւանիկ» ժապաւէնը, բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի ներկայութեամբ: