Հայկական ցեղասպանութեան մերժումին դէմ՝ Պատմաքաղաքական կարեւոր բանաձեւ ընդունուեցաւ Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ
Հելլէն խորհրդարանը, իր վճռական ու արդար որոշումով,
երրորդ երկիրը կը հանդիսանայ, ուր նման բանաձեւ կ’ընդունուի
(ԱԶԱՏ ՕՐ) Հելլէն խորհրդարանը երէկ Երեքշաբթի 9 Սեպտեմբեր 2014ին, վաւերացուց Յունաստանի կողմէ ճանչցուած ցեղասպանութիւններու, ներառեալ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող բանաձեւ։ Խտրականութեան, օտարատեացութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ օրէնքին քննարկումը բաւական հանգրուաններէ անցաւ, երբ մօտ տարի մը առաջ Յունաստանի խորհրդարանի օրակարգին բերուեցաւ։ Տարբեր յաւելումներէ, բարեփոխումներէ, հրապարակային քննարկումներէ եւ լսումներէ ետք, երէկ գիշեր, անուանական քուէարկում տեղի ունեցաւ հելլէն խորհրդարանի ամառնային Գ. նստաշրջանի խորհրդարանականներու մասնակցութեամբ, դրական արդիւնքի հասնելով։ Ներկայ եղող 99 երեսփոխաններու վրայ՝ բանաձեւին ի նպաստ քուէարկեցին 54 երեսփոխաններ, դէմ եղան 42 եւ ձեռնպահ մնացին 3։
Օրինագիծի թիւ 2 յօդուածին մէջ յստակ նշում կայ, թէ քրէական յանցագործութիւն պիտի նկատուի եւ ազատազրկման ու տուգանքներու ենթակայ պիտի ըլլայ՝ միջազգային ատեաններու կամ երկրի խորհրդարանին կողմէ ճանչցուած ցեղասպանութիւնները հերքող, կամ հեգնող, կամ այդ գծով նուաստացուցիչ արտայայտութիւններ ունեցող ոեւէ անձ։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբ.
«Ճիշդ եւ արդար քայլ Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ»
Օրինագիծի քննարկման նախորդող ժամանակաշրջանին, խորհրդարանէն ներս կայացած լսումներուն եւ քննարկումներուն իր մասնակցութիւնը բերած էր Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը, պահանջելով Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման պարագային քրէական յանցագործութեան դրոյթի կիրարկումը եւ պարզելով հայութեան դիրքորոշումը։ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբը կրկնապատկեց իր ճիգերը, հանդիպումներ կատարելով երեսփոխաններու հետ, ինչպէս եւ համագործակցելով պոնտական եւ Փոքր Ասիական կազմակերպութիւններուն հետ, շեշտելով թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ, Ցեղասպանութեան մերժումը քրէականացնող օրինագիծի մը ընդունումը ճիշդ եւ արդար քայլ է հելլէն խորհրդարանին ու պետութեան կողմէ։ Յաւելեալ՝ հելլէն խորհրդարանի նման կեցուածք, Յունաստանը յետ այսու կը դասէ այն երկիրներու շարքին, ուր Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէօրէն պատժելի պիտի ըլլայ։
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Յակոբ Աւագեան, դիտել կուտայ թէ Յունաստան փաստօրէն երրորդ երկիրն է, ուր նման բանաձեւ կ’ընդունուի։
Նշենք, թէ նախապէս կայացած նման վճիռ կայ Զուիցերիոյ ու Սլովաքիոյ մէջ, իսկ նման փորձեր այլ երկիրներու մէջ միշտ ալ հանդիպած են Թուրքիոյ խիստ հակադարձութեան։ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբը կ’ողջունէ յոյն խորհրդարանականներու վճռական կեցուածն ու որոշումը, որ բարոյական քայլ մըն է՝ պատմական արդարութիւնը վերականգնելու անհրաժեշտութենէն մղուած։