Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովէն ներս Ղարաբաղի մասին բանաձեւի նախագիծի գծով
Հինգշաբթի 18 Սեպտեմբերի կ.ետք ժամը 1ին, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը, հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոպայի Խորհուրդի Քաղաքական հարցերու յաձնաժողովի նախագահ, Յունաստանի խորհրդարանի անդամ Տորա Պաքոեանիի հետ, Աթէնքի իր գրասենեակէն ներս:
Պատուիրակութեան մաս կազմեցին Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Քերոբ Էքիզեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Յանձնախումբ ատենապետ ընկ. Յակոբ Աւագեան եւ անդամուհի ընկ. Թալին Մարտիկեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկ. Գէորգ Աւագեան եւ «Ազատ Օր»ի խմբագիր ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան:
Հանդիպումը կայացաւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովէն ներս, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան առընչուած Տորա Պաքոեանիի հեղինակութեամբ ներկայացուած բանաձեւի նախագիծին առիթով:
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, տուեալ նախագիծը փոփոխութեան ենթարկած էր, Յունիս 24ին, ազերի Էլխան Սիւլէյմանովի կողմէ «Ատրպէյճանի տարածքներու զինուորական գրաւման մասին Հայաստանի կողմէ» խորագրով նախագիծը, որ Յունիս 25ին Տորա Պաքոեանիի եւ 22 այլ խորհրդարանականներու ստորագրութեամբ ներկայացուեցաւ քննարկման՝ «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը» խորագրով:
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի պատուիրակութիւնը Տորա Պաքոեանիի ուշադրութեան յանձնեց Ատրպէյճանի յարձակողապաշտութեան վերջին եղելութիւնները, որ լուրջ վտանգ եւ անկայունութիւն ստեղծեցին տարածաշրջանէն ներս, գրգռելով լարուածութիւնը եւ երիտասարդ անմեղ զոհեր պատճառելով: Շեշտուեցաւ Ատրպէյճանի սանձարձակ սպառազինութեան պարագան, որ մեծածաւալ միջոցներու յատկացումով՝ ուժի կիրառումի կը դիմէ, անտեսելով հրադադարի համաձայնութիւնները եւ խափանելով խաղաղութեան գործընթացը:
Յաւելեալ, շեշտուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ինքնորոշման կենսական իրաւունքը, ինչպէս կը յարգուին մարդկային իրաւունքները եւ ժողովրդավարական ազատութիւնները որեւէ այլ երկրի մէջ:
Տիկին Պաքոեանի հաւաստիացուց պատուիրակութիւնը իր հայանպաստ կեցուածքներուն մասին, շեշտելով թէ ինք երկար տարիներու փորձառութեամբ, միշտ մօտէն հետեւած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցին, բնակչութեան կեանքի պայմաններու բարելաւման ի նպաստ ճիգեր գործադրելով եւ գործօն դերակատարութիւն վերցնելով, որպէսզի ընդունելի լուծումի առաջնորդուի հարցը:
Ան յայտնեց, թէ բանաձեւի նախագիծը որ ներկայացուած է Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի ծիրէն ներս, յաւելեալ աշխուժութիւն կը պարտադրէ, ի տես՝ լրիւ ու անկողմնակալ զեկոյցի մը պատրաստութեան:
Ծաւալած խօսակցութեան ընթացքին Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամները մատնանշեցին Մինսկի խումբի միջնորդական դերակատարութեան պարագան եւ այդ ձեւաչափին մէջ մնալու անհրաժեշտութիւնը։
Հանդիպման աւարտին, քննարկուեցաւ Եւրոպայի Խորհուրդէն ներս հայկական պատուիրակութեան հետ սերտօրէն համագործակցելու անհրաժեշտութիւնը։
Նկար – Ձախէն՝ Յակոբ Աւագեան, Թալին Մարտիկեան, Տորա Պաքոեաննի, Քերոփ Էքիզեան, Գէորգ Աւագեան